2009-06-11 13:42:40

Ակնարկ Մը Ազգային Ու Միջազգային Դէպքերուն։


Ակնարկ Մը Ազգային Ու Միջազգային Դէպքերուն։

ՍԵՐԺ ՍԱՐԳՍԵԱՆ ԱՅՑԵԼԵՑ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՄԷՋ ՌՈՒՍԻՈՅ ԴԵՍՊԱՆԱՏՈՒՆԸ.՝՝ՈՐՔԱՆ ԱՒԵԼԻ ՈՒԺԵՂ ԸԼԼԱՅ ՌՈՒՍԻԱ, ԱՅՆՔԱՆ ՈՒԺԵՂ ՊԻՏԻ ԸԼԼԱՅ ՆԱԵՒ ՀԱՅԱՍՏԱՆ՝՝Կ'ԸՍԷ ՆԱԽԱԳԱՀ ՍԱՐԳՍԵԱՆ։ Ռուսիոյ ազգային տօնին(պետական ինքնիշխանութեան մասին հռչակագիրի ընդունման օրուան առիթով) Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան երէկ այցելեց Հայաստանի մէջ Ռուսիոյ դեսպանատուն-ը։ Նախագահ Սարգսեան շնորհաւորանքի իր խօսքին մէջ ըսաւ՝՝ Շատ ուրախ եմ, որ մեր յարաբերութիւնները հետզհետէ աւելի ու աւելի կը բարելաւուին։ Քանի մը օր առաջ Ռուսիոյ նախաահին հետ հանդիպման ընթացքին մենք անգամ մը եւս ընդգծեցինք, որ մեր յարաբերութիւնները ամիսէ-ամիս, տարուէ-տարի աւելի ու աւելի կը խորանան։ Կը փափաքիմ Ռուսիոյ բարեկեցութիւնը եւ հետագայ կայունիւթիւնը։ Ես միշտ նկատած եմ եւ այսօր ալ կը նկատեմ, թէ որքան աւելի ուժեղ ըլլայ Ռուսիա, այնքան ուժեղ պիտի ըլլայ նաեւ Հայաստան՝՝։

ՎԱՀԱՆ ՅՈՎՀԱՆՆԻՍԵԱՆ Կ'ԱՌԱՋԱՐԿԷ ՊԱՏՄԱԿԱՆ ՆԵՆԳԱՓՈԽՈՒՄՆԵՐԸ ԿԱՆԽԱՐԳԻԼՈՂ ՅԱՆՁՆԱԽՈՒՄԲ ՄԸ ՍՏԵՂԾԵԼ։ Հայաստանի Ազգային ժողովի ՀՅԴ խմբակցութեան ղեկավար Վահան Յովհաննիսեան 9 յունիսին առաջարկեց առանց յապաղումի կառավարութեան կից, Ազգային ժողովի հովանիին ներքեւ, կամ ալ նորակազմ Հանրային Խորհուրդի կազմին մէջ ստեղծել պատմական նենգափոխումները կանխարգիլող գործառունթիւններով Մարմին կամ Խորհուրդ մը, որուն անհրաժեշտութիւնը (ըստ պատգամաւորին) կենսական պահանջ մը դարձած է։Դժբախտաբար, մինչեւ այսօր մենք չունինք օտար եւ անբարեացակամ ուժերուն կողմէ մեր պատմութեան եւ մշակոյթի փաստերու նենգափոխումները կանխող որեւէ Մարմին։ Եւ երբէք ալ պատահական չէ, որ թուրք գիտնականներու եւ լրատուամիջոցներու բացայայտ զեղծարարութիւնները կտրած են բոլոր սահմանները եւ կը հասնին անհեթեթութեան։ Ի վերջոյ, հայ-թրքական յարաբերութիւնները կարգաւորելու համար պատմաբաններու յանձնախումբ մը ստեղծելու, թրքական կողմի առաջարկի ետին պահուած են այդ նենգափոխումները լաւագոյնս օգտագործելու՝ թրքական խորամանկ յաւակնութիւնները եւ արդէն կեղծուած փաստերու պատրաստ հիմքը( Ազգային ժողովին մէջ այսպէս նշեց Վահան Յովհաննիսեան)։



7.000.000 ՀԱՅԵՐ Կ'ԱՊՐԻՆ ՀԱՅԱՍՏԱՆԷՆ ԴՈՒՐՍ։ Հայաստանէն դուրս Գաղթականներու Միջազգային կազմակերպութիւնը հրապարակած է 2008ի տարեկան իր զեկոյցը, ուր առանձին բաժիններով ընդգրկուած երկիրներու շարքին կը գտնուի նաեւ Հայաստանը։ Տեղեկագրին մէջ նշուած է թէ 2003ի տուեալներու համեմատական աճի գումարով՝ 7 միլիոն հայեր կապրին Հայաստանէն դուրս։ Տեղեկագրին մէջ ներառնուած տարբեր գնահատականներու հիմամբ, կ'ըսուի թէ մօտ 800 հազար հոգի (կամ Հայաստանի բնակչութեան մէկ քառորդէն աւելին) 1990ական թուականներուն հեռացաւ երկրէն։ Զեկոյցին մէջ նշուած է թէ 1988ի համեմատ, այս թիւը աւելցած է 700 հազարով։ Վերջին երկու տասնամեակի ընթացքին Հայաստանէն արտագաղթը հիմնականօրէն կը բնորոշուի որպէս աշխատանքային արտագաղթ։ Արտագաղթածներու աւելի քան 60%ը(ըստ զեկոյցի մատնանշած տուեալներուն) աշխատանքային տարիքի այրեր են՝ 20 տարեկանէն մինչեւ 45 տարեկան։ Անոնք ընդհանրապէս կրթական միջին մակարդակ ունին։



Լուրջ Քայլեր Կը Ձեռնարկուին Ջաւախքի Ընկերա-տնտեսական Խնդիրներու Լուծման Ուղղութեամբ։ Բաւական լուրջ քայլեր կը ձեռնարկուին Ջաւախքի ընկերա-տնտեսական խնդիրներու լուծման ուղղութեամբ. անոնք մանրամասն քննարկման առարկայ դարձած են Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեանի Վրաստան կատարած այցելութեան ընթացքին: Նալբանդեան Չորեքշաբթի օր Ազգային ժողով-կառավարութիւն հարցուպատասխանի ընթացքին նշեց, որ մօտ 102 միլիոն տոլար պիտի տրամադրուի ճանապարհներու կառուցման, եւ երկու տարուան ընթացքին կը ծրագրուի վերանորոգել Ջաւախքի բոլոր դպրոցները ու ստեղծել նոր աշխատատեղիներ: Այցելութեան ընթացքին քննուած են Վրաստանի տարածքին գտնուող հայկական եկեղեցիներու կարգավիճակին առնչուող հարցեր: Կարգավիճակի յստակացման նախագիծը ներկայացուած է Վրաստանի խորհրդարանին: Արծարծուած է նաեւ Վերին Լարսի անցակէտի բացման հարցը. վրացական կողմը պատրաստակամութիւն յայտնած է բանակցելու ռուսական կողմին հետ զայն շուտափոյթ գործարկելու համար: Քննարկուած է նախապատրաստական ընթացքը՝ Վրաստանի նախագահի Հայաստան կատարելիք այցելութեան, զոր կը նախատեսուի կայացնել Յունիսի վերջաւորութեան: Նախարարը ընդգծեց, որ հայ-վրացական յարաբերութիւններու օրակարգին վրայ չկայ որեւէ հարց, որ հնարաւոր չըլլայ լուծել բանակցութիւններու միջոցով:








All the contents on this site are copyrighted ©.