2009-06-07 09:00:33

Լուրեր հայկական կեանքէն - Յոբելինական հանդիսութիւն՝ նուիրուած Սամուէլ Իլանճեանին Փասատինայի մէջ։


Լուրեր հայկական կեանքէն -

Յոբելինական հանդիսութիւն Փասատինայի մէջ, նուիրուած' Սամուէլ Իլանճեանին,

Միացեալ Նահանգներ- Հովանաւորութեամբ ՀԲԸՄի Հարաւային Քալիֆորնիոյ Շրջանային յանձնաժողովին, «Արտաւազդ» թատերախումբի վարչութիւնը, յառաջիկայ 27 Յունիսին, արժանավայել կերպով պիտի պատուէ Սամուէլ Իլանճեանը՝ անոր մշակութային, թատերական եւ ազգային հասարակական գործունէութեան 65ամեակին առիթով: Ձեռնարկը տեղի պիտի ունենայ Փասատինայի «Ալեք Մանուկեան» մշակութային համալիրին մէջ:

 Վաստակաշատ մշակութային գործիչ Սամուէլ Իլանճեան կը նկատուի նուիրումի եւ անխոնջ ու անսակարկ աշխատանքի խորհրդանիշ: Հայ բեմը եղած է անոր գլխաւոր նախասիրութիւնը եւ անոր նպատակը եղած է հայկական մշակութային այլ կազմակերպութիւններու հետ գործակցելով՝ մէջտեղ բերել միջազգային տարողութեամբ ձեռնարկներ:

Հայազգի արուեստագէտ եւ թատերագիր Վահէ Պէրպէրեանի նոր մենախօսութիւնը՝ ՍԱԿԱՅՆը

Հայազգի արուեստագէտ եւ թատերագիր Վահէ Պէրպէրեան, իր նոր մենախօսութիւնը պիտի ներկայացնէ Կլէնտէյլի մէջ։

Իր նախկին ՜՜երեք մենախօսութիւններէն՝ Եւայլն, Նաեւ ու Տակաւին-էն ետք, որոնք Պէրպէրեան ներկայացուցած էր ամիսներ շարունակ Փասատինայի մէջ, որմէ ետք ան շրջած էր քանի մը տասնեակ քաղաքներ Միացեալ Նահանգներու, Եւրոպայի, Միջին Արեւելքի եւ Աւստրալիոյ մէջ, այս անգամ ան կու գայ նոր գործով ՜՜ՍԱԿԱՅՆ-ով՝՝ Կլէնտէյլի մէջ, աւելի ընդարձակ եւ շատ աւելի կեդրոնական վայր մը օգտագործելու համար։

Պէրպէրեան իր կարգին, կըսէ թէ վերջին մենախօսութեան շրջապտոյտէն ետք այնքան հոգնած էր, որ որոշած էր ինքն իրեն հանգիստ տալ ու ժամանակը տրամադրել առաւելաբար նկարչութեան եւ թատրոնի, Բայց ի՛նչ ալ ընեմ, մարդ խնդացնելու կարօտը հանգիստ չի ձգեր զիս, ատոր համար ալ շատ անհամբեր եմ անգամ մը եւս բեմ բարձրանալու։

Ինծի համար մենախօսութիւնը լաւագոյն ձեւն է մէջիս հեղինակն ու դերասանը միացնելու։ Ըրածս դերասանութիւն չէ, բարձրաձայն մտածել է, կըսէ Պէրպէրեան, ու կը բացատրէ, թէ Սակայնը, ձեւով մը նախկիններուն շարունակութիւնն է՝ ընդգրկելով ակնարկներ զանազան նիւթերու մասին, մտորումներ հայկական իրավիճակին մասին եւ վերջապէս խոկումներ հայու նկարագրին շուրջ, անշուշտ բոլորը հիւմուրով համեմուած։

 








All the contents on this site are copyrighted ©.