2009-06-12 14:00:52

Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետին քարոզը Քրիստոսի Մարնոյ եւ Արեան տօնին առթիւ


Հինգշաբթի 11 Յունիս 2009-ի երեկոյեան ժամը 6.30-ին Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետը Քրիստոսի Մարմնոյ եւ Արեան տօնին առթիւ, հանդիսաւոր պատարագ մատուցեց Հռոմի Ս. Յովհաննէս Լատերանեան՝ աթոռանիստ եկեղեցւոյ հրապարակը

Ս. Գրային ընթերցումներէն ետք, Սրբազան հայրը յաւուր պատշաճի քարոզ մը արտասանեց. Նորին Սրբութիւնը իր քարոզին սկիզբը արտասանելով Յիսուսի հետեւեալ խօսքերը.՜՜Այս ի իմ Մարմինս, այս է իմ Արիւնս'' ըսաւ.

Սիրեցեալ եղբայրներ ու քոյրեր, այս խօսքերը որ Յիսուս արտասանեց ՜՜Վերջին Ընթրիքին՝՝ .՜՜Այս ի իմ Մարմինս, այս է իմ Արիւնս'' կը կրկնուին ամէն անգամ որ քահանան խորանին վրայ կը պատարագէ։

Պատարագը վերակոչումն է Քրիստոսի Զոհին։

Ս. Եփրեմ հայրապետը կը գրէ ''Վերջին ընթրիքին Յիսուս ինքզինք զոհեց, իսկ խաչին վրայ Ան ուրիշներէն զոհուեցաւ։

''Այս իմ արիւնս'' այս խօսքով Յիսուս կը ներկայացնէ ինքզինք որպէս ճշմարիտ ու վերջնական զոհ, որով կ'իրականանայ մեղքերու քաւութիւնը ու Նոր Ուխտի հաստատումը։ Այս ուղղութեամբ հրեաներուն ուղղուած թուղթին մէջ, Յիսուս կը ներկայանայ որպէս ՜՜Նոր Ուխտի՝՝ միջնորդը։ ՜՜Խաչը՝՝ կը դառնայ խորհուրդը սիրոյ եւ փրկութեան, որ կը բիւրեղացնէ մեր խիղճերը մահաբեր գործերէն` այսինքն մեղքերէն ու մեզ կը սրբացնէ շնորհիւ՝ ՜՜Նոր Ուխտի՝՝ եւ մեզ կարող կը դարձնէ Աստուծոյ հետ հաղորդակցութեան մէջ մտնելու ։

Նորին Սրբութիւնը, իր խօսքը ուղղելով՝ քահանաներուն, ըսաւ. ՜՜Քրիստոս ձեզ կանչեց վերանորոգելու իր զոհաբերումը աշխարհի փրկութեան համար։ Աստուծոյ ժողովուրդը ձեզմէ կ'ականկալէ որ ըլլաք ճշմարիտ երկրպագուները Ամենասուրբ Հաղորդութեան։ Ինչպէս կը կատարէր Ս. Յովհաննէս Վիաննէյ՝ Արսի ժողովրդապետը, որ զայն յատկապէս պիտի յիշենք (այս տարի) քահանայութեան տարւոյն ընթացքին։

Ս. Յովհաննէս Վիաննէյ, կը սիրէր իր հաւատացեալներուն կրկնել. ''Մօտեցէք եւ առէք Սրբութիւնը... ճիշտ է որ արժանի չէք, սակայն Սրբութեան կարիքը ունիք'' Հաւատացեալը գիտակից է որ արժանի չէ ՜՜Սրբութիւն՝՝ առնելու, իր մեղքերուն պատճառաւ, սակայն՝ ըսաւ Պենետիկտոս ԺԶ, մենք բոլորս ալ կարիքն ունինք սնանելու Քրիստոսի սէրէն։

Սիրելի եղբայրներ ու քոյրեր, աւելցուց Նորին Սրբութիւնը, Յիսուսէն խնդրենք որ մեր մէջ մնայ, մեզի տայ յաւիտենական հացը որպէսզի Յաւիտեան ապրինք, ազատէ այս աշխարհը մահացու չարէն, բռնութենէն եւ ատելութենէն։ Եւ Ս. Կոյս Մարիամը թող մեզ առաջնորդէ դէպի իր Միածին Որդին, որպէսզի յաւիտենական կեանքով մեզ սնուցանէ։








All the contents on this site are copyrighted ©.