2009-06-13 12:58:45

Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետին գործունէութիւնը


Շաբաթ 13 Յունիս 2009, Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետը յաջորդաբար ընդունեց, Գերապայծառ Նիքոլա Էդերովիչ` ընդհանուր քարտուղարը եպիսկոպոսական սիւնոդոսին,

Վենեզուլլայի եպիսկոպոսական համահաւաք դասէն խումբ մը եպիսկոպոսներ` եկած կատարելու իրենց հնգամեայ կանոնական այցը Ս. Պետրոսի յաջորդին,եւ

"Centesimus Annus Pro Pontifice" կոչուած՝ հիմնադրամի շուրջ 300 անդամները։

Անոնց ուղղած ճառին մէջ, Սրբազան Քահանայապետը ի մէջ այլոց ըսաւ.

՜՜Մեր այս հանդիպումը յատուկ նշանակութիւն եւ արժէք կը ստանայ այսօրուայ մարդկութեան ապրած տնտեսական ու ֆինասնսական տագնապի լոյսով։ Մաղթանքս է որ ձեր տարած աշխատանքը, ներշնչուած՝ Աւետարանի սկզբունքներէն, աշխատասիրէ տնտեսական արդի տեսութիւն մը որ կը յարգէ թերաճ երկիրներու կարիքներն ու իրաւունքները՝՝։

Ապա Սրբազան հայրը յայտնեց թէ՝ մօտ ապագային, լոյս պիտի տեսնէ շրջաբերական թուղթը ՜՜տնտեսութեան ու աշխատանքի՝՝ նիւթին մասին։

Այդ թուղթին մէջ ի յայտ կը դրուի հետապնդելիք այն կէտնպատակները եւ պաշտպանելիք արժէքները իրականացնելու մարդկային համակեցութիւն մը, իրապէս ազատ ու զօրավիգ։ Նոյնպէս Սրբազան հայրը գնահատեց վերոյիշեալ հիմնադրամի տարած աշխատանքը ի նպաստ ''արաբական եւ իսլամական ուսմանց քահանայապետական հաստատութեան'', որուն կէտնպատակն է միջկրօնական երկխօսութեան ամրապնդումը։



Քահանայապետական նշանակում

Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը նշանակեց կարտինալ Առինձէն` վաստակաւոր կառավարիչը աստուածային պաշտամունքի ու խորհուրդներու մատակարարման, որպէս իր յատուկ նուիրակը, գլխաւորելու՝ Ասիոյ եպիսկոպոսներու խորհուրդի 9-րդ լիանիստ գումարը, որ տեղի պիտի ունենայ Փիլիփեան կղզեխումբի՝ Մանիլա մայրաքաղաքը, յառաջիկայ Օգոստոս 11-16։



Նոյնպէս Նորին Սրբութիւնը նշանակեց կարտինալ Կլէմբ՝ վաստակաւոր գահերէցը Լեհաստանի Եկեղեցւոյ եւ առաջնորդը Վարշաւայի թեմին, որպէս իր յատուկ նուիրակը նախագահելու Սուրբ Բրունոյի մահուան հազարամեակի հանդիսութիւններու, որ տեղի կ'ունենան Լեհաստանի Լոմզա եւ Ճիշգօ թեմերու մէջ Յունիս 19-21։



Մարդկային արարծներու վաճառքի դէմ պայքար`

՜՜Մարդկային արարծներու վաճառքը ԻԱ. դարուն ստրկութեան նոր եղանակ մըն է՝՝ ըսած է Օգոստինեան միաբանութեան աբբահայրը։

Գաղթականութեան միջազգային կազմակերպութեան եւ ընդհանուր աբբահայրերու միջազգային միութեան նախաձեռնութեամբ Յունիս 15-18 Վատիկանի մէջ տեղի պիտի ունենայ խորհրդաժողով մը, հետեւեալ բնանիւթով. ՜՜ Մարդկային արարծներու վաճառքի դէմ պայքար՝՝։ Մամուլին հետ ունեցած ելոյթով Օգոստինեան միաբանութեան աբբահայրը՝ Էուզեպիօ Սոլան ըսաւ. ՜՜Մարդկային արարծներու վաճառքը` 21րդ դարու ստրկութեան նոր ձեւն է՝՝։ Կրօնաւորին գնահատումով ստրկութեան այս նոր եղանակը հակառակ է անհատի արժանաւորութեան ու ազատութեան եւ ծանր բռնաբարում մըն է մարդկային հիմնական իրաւունքներուն։ Վատիկանեան Բ. Տիեզերական ժողովը նման վաճառքը սահմանած է ''ամօթալի''։ Հարկ է շատ աշխատիլ նոր սերունդի կազմաւորումին համար որպէսզի անհատը չի դառնայ վաճառքի առարկայ։ Յայտնենք թէ Եւրոպական միութեան յանձնախումբի գնահատումի տուեալներու համաձայն՝մէկ ու կէս միլիոն հոգի զոհ է այս վաճառքին։

Ասիկա երկրորդ անգամն է որ՝ Գաղթականութեան միջազգային կազմակերպութիւնը եւ ընդհանուր աբբահայրերու միջազգային միութիւնը, նման խորհրդաժողով մը կը կազմակերպեն. եւ անիկա ֆինանսաւորուած է Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու կառավարութենէն։








All the contents on this site are copyrighted ©.