2009-06-13 13:28:06

Երանելի Իգնատիոս Մալոյեան քաջ հովիւ եւ նահատակ

Շաբաթ 13 Յունիս 2009-ին տօնն է Երանելի Իգնատիոս Մալոյեանին, նահատակ 1915 ի հայոց եղեռնին։


Աւազանի անունով Շիւքրալլահ Մալոյեան ծնած էր 19 Ապրիլ 1869 ին Մարտինի մէջ. բարեպաշտ ընտանիքի զաւակ, փոքր տարիքէն կը յաճախէ տեղւոյն թեմական դպրոցը, 1883-ին օրուան վիճակաւորը Մելքոն արք. Նազարեան նկատելով փոքրիկն Մալոյեանի մէջ բարեպաշտութեան ու քահանայական կոչումի ստոյգ նշաններ զինք Լիբանան կը ղրկէ, Զմմառու Պատրիարքական Միաբանութեան նորընծայարնը ուր ան կը ստանայ բազմապիսի զարգացում եւ յատկապէս որդիական ջերմեռանդութիւն Ս. Կոյս Աստուածածնի հանդէպ։ 1888-ին առողջական վիճակին պատճառով կը հարկադրուի վերադառնալ ծննդավայր եւ երեք տարի կազդուրուելէ ետք կը վերադառնայ Զմմառ ու այնտեղ յաջողութեամբ կ՝աւարտէ փիլիսոբայական եւ աստուածաբանական ուսումները։ Կուսակրօն քահանայ կը ձեռնադրուի 6 Օգոստոս 1896 ին դառնալով նաեւ անդամ , Զմմառու Պատրիարքական Ուխտին եւ կ՝առնէ Իգնատիոս անունը ի սէր Անտիոքացի մեծ սուրբին որ Քրիստոսը քարոզեց իր արեան գնով։

Ունենալով ամուր դաստիարակութիւն եւ օրինակելի կեանք կը նշանակուի հոգեւոր հայր վանաբնակ քահանաներուն եւ նորընծաներուն։

Աղեքսանդրիոյ եւ Գահիրէի մէջ պաշտօնավարած է եւ ապա Պոլիս կանչուած որպէս ընդհանուր քարտուղար Պօղոս Պետրոս ԺԲ Սապպաղեան պատրիարքին եը կը ստանայ գերյարգելիութեան աստիճանը։ Ապա դարձեալ Աղեքսանդրիա ղրկուելով այնտեղ կը պաշտօնավարէ մինչեւ 1910 ։

Մեծաւորները զինք Մարտին քաղաքի մէջ թեմին վիճակաւոր Յուսիկ արք. Կիւլեանի հրաժարումէն ետք տարիքի բերումով գերյ. Մալոյեանին կը յանձնեն պաշտօնը վարելու՝ Թեմին ընդհ. գործակալի պաշտօնը։

1911 ին Հռոմի մէջ կայացած՝ Հայ Կաթողիկէ Նուիրապետութեան Ազգային Սիւնոդոսին ինք եւս կանչուած էր վարելու Սիւնոդոսի քարտուղարի եւ ատենապետի պաշտօնը եւ նիստերէն մէկուն ընթացքին է որ ան ընտրուեցաւ Մարտինի Թեմի արքեպիսկոպոս 22 հոկտ. 1911 ին, եւ եպիսկոպոս օծուեցաւ ձեռամբ՜ Ամեն. Պօղոս Պետրոս ԺԳ Թերզեան Պատրիարքին։ Նշենք թէ Հռոմէն Մարտին վերադարձի ճամբուն հանդիպեցաւ Զմմառու վանքը ուր մեծ պատիւներով ընդունուեցաւ իր միաբանակից եղբայրներուն կողմէ եւ երբ իրմէ խնդրեցին որ Վանքին Ոսկեմատեանին մէջ երկտող մը յուշագրէ ան այսղէս գրած էր որ .՜՜Դժբախտաբար յիշատակութեան արժանի ոչ մէկ գործ կատարած եմ ...՝՝ յիշելով իր կատարած ծառայութիւնները իր ժողովուրդին։

7 Հոկտեմբեր 2001-ին երջ. ՅՊԲ քահանայապետը Ս. Պետրոս հրապարակը խմբուած հաւատացեալներուն ու եկեղեցական ու քաղաքական բարձրաստիճան անձնաւորութիւններուն ներկայութեամբ կատարեց երանացման արարողութիւնը Մարտինի նահատակ եպիսկոպոսին։








All the contents on this site are copyrighted ©.