2009-06-09 14:04:36

Յունիս ամիսը Յիսուսի սուրբ սրտի ամիս է


 Տէրն է իմ յոյսս, եւ կեանքս

ես որմէ՞ պիտի վախնամ

Տէրը ապաւէնն է իմ կեանքիս,

որո՞ւ առջեւ ես պիտի դողամ։



Երբ չարերը մօտենան ինծի

զիս կործանելու համար,

անոնք իմ նեղիչներս ու թշնամիներս,

պիտի սայթաքին ու իյնան։



Նոյնիսկ եթէ բանակ մը ելլէ դիմացս,

սիրտս պիտի մնայ անսասան.

եթէ պատերազմ իսկ մղեն ինծի դէմ

հակառակ ամէն բանի

քու վրադ պիտի դնեմ յոյսս Տէր։



Մէկ բան խնդրեցի Տիրոջմէն

եւ այս միայն կը ցանկամ

բնակիլ Տիրոջ մեծվայելչութիւնը

եւ հսկել իր տաճարին մէջ



Ան ապաւէն եղաւ ինծի

դժուարութեանս օրերուն

եւ պատսպարեց զիս

իր վրանին ներքեւ։



Լեռներն վեր զետեղեցիր զիս, Տէր,

ըրէ որ բարձրագլուխ քալեմ

թշնամիներուս դիմաց։



Պիտի շրջիմ իր վրանին շուրջ

օրհնութեան զոհեր պիտի մատուցանեմ

պիտի օրհնեմ եւ սաղմոսներ երգեմ Տիրոջ։








All the contents on this site are copyrighted ©.