2009-06-07 09:00:55

ՀԱՄՇԷՆԱՀԱՅԵՐԸ ԱՆՈՆՔ ՄԵՐ ՀԱՅՐԵՆԱԿԻՑՆԵՐՆ ԵՆ


ՀԱՄՇԷՆԱՀԱՅԵՐԸ ԱՆՈՆՔ ՄԵՐ ՀԱՅՐԵՆԱԿԻՑՆԵՐՆ ԵՆ

Պատմական Հայաստանի շրջաններէն մէկը եղած է Համշէնը, որ ներկայիս կը գտնուի Թուրքիոյ տարածքին։ Ութերորդ դարուն, արաբական խալիֆայի ճնշումով 12000 հայ, նախարար Շ Ամատունիի եւ անոր որդի Համամի ղեկավարութեամբ կը լքեն հայրենիքը, բնակութիւն հաստատելով ներկայի Տրապիզոնի եւ Խոպայի միջեւ (այդ թուականին բիւզանդական կայսրութեան տարածք), այնտեղ, իշխան Համամը կը կառուցէ նոր քաղաք եւ զայն կանուանէ Համամաշէն, որ աւելի ուշ կը կոչուի Համշէն, իսկ բնակիչները համշէնահայեր։ Համշէնի իշխանութիւնը բիւզանդական կայսրութենէն անկախանալով՝ յաճախ կենթարկուի Տայքի տիրապահութեան վերջինին րաւումէն ետք, Համշէնը իր ազատատենչ բնակչութեան եւ աշխարհարական նպաստաւոր դիրքին շնորհիւ կը պահպանէ կիսանկախ վիճակը։ 11-րդ դարու երկրորդ կիսուն սելճուք թուրքերու, եւ 13-րդ դարուն մոնկոլներու արշաւանքներու շրջանին, ինչպէս նաեւ 15-րդ դարուն, երբ Հայաստանի ամբողջ տարածքը յայտնուած էր թուրքմենական կոյունլու ցեղերու տիրապետութեան տակ, Համշէնը շարունակած է ոյատեւել՝ չենթարկուելով նոյնիսկ հարեւան Տրապիզոնի յունական կայսրութեան, բայց քաղաքական պատճառներու բերումով 10-11-րդ դարերուն բիւզանդական կայսրութեան կազմի մէջ ըլլալով՝ համշէնահայերէն շատեր կընդունին ուղղափառ քրիստոնէութեան տարբերակը։ 1489 թուականին Օսմանեան թուրքերը կը յաջողին րաւել Համշէնի իշխանութիւնը՝ վերջ տալով անոր շուրջ 700 ամեայ ոյութեան։ Թրքական տիրապետութեան ընթացքին, երբ ողջ Արեւմտեան Հայաստանը աղիտալի վիճակի մէջ էր, Համշէնի բնակչութիւնը եւս ենթարկուած է քաղաքական ու կրօնական հալածանքներու քրիստոնեաներու համար սահմանուած են անտանելի ծանր հարկեր, որուն հետեւանքով տեղի ունեցած են ցեղային եւ կրօնական լուրջ փոփոխութիւններ մինչեւ 1923-ին կազմակերպուած հերոսական դիմադրութիւններուն հետ մէկտեղ, համշէններու մէկ մասը կրօնափոխ դարձած է՝ ընդունելով իսլամական կրօնքը։ Տաճկացումը ինչքան ալ համապարփակ բնոյթ կրած ըլլայ, չէ դիմազրկած Համշէն աւառակի հայերու նկարաիրը անոնք մահմետական ըլլալով հանդերձ, շարունակած են հաւատարիմ մնալ ազային հին արմատներուն։ Այսօր համշէնցիներու թիւը շուրջ 400 հազար է, անոնց իսլամացած կէսը կապրի Թուրքիոյ մէջ, իրենք զիրենք համարելով թուրք համշիններ, կան նոյնիսկ հեմշիններ, որոնք դիմած են կրօնի նախարարութիւն՝ պահանջելով վերարձա-նարուիլ իրենց իսկական ազութեամբ (հայ), նոյն պահանջը ներկայացուցած են նաեւ որոշ յոյներ, քիւրտեր եւ ալաուիներ։ Մինչեւ 1943 թուականը, Թուրքիոյ մէկ օրէնքին համաձայն, եթէ նախկին իսլամացած ազային փոքրամասնութիւնները փորձէին վերադառնալ իրենց ազային արմատներուն, դատական օրէնքով կենթարկուէին երկարատեւ բանտարկութեան։ Հիմա այդ օրէնքը չի ործեր, ազատական այս պայմաններուն մէջ թրքական իշխանութիւնները անել կացութեան մէջ են, որովհետեւ վիճակարական տուեալները պարզած են, որ Թուրքիոյ 37-42% իրենք զիրենք թուրք չեն համարեր, իսկ այս մէկը վտանաւոր իրավիճակ կը ստեղծէ Թուրքիոյ համար։ Հարկ է նշել, որ իսլամացած հայերը, որոնք կապրին Արեւմտեան Հայաստանի հարաւային մասը՝ Պիթլիսէն մինչեւ Տիարպէքիր, պահպանած են մեր յուշարձանները, որովհետեւ անոնք չեն մոռցած իրենց արմատները եւ եկեղեցին ընկալած են իբրեւ Աստուծոյ տուն։ Իսկ զուտ թրքաբնակ հատուածներու մէջ, ինչպէս օրինակ Էրզրումի դաշտի մէջ, հայկական յուշարձաններ ոյութիւն չունին, այս մէկը կը վկայէ, որ իսլամացած հայութիւնը շատ թաքուն ձեւով պահպանած է իր ինքնութիւնը՝ պահպանելով յուշարձաններու բեկորները եւ տեղանուններուն իսկական անուանումները։








All the contents on this site are copyrighted ©.