2009-06-10 13:13:14

Գայեանեանց Կոյսերու Հանդիսաւոր տօնակատարութիւն


Մայր Աթոռ Ս Էջմիածնի մէջ 9 Յունիս 2009-ին նշուեցաւ Գայեանեանց կոյսերու տօնը։

Ամենայն Հայոց կաթողիկոս՝ Գարեգին Բ.ի առաջնորդութեամբ առաւօտեան՝ եկեղեցականներու հանդիսաւոր թափօրով եւ տօնի շարականներու երգեցողութեան ներքոյ Մայր Աթոռէն Ս. Գայեանէի վանք տարուեցաւ սրբուհիին մասունքով Ս. Աջը։

Այս առթիւ պատարագեց եւ յաւուր պատշաճի քարոզ արտասանեց Հ, Վարդան Նաւասարդեան, անդրադառնալով քրիստոնեայի կեանքին մէջ սրբութեան գաղափարին։ Պատարագիչը նաեւ՝ հրաւիրեց ուխտաւորները նորոգելու իրենց ուխտը, աղօթք բարձրացնելով՝ առ Աստուած որպէսզի, ըսաւ ան, հաւատարիմ մնանք ՜՜մեր կեանքի սրբութեան կոչումին՝՝։ Ուստի եկէք այս ուխտի օրը միասնաբար խնդրենք Աստուծոյ իմաստութիւնը և շնորհները, որպէսզի մեզ առաջնորդէ Իր արդար ճանապարհներով՝` ապրելու և արժանի ըլլալու այն սրբութեան, որով իրենց կեանքն ապրեցան եւ իմաստաւորեցին Ս Գայեանեանց կոյսերն ու մեր լուսաւոր հայրերը։ Եկեղեցին միշտ կանգուն է, միշտ կենդանի է ու կը շնչէ իր անցեալի ու ներկայի սուրբերով, ձեզմով` սիրելի հաւատացեալներ, որովհետև Ս Հռիփսիմեանց և Գայեանեանց կոյսերը ձեզ նման ազնիւ հաւատացեալներ էին, որոնք իրենց կեանքը ուխտի ճանապարհով զոհեցին։

Պատարագի աւարտին, Ամենայն Հայոց Հայրապետը՝ սրբազան մասունքով վերստին օրհնեց հաւատացեալները, ապա ներկաները հնարաւորութիւն ունեցան համբուրելու

Սրբուհի Գայեանէի մասունքով Աջը և օրհնութիւն ստանալու համար։








All the contents on this site are copyrighted ©.