Թորոս Թորանեանի’ ‘‘Թթխմոր’’ գիրքը ՝ պատմուածքներու
ընդմէջէն տողանցք մըն է հայ գրողներու եւ արուեստագէտներու :
Թորոս Թորանեանի ծննդեան 80-ամեակին առիթով ծրագրուած Թթխմոր գիրքը ծաղկաքաղ մըն է հեղինակին
1975-2002-ին լոյս տեսած գործերէն։ Մեծ մասամբ իրական կեանքէ առնուած 27 պատմուածքներ
ամփոփուած են 5 գլուխներու մէջ։ Յաւելուածի բաժնին մէջ տրուած է Թորանեանի ինքնակենսագրականը,
ինչպէս նաեւ՝ իր գրական, հրատարակչական, խմբագրական ու թարգմանական բեղուն գործունէութեան
մատենագիտութիւնը։ Թթխմորը Թորանեանի Արաս հրատարակչատունէն լոյս տեսած երկրորդ գիրքն
է։ Այս գիրքը պատմուածքներու ընդմէջէն տողանցք մըն է նաեւ հայ գրողներու եւ արուեստագէտներու։