2009-06-11 13:23:56

Յունիս ամիսը Յիսուսի ս. Սրտի ամիս է։


Յունիս ամիսը Յիսուսի Ս. Սրտի ամիս է։



Ճառագայթ փառաց,

Ճանապարհ ինծ ցոյց,

Ճեմել ի յերկինս։

Միածինդ Հօր,

Մոյծ զիս յառագաստ,

Մաքուր հարսանեացդ։



Յիսուս կայ ու կը մնայ`

խորհրդածութիւն մը արտասանուած Կարտինալ Գրիգոր Պետրոս Աղաճանեանի կողմէ:

27 մայիս 1951-ի, Ս. Հաղորդութեան թափօրին առթիւ։

Կը տապալին մահկանացուներու ձեռքերով բարձարացած արձանները,

կ'աղօտանայ եւ կը չքանայ աշխարհիկ արարքներու յուշքը,

մոռացօնքը կ'ընկլուզէ ամէն ինչ,

բայց կայ յիշատակ մը` որ կը մնայ վառ, կենսունակ, նոյնինքն Յիսուս,

ներկայ իրապէս, գոյացապէս Ս. Հաղորդութեան խորհուրդին մէջ։

Կատարեալ Աստուած եւ կատարեալ մարդ։ Յիսուս կայ ու կը մնայ մեր մէջ

իր մարմնով ու արեամբ, հոգիով եւ աստուածութեամբ։

Ահա սրբագործուած հացը, ահա գինին։

''Առէք կերէք, այս է մարմին իմ, արբէք ի սմանէ, այս է արիւն իմ''։

Առաքեալները եւ իրենց յաջորդները տիրաւանդ

իշխանութեամբ կը շարունակեն մատուցանել Զոհը։

Շնորհիւ Ս. Հաղորդութեան` Յիսուս մեզի հետ է ամէն տեղ, ամէն ժամանակ։

Մենք եւս, քրիստոնեայ աշխարհին հետ, կը վերանորոգենք մեր այս սուրբ հաւատքը։








All the contents on this site are copyrighted ©.