2009-06-12 14:01:26

 Լուրեր հայկական կեանքէն

Հայկական ժապաւէն Քաննի փառատօնին


Այս տարի Հայաստան առաջին անգամ ըլլալով պետական մակարդակով ու առանձին տաղաւարով պիտի մասնակցի Քաննի ժապաւէններու փառատօնի ժապաւէններու շուկային, որ տեղի կունենայ 1961-էն ի վեր եւ ամէն տարի իր շուրջը կը հաւաքէ շարժապատկեր արտադրողներու նոր շարք մը՝ տարբեր երկիրներէ։

3 մ x 3մ չափով տաղաւար վարձելու համար Հայաստանի մշակոյթի նախարարութիւնը վճարած է 3500 եւրօ։ Հայաստան պիտի ներկայանայ Ազգային շարժապատկերի կեդրոնի կողմէ 2006 թուականին նկարահանուած շուրջ 2 տասնեակ ժապաւէններով, որոնց թիւին մաս պիտի կազմեն՝ Յարութիւն Խաչատրեանի ՜՜Սահման՝՝, Վիգէն Չալդրանեանի ՜՜Քրմուհի՝՝ եւ Յովհաննէս Գալստեանի ՜՜Խճճուած զուգահեռներ՝՝ գործերը։ Շարժապատկերի շուկայի հայկական տաղաւարին մէջ պիտի ցուցադրուին նաեւ՝ Հայաստանի վերաբերող գրքոյկներ, տեղեկատուական ու գովազդային նիւթեր։



Հայաստանի նուիրուած մշակոյթի օրեր ֆրանսայի մէջ

Ֆրանսայի Սենթ Մաքսիմ քաղաքը իր կազմակերպած գարնան առաջին փառատօնը նուիրեց Հայաստանին։ Փառատօնը որ սկիզբ առած էր 27 մայիսին պիտի տեւէ մինչեւ 14 յունիս։ Այա առթիւ Ս Մաքսիմի թանգարաններուն, ցուցասրահներուն, համերգասրահներուն մէջ տեղի ունեցան եւ տակաւին կը կազմակերպուին հայ գեղանկարչութեան, պատմամշակութային գանձերու, գիրքի, տարազներու, լուսանկարներու ցուցահանդէսներ, հոգեւոր եւ աշխարհիկ երաժշտութեան համերգներ, ժապաւէններու ցուցադրութիւն, դասախօսութիւններ՝ Հայաստանի անցեալին եւ ներկային մասին։

Արդարեւ, 27 մայիսին Ս Մաքսիմի քաղաքապետարանին կից սրահին մէջ տեղի ունեցաւ 19-20-րդ դարերու հայ գեղանկարիչներու ցուցահանդէսը։ Նոյն օրը քաղաքի նորակառոյց Լեւոն Քոմոն մշակութային կեդրոնին մէջ կատարուեցաւ բացումը հայկական գիրքերու, լուսանկարներու եւ տարազներու ցուցահանդէսին։ Տեղի ունեցաւ նաեւ հոգեւոր երգերու համերգ։ Փառատօնի օրերուն ելոյթ ունեցան՝ Մարսէյի Սահակ Մեսրոպ երգչախումբը, Շերամ գուսանական խումբը, Երազ պարախումբը։ Լա Տուր Կարէ թանգարանին մէջ բացուեցաւ Հայաստանի 3000-ամեայ պատմութիւնը խորագիրով ցուցահանդէսը։ Հայաստանեայց առաքելական եկեղեցւոյ մէջ մատուցուեցաւ Ս պատարագ՝ կատարողութեամբ Ֆրանսայի թեմի առաջնորդ Նորվան սրբազանի, եւ կազմակերպուեցաւ դասախօսութիւններ միջնադարեան եւ ժամանակակից Հայաստանի մասին։








All the contents on this site are copyrighted ©.