2009-06-10 13:12:29

Ակնարկ Մը Ազգային Ու Միջազգային Դէպքերուն։


Ակնարկ Մը Ազգային Ու Միջազգային Դէպքերուն։

ֆԻԼԻՓ ԿՈՐՏԸՆ ԵՐԵՒԱՆԷՆ ԿԸ ՀԱՍՏԱՏԷ ՝՝ՀԱՅ-ԹՐՔԱԿԱՆ ՅԱՐԱԲԵՐՈՒԹԵԱՆ ԿԱՐԳԱՒՈՐՄԱՆ ՔԱՅԼԵՐՈՒՆ ՆԿԱՏՄԱՄԲ ՄԻԱՑԵԱԼ ՆԱՀԱՆԳՆԵՐՈՒ ԱՋԱԿՑՈՒԹԻՒՆԸ՝՝։ Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան երէկ շնորհաւորեց աշխատանքային այցելութեամբ Հայաստան ժամանած Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարի տեղակալ ֆիլիփ Կորտընը։ Նախագահ Սարգսեան, շնորհաւորելէ ետք ամերիկեան նոր վարչակազմին մէջ Կորտընի նշանակումը, նշեց, որ անոր այցելութիւնը լաւ առիթ է խօսելու հայ-ամերիկեան յարաբերութիւններու ներկայ վիճակին եւ զարգացման հեռանկարին մասին։ Ըստ նախագահ Սարգսեանի, Հայաստան չափազանց կարեւոր կը նկատէ Միացեալ Նահանգներու հետ յարաբերութիւններու խորացումը եւ բարձր կը գնահատէ Հայաստանի տնտեսութեան զարգացման, ժողովրդավարութեան ամրապնդման եւ շրջանին մէջ կայունութեան ապահովման ուղղութեամբ Միացեալ Նահանգներու կառավարութեան գործադրած ջանքերը։ Ֆիլիփ Կորտըն նշեց, որ երկրորդ շաբաթն է, որ ստանձնած է իր պաշտօնը, եւ իր առաջին արտասահմանեան ուղեւորութիւնը Հայաստանէն կը սկսի։ Ան ըսաւ, թէ ամերիկեան կողմը կարեւոր կը նկատէ Հայաստանի հետ համագործակցութեան ընդլայնումը, ինչպէս նաեւ մեծ ուշադրութեամբ կը հետեւի շրջանային զարգացումներուն։ Միւս կողմէ, երէկ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեան եւս ընդունեց Ֆիլիփ Կորտընը,այս առթիւ նախարար Նալբանդեան ներկայացուց Հայաստանի իշխանութիւններուն ձեռնարկած քայլերը՝ ժողովրդավարական բարեփոխումներու իրագործման ուղղութեամբ։ֆիլիփ Կորտըն Հայաստան կեցութեան ընթացքին այցելեց Հայկական Ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակը յաւերժացնող Ծիծեռնակաբերդի Յուշահամալիրը։

ՆԱԽԱԳԱՀ ՍԱՐԳՍԵԱՆ ԿԸ ԴԱԴՐԵՑՆԷ ՓԱՍՏԱՀԱՒԱՔ ԽՈՒՄԲԻՆ ԳՈՐԾՈՒՆԷՈՒԹԻՒՆԸ։ Հայաստանի նախագահի մամլոյ գրասենեակը կը հաղորդէ, որ նախագահ Սերժ Սարգսեան 6 յունիսին հրամանագիր մը ստորագրած է 23 հոկտեմբեր 2008-ին ստեղծուած փորձագէտներու փաստահաւաք խումբի գործունէութիւնը պաշտօնապէս դադրեցնելու մասին։Այս խումբին նպատակն էր 1 մարտ 2008-ին Երեւանի մէջ տեղի ունեցած դէպքերուն առնչութեամբ փաստեր հաւաքել։ Ընդդիմադիր Հայ Ազգային քոնկրեսը երէկ հրապարակած իր յայտարարութեան մէջ դատապարտեց Փաստահաւաք խումբին գործունէութեան դադրեցումը,միաժամանակ շարունակելով պահանջել 1 մարտ 2008-ի իրադարձութիւններու անկախ հետաքննութիւնը՝Միջազգային Մասնագէտներու մասնակցութեամբ։

Լիբանանի Հայկական Քուէներուն Հարիւրէն 80 Տոկոսը՝ Ի Նպաստ Դաշնակցութեան։

Լիբանանի ընտրութիւններու աւարտին, քուէահամարի տուեալները անգամ մը եւս եկան փաստելու, որ Դաշնակցութեան ընտրազանգուածը կը մնայ կայուն ու անսասան,արդարեւ Հայ քուէարկողներուն 80 առ հարիւրը իր վստահութիւնը յայտնելով Դաշնակցութեան, քուէարկած է ՀՅԴ.եան առաջադրած թեկնածուներուն եւ զօրակցած ընտրացանկերուն։ Հայկական ա՛յս ընտրազանգուածին իրողական ներկայացուցիչներն են առանց մրցակիցի ընտրուած երեսփոխաններ Յակոբ

Բագրատունին (Հիւսիսային Մեթնէն) եւ Արթիւր Նազարեանը (Պէյրութի Բ. ընտրաշրջանէն):








All the contents on this site are copyrighted ©.