2009-06-10 13:13:42

Լուրեր հայկական կեանքէն

Հանդիսաւոր բացում՝ ՜՜Սայաթ-Նովայի՝՝


Լուրեր հայկական կեանքէն

Հանդիսաւոր բացում՝ ՜՜Սայաթ-Նովայի՝՝նուիրուած յուշակոթողին,

Հայաստանի եւ Վրաստանի արտգործ նախարարները՝ Էդուարդ Նալպանտեան եւ Գրիգոլ Վաշաձէ 7 Յունիս 2009ին՝ Թիֆլիսի քաղաքապետ Գիգի Ուգալավայի հետ միասին հանդիսաւորապէս բացումը կատարեցին Սայաթ-Նովային նուիրուած յուշակոթողին, որուն հիմնաքարը դրուած էր անցեալ տարի՝ (2008 ի Սեպտեմբերին) Հայաստանի եւ Վրաստանի նախագահներուն կողմէ, հայրենի նախագահին Թիֆլիս կատարած պաշտօնական այցելութեան ընթացքին։ Ելոյթ ունենալով այդ առիթով հաւաքուած հազարաւոր թիֆլիսցիներուն, ինչպէս նաեւ Հայաստանէն ժամանած մշակութային եւ գրական գործիչներու առջեւ, Նալբանդեան շնորհակալութիւն յայտնեց Թիֆլիսի իշխանութիւններուն հայ-վրացական բարեկամութիւնը մարմնաւորող ամէնավառ անհատներէն մէկուն՝ Սայաթ-Նովային նուիրուած յուշակոթողը Թիֆլիսի կեդրոնը տեղադրած ըլլալուն համար։



Գարնանային համերգաշար երաժշտական փառատօնը պիտի եզրափակուի 15 Յունիսին

Հայաստանի Երաժիշտներու եւ երաժշտագէտներու միութեան կողմէ կազմակերպուած՝ ՜՜Գարնանային համերգաշար երաժշտական փառատօնը՝՝, որ սկիզբ առած էր անցեալ 18 Մայիսին պիտի եզրափակուի 15 Յունիսին։ Համերգաշարին բացման հանդիսութիւնը կատարուած էր, Կոմիտասի անուան սենեկային երաժշտութեան տան մէջ, Ալան Յովհաննէս սենեկային նուագախումբի ելոյթներով ղեկավարութեամբ՝ Սիմոնեանի։ Համերգի ընթացքին հնչած են՝ Սարեանի, Մանսուրեանի եւ Հայրապետեանի ստեղծագործութիւնները։

Գարնանային համերգաշարի ելոյթները տեղի կ՝ունենան ո՛չ միայն Կոմիտասի անուան սենեկային երաժշտութեան տան մէջ, այլ նաեւ՝ Ալ. Սպենդիարեանի անուան օփերայի եւ պալէի ազգային թատրոնին եւ Հայաստանի երաժիշտներու տան մէջ։

Հուսկ՝ Գարնանային համերգաշարի փակման համերգը տեղի պիտի ունենայ Կոմիտասի անուան սենեկային երաժշտութեան տան մէջ, ուր հանդէս պիտի գայ ՜՜Աւետիս՝՝ սենեկային երգչախումբը՝ Նարիր Պարտաքչեանի ղեկավարութեամբ։ Սոյն համերգին պիտի հնչեն Ազիզեանի, Ասատրեանի, Յակոբջանեանի, Ղազարեանի եւ Մանուկեանի ստեղծագործութիւնները։



Փոքրիկներու պաշտպանութեան օրուան առթիւ դասական համերգ ի նպաստ Սպիտակի փոքրիկներուն

Սպիտակի մէջ, մէկ Յունիս 2009-ին՝ փոքրիկներու պաշտպանութեան օրը, տեղի ունեցած է Հայաստանի պետական սենեկային նուագախումբի համերգը, որուն մասնակցած են Հայաստանի փոքրիկ երգիչները՝ Տիգրան Հեքիքեանի գլխաւորութեամբ։

Սենեկային նուագախումբի գեղարուեստական ղեկավար Արամ Ղարաբեկեան յայտնած է, որ Սպիտակի ընտրութիւնը պատահական չէ եղած, որովհետեւ այս քաղաքը կը յիշուի միայն երկրաշարժի տարելիցին, ուստի՝ պէտք է ամէն առիթով յիշել զայն։ Նշենք, որ այս համերգով աւարտած է Հայաստանի պետական սենեկային նուագախումբի մարզային գարնանային համերգաշարը։



Ռուսահայ գիտնականներ այցելած են Արցախ

Լեռնային Ղարաբաղի նախագահը՝ Բակօ Սահակեան վերջերս հանդիպում ունեցած է Արցախ այցելող՝ Ռուսահայ խումբ մը անուանի գիտնականներու հետ։ Հանդիպման ընթացքին քննարկուած են՝ Արցախի մէջ կրթութեան եւ գիտութեան զարգացման գիտական մարզի արտադրութեան զարգացման կապուած շարք մը հարցեր։ Նախագահը կարեւոր նկատած է գիտակրթական ոլորտին մէջ Սփիւռքի հետ փոխգործակցութեան շարունակական ամրապնդումը՝ զայն նկատելով Արցախի զարգացման յուսալի գրաւականը։ Սոյն հանդիպման ներկայ եղած են՝ Լեռնային Ղարաբաղի կրթութեան եւ գիտութեան նախարարը՝ Վլադիկ Խաչատրեան, Ռուսիոյ մէջ Լեռնային Ղարաբաղի մնայուն ներկայացուցիչը՝ Ալբերտ Անդրեան եւ Արցախի պետական համալսարանի նախագահը՝ Ստեփան Դադայեան։



Կոմիտասի 140 ամեակի նշում Հայաստանի մէջ

Երեւանի սենեկային երաժշտութեան տան մէջ 13 Յունիս 2009-ին պիտի սկսի Կոմիտասի 140-ամեակին նուիրուած համերգաշար, որ բաղկացած պիտի ըլլայ երկու մասերէ՝ Կոմիտաս-արեւմտաեւրոպական եւ ռուս դասականներ, Կոմիտաս-ժամանակակից հայ երգահաններ։

Այս առթիւ, գլխաւորութեամբ՝ Երեւանի պետական սենեկային երգչախումբի գեղարուեստական ղեկավար եւ խմբավար՝ Յարութիւն Թոփիկեանին, Յունիս եւ Յուլիս ամիսներուն, համերգային ծրագրերով հանդէս պիտի գան նաեւ Գիւմրիի եւ Վանաձորի մէջ։ Յայտնենք, որ Երեւանի սենեկային երգչախումբը ստեղծուած է 1996-ին նախաձեռնութեամբ՝ խմբավար Յարութիւն Թոփիկեանի եւ հովանաւորութեամբ՝ երջանկայիշատակ Գարեգին Ա վեհափառին ։ Այս երգչախումբին ստեղծումով՝ Թոփիկեան իրագործած է իր վաղեմի երազանքը՝ ձայնագրելով Կոմիտասի 147 խմբերգներ։ Նշենք, որ երաժշտասէրները ունին Կոմիտասի աշխարհիկ չորս խմբերգներու եւ ստեղծագործութիւններու մէկ խտասալիկը, որուն տասնամեակը կամբողջանայ այս տարի։

 








All the contents on this site are copyrighted ©.