2009-06-09 13:30:24

Ակնարկ Մը Ազգային Ու Միջազգային Դէպքերուն։


Ակնարկ Մը Ազգային Ու Միջազգային Դէպքերուն։

Եւրոպական Խորհրդարանի նոր նստաշրջանը կը սկսի կեդրոն-աջ խմբակցութիւններու ուժեղացմամբ ։ Եւրոպական խորհրդարանի ընտրութիւններու հրապարակուած արդիւնքները ցոյց տուին, թէ պահպանողականները պարտութեան մատնած են ընկերվարականները։ Քուէարկութեան արդիւնքը ծանր պարտութիւն մըն է Եւրոպայի ձախակողմեան ուժերուն համար։Գաղթականներու հակառակող ,Եւրոպական Միութեան գաղափարին դէմ եղողու նաեւ Թուրքիոյ մուտքին դէմ եղող կուսակցութիւններ իրենց պատգամներուն զօրակցութիւն ապահովեցին։ Քուէարկողները պատժեցին Բրիտանիոյ, Սպանիոյ եւ Փորթուգալի իշխող ձախակողմեան կուսակցութիւնները, Ֆրանսայի մէջ Սարքոզի մեծ յաջողութիւն արձանագրեց։Կեդրոն աջ Եւրոպական ժողովուրդական կուսակցութիւնը 736 անդամնոց խորհրդարանին մէջ ապահովեց 267 աթոռներ, ընկերվարականները՝ 159։ Անոնք նախապէս 215 աթոռ ունէին։ Եւրոպայի տարածքին քաղաքացիներու մեծ թիւ մը չներկայացաւ քուէատուփերուն առջեւ ։ Ընդհանուրին մէջ քուէարկողներու մասնակցութեան թիւը հասաւ 43.3%ի, պատմականօրէն շատ ցած չափանիշի վրայ կայանալով։ Իսկ Իտալիոյ մէջ, հակառակ Սիլվիօ Պերլուսքոնիի անձնական կեանքին շուրջ գայթակղութիւններու հայող լուրերուն , ղեկավարող Ազատութեանց Տուն կուսակցութիւնը առաջնակարգ հանդիսացաւ։ Միւս կողմէ Ծայրայեղ աջակողմեան Բրիտանական ազգային կուսակցութիւնը Եւրոպական խորհրդարանին մէջ ապահովեց իր առաջին երկու աթոռները, իսկ հոլանտական հակա-իսլամական երեսփոխան Կիրթ Վիլտըրզի Ազատութեան համար կուսակցութիւնը քուէներուն 17 առ հարիւրը ստանալով գրաւեց իր երկրին մէջ ընտրութեանց երկրորդ դիրքը։

ՀԻԼԱՐԻ ԳԼԻՆԹԸՆԻ ՅԱՅՏԱՐԱՐՈՒԹԻՒՆ։Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Հիլըրի Քլինթըն մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին յայտնեց, որ Հայաստանի եւ Թուրքիոյ միջեւ յարաբերութիւններու բնականոնացման գործընթացը դրական կերպով կը շարունակուի։ Թէեւ այդ գործընթացին մէջ շօշափելի քայլեր չեն առնուած, այսուհանդերձ Քլինթըն կը յայտնէ, թէ Ուաշինկթըն ուժեղ կերպով կը զօրակցի գործընթացին, ներառեալ՝ ճամբու քարտէսին։Քլինթըն այս կարծիքը յայտնեց անցեալ ուրբաթ օր, Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան մէջ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Ահմեթ Տաւութօղլուի հետ հանդիպումէն ետք։

ՀՐԱՅՐ ԿԱՐԱՊԵՏԵԱՆ՝ ԱԶԳԱՅԻՆ ԺՈՂՈՎԻ ՊԱՇՏՊԱՆՈՒԹԵԱՆ, ՆԵՐՔԻՆ ԳՈՐԾԵՐՈՒ ԵՒ ԱԶԳԱՅԻՆ ԱՆՎՏԱՆԳՈՒԹԵԱՆ ՅԱՆՁՆԱԽՈՒՄԲԻ ՆԱԽԱԳԱՀ։

Երէկ Հայաստանի Ազգային ժողովը փակ գաղտնի քուէարկութեամբ ընտրեց պաշտպանութեան, ներքին գործերու եւ ազգային անվտանգութեան, ինչպէս նաեւ եւրոպական համարկումի հարցերով խորհրդարանական յանձնախումբերու նախագահները։ Այդ պաշտօններուն համար համապատասխանաբար ընտրուեցան Հրայր Կարապետեան (ՀՅԴ-էն) եւ Նայիրա Զոհրապեան (Բարգաւաճ Հայաստան կուսակցութենէն)։ Քուէարկութեան մասնակցած 95 պատգամաւորներէն ե՛ւ Հրայր Կարապետեանի, ե՛ւ Նայիրա Զոհրապեանի ի նպաստ քուէարկեցին 91 պատգամաւորներ, դէմ՝ 3, իսկ 1 քուէաթերթիկ անվաւեր նկատուեցաւ։ Նշենք, որ երկու պաշտօնները թափուր մնացած էին Արթուր Աղաբեկեանի հրաժարականէն եւ Աւետ Ադոնցի՝ Պելճիքայի մէջ Հայաստանի արտակարգ եւ լիազօր դեսպան ու Եւրոպական Միութեան մէջ՝ Հայաստանի ներկայացուցչութեան ղեկավար դեսպան նշանակուելէ ետք։

ԵՐԵՒԱՆԻ Ա. ԸՆՏՐՈՎԻ ՔԱՂԱՔԱՊԵՏԻ ԵՐԴՄԱՆ ԱՐԱՐՈՂՈՒԹԻՒՆԸ՝ 11 ՅՈՒՆԻՍԻՆ։ Ըստ Երեւանի մէջ տեղական ինքնակառավարման մասին օրէնքին եւ Հայաստանի կառավարութեան 7 մայիս 2009-ի որոշումին, երէկ Երեւանի առաջին աւագանիի առաջին նիստը գումարուած է։Նշենք, որ Հայաստանի Հանրապետական կուսակցութիւնը ընտրութիւններուն իբրեւ արդիւնք աւագանիին ստացած է 35 աթոռներ, Բարգաւաճ Հայաստան կուսակցութիւնը՝ 17, իսկ ընդդիմադիր Հայ Ազգային քոնկրեսը՝ 13։ Երեւանի առաջին ընտրովի քաղաքապետին՝ Գագիկ Բելարեանի երդման արարողութիւնը տեղի պիտի ունենայ 11 յունիսին՝ Երեւանի քաղաքապետարանին մէջ։








All the contents on this site are copyrighted ©.