2009-06-13 13:29:24

Ակնարկ Մը Ազգային Ու Միջազգային Դէպքերուն։


Ակնարկ Մը Ազգային Ու Միջազգային Դէպքերուն։



ՀՅԴ Կը Համագործակցի Թէ՛ Ընդդիմադիր, Թէ՛ Իշխանական Ուժերուն Հետ։



Հայաստանի մէջ քաղաքական ուժերուն եւ գործիչներուն միջեւ համագործակցութիւնը ընդհանրապէս դժուարացած է, որովհետեւ շատ մեծ դեր կը խաղան յաւակնութիւնները: Յունիս 12ի խորհրդարանական ճեպազրոյցներու ընթացքին այսպիսի կարծիք յայտնած է ՀՅԴ խմբակցութեան ղեկավար Վահան Յովհաննիսեանը: Այնուհանդերձ, ԺառանգութիւնԿուսակցութեան առաջնորդ Րաֆֆի Յովհաննիսեանի՝ ՀՅԴի հետ միասնաբար աշխատելու եւ խորհրդակցելու կոչը, Վահան Յովհաննիսեանը համարած է ճիշդ, եւ նշած, որ անհրաժեշտ է առնուազն խորհրդարանական մակարդակի վրայ ներկայացուող նախագիծերուն շուրջ քննարկումներ իրականացնել եւ համատեղ մօտեցումներ մշակել:Իբրեւ խորհրդարանական ընդդիմութիւն, ՀՅԴ-ը բնականաբար, կարգ մը հարցերու շուրջ կը համագործակցի նաեւ խորհրդարանի իշխանական ուժերուն հետ(այտնած է Վ. Յովհաննիսեան) եւ աւելցուցած. «Իշխանութեան հետ կը համագործակցինք բոլոր այն հարցերու մասին , որոնք համահայկական նշանակութիւն ունին, եւ ուր իշխանութեան քաղաքականութիւնը, մեր գնահատականով, ճիշդ է: Բնական է, որ ե՛ւ սփիւռքի միաւորման, ե՛ւ Հայաստանի բարեկամ քաղաքական շրջանակներ ստեղծելու գործով կարող ենք մեծ դերակատարութիւն ունենալ, եւ մեր հայրենքին այդ ծառայութիւնը երբեք չենք զրկեր»: Անդրադառնալով արմատական ընդդիմութեան կողմէ հնչած՝ ««Ժառանգութիւն»ը արբանեակ կուսակցութիւն է, իսկ իշխողը Հայ Ազգային Կոնգրէսն է» յայտարարութիւններուն՝ Վ. Յովհաննիսեան ըսած է. «Արբանեակ համարել «Ժառանգութիւնը»ը ես համարում եմ առնուազն անխոհեմ, եթէ հետագայ համագործակցութեան ծրագիր ունեն։ Իսկ ես կարծում եմ, որ՝ չունեն, որովհետեւ Լեւոն Տէր Պետրոսեանը եւ նրա արբանեակները իրականում չեն կարող ոեւէ մէկի հետ համագործակցել՝ չլինելով պապայի դերում։ Իսկ նրան պապայի դերում Հայաստանի հանրապետութեան ոչ մի նորմալ քաղաքացի չի կարող տեսնել։ Այս առումով, մենք նրանց հետ այս պայմաններում ոչ խօսելու թեմա ունենք, ոչ էլ համագործակցելու ընդհանուր դաշտ»:Խօսելով Միացեալ Նահանգներու պետական բաժանմունքի յայտարարութեան մասին, ըստ որուն՝ նախագահական ընտրութիւններէն յետոյ Հայաստանի մէջ յաղթահարուած չէ քաղաքական ճգնաժամը, ՀՅԴ պատգամաւորը նշած է, որ իր կարծիքով, իշխանութիւնը բացարձակապէս անուղղելի չէ, եւ եթէ իրենք, իշխանութեան առած քայլերուն մէջ նկատեն կոպիտ սխալներ, այն ատեն կը դիմեն համապատասխան կոպիտ քայլերու:

Անորոշութիւն Հայաստանի Մէջ Ատրպէյճանցի 2 Գերիներուն Հարցով։

ՊԱՔՈՒ- Ատրպէյճանի մէջ Միջազգային Կարմիր Խաչի գրասենեակի պատասխանատուն Ուրբաթ, Յունիս 12ին յայտարարած է, թէ հայկական ուժերու կողմէ գերի առնուած ատրպէյճանցի երկու քաղաքացիները՝ Ռաֆիք Հասանով եւ Անար Հաճիեւ, ցարդ չեն բացայայտած Ատրպէյճան վերադառնալու հարցով իրենց կարծիքը:

 Ան շեշտած է, թէ գերիներուն վերադարձը կախեալ է անոնց կամքէն եւ բանակցութիւնները պիտի սկսին այն ատեն, երբ անոնք Ատրպէյճան վերադառնալու փափաք յայտնեն:

Ատրպէյճան Պաշտօնական Բողոք Ներկայացուց Ֆրանսայի Դէմ ։

Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը Ուրբաթ, Յունիս 12ին հաղորդեց, թէ նախարարութեան բարձրաստիճան պաշտօնատարներէն Ռահման Մուսթաֆայեւ Փարիզի մէջ հանդիպում մը ունեցած է Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարարութեան Եւրոպական հարցերու գրասենեակի պետ Ռոլանտ Կալարոկի հետ՝ պաշտօնապէս անոր փոխանցելու համար այս շաբթուան ընթացքին ֆրանսացի երեսփոխան Ֆրանսուա Ռոշպլուայի Ստեփանակերտ այցելութեան հարցով բողոքը: Արտաքին գործոց նախարարութիւնը շաբաթասկիզբը իր բողոքը յայտնած էր՝ պնդելով, թէ ֆրանսացի նախարարը Արցախ այցելելէ առաջ պէտք էր արտօնութիւն խնդրէր Ատրպէյճանի իշխանութիւններէն:

 








All the contents on this site are copyrighted ©.