2009-06-10 13:18:29

Հայուն Երգիծական Հանճարը'Յակոբ Պարոնեան (1843-1891)։


 







Հայուն Երգիծական Հանճարը'Յակոբ Պարոնեան (1843-1891)։

Հայուն երգիծական հանճարը' Յունիս 8ին, 118 տարի առաջ, ծայր աստիճան չքաւորութեան մէջ եւ հիւծախտի հետեւանք ուժաքամ եղած, հայ ժողովուրդի կեանքէն առյաւէտ կը հեռանար։ Ան մեծ մարդ մը եւ նոյնքան ալ մեծ Հայ մըն էր ։Ապաժամ եւ դժբախտ մահ ունեցաւ Յակոբ Պարոնեան, բայց միայն մարմնապէս հեռացաւ հայ իրականութենէն, որովհետեւ կարճատեւ իր կեանքով իսկ կրցաւ նուաճել անմահութեան արժանի գրական հարստութիւն մը եւ մնայուն տեղ գրաւել մեր ժողովուրդի սրտին ու մտքին մէջ։ Հայուն երգիծական հանճարը մարմնաւորող ՝՝Մեծութիւնը՝՝ եղաւ Յակոբ Պարոնեան, որ ժամանակներէն վեր կանգնած եւ անանց ճշմարտութիւններ վերծանող իր գրականութեամբ նաեւ հայ մտքի Հսկայ մը դարձաւ՝ մեր ժողովուրդի ազգային ու քաղաքացիական զարթօնքին մէջ մեծակշիռ ներդրում կատարելով։ 2 Նոյեմբեր 1843ին Ադրիանուպոլիս (Էտիրնէ) ծնած, Յակոբ Պարոնեան յատուկ ուսում չունեցաւ։ Աւարտեց իր ծննդավայրի Արշակունեան վարժարանը, ուր աշակերտեց Պօղոս վարժապետին՝ հետագայի Ներսէս Վարժապետեան Պատրիարքին։ 1857ին ընդուն-ւեցաւ տեղւոյն յունական դպրոցը, բայց տարի մը ետք՝ իր իսկ խոստովանութեամբ հազիւ յունարէնի դժուարութիւնը սորված, վերջ տուաւ ուսումնական կեանքին ու նետուեցաւ աշխատանքի ասպարէզ։ 1863ին տեղափոխուեցաւ Պոլիս եւ ապրուստը ապահովելու համար բախտը փորձեց տարբեր ասպարէզներու մէջ՝ ինքնազարգացման կարեւոր տեղ տալով եւ ժամանակ յատկացնելով։ Եղաւ հեռագրատան պաշտօնեայ, զբաղեցաւ հաշուապահութեամբ ու գրագրութեամբ, կարճ ժամանակի համար Պոլսոյ Հայոց Պատրիարքարանի պաշտօնեայ դարձաւ, նաեւ ուսուցչութիւն ըրաւ։ Բայց ոչ մէկ գործի փարեցաւ այն բաւարարութեամբ, որ գտաւ մամուլին ու հրապարակախօսութեան մէջ։ Հիւծախտը իր աւերը գործեց եւ, 1891ի Յունիս 8ին, Հայու Երգիծական Հանճարին անկրկնելի մարմնաւորումը՝ Յակոբ Պարոնեան առյաւէտ փակեց իր աչքերը, սերունդներուն ժառանգ ձգելով իր սրատես ու խորաթափանց հայեացքով շնչաւորուած անկորնչելի ճշմարտութիւններ։








All the contents on this site are copyrighted ©.