2009-06-06 12:29:45

Ակնարկ մը միջազգային դէպքերու


Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Ահմեթ Տաւութօղլու յայտարարեց, որ Հայաստանի հետ Թուրքիոյ յարաբերութիւնները բնականոնացնելու ջանքերը ընթացքի մէջ են, հակառակ այն մտահոգութեան, որ Լեռնային Ղարաբաղի հարցը կրնայ արգելք հանդիսանալ գործընթացքին ։

Սարգսեան- Մետվետեւ հանդիպում՝ Ս Փեթերսպուրկի մէջ Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան- 4 յունիս 2009ին հանդիպում ունեցաւ Ռուսիոյ նախագահ Տիմիթրի Մետվետեւի հետ։ Ըստ Հայաստանի նախագահի մամլոյ գրասենեակին, լիակատար փոխըմբռնման եւ ջերմ մթնոլորտի մէջ տեղի ունեցած զրոյցին ընթացքին քննարկուեցան ռազմավարական երկու դաշնակիցներուն միջեւ համագործակցութեան, ինչպէս նաեւ շրջանային ու միջազգային օրակարգին վերաբերող հարցեր։ Ռուսիոյ նախագահ Տմիթրի Մետվետեւ վերջին շրջանի յաճախակի հանդիպումները օգտակար նկատեց հայ-ռուսական համագործակցութեան եւ անձնական յարաբերութիւններու զարգացման տեսանկիւնէն եւ նշեց, որ անոնք կ'օգնեն որոշակի հարցերու լուծումներ տալու աշխատանքին։



Նախագահ Սարգսեան շնորհակալութիւն յայտնեց նախագահ Մետվետեւին՝ Հայաստանին 500 միլիոն տոլարի կայունացնող վարկ տրամադրելուն համար։

ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահները հանդէս եկան միացեալ յայտարարութեամբ՝ Ս Փեթերսպուրկի մէջ տեղի ունեցած Սարգսեան-Ալիեւ հերթական հանդիպման արդիւնքներուն վերաբերեալ։ Ըստ Ազատութիւն ռատիոկայանին, յայտարարութեան մէջ կը նշուի, որ նախագահները քննարկեցին Ղարաբաղեան տագնապի լուծման ընդհանուր գաղափարը, որ ներկայացուած է միջնորդներուն կողմէ։



Օպամայի ճառը կ'արժանանայ տարբեր գնահատականներու։

Միջազգային ղեկավարներ ողջունեցին Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպամայի՝ Գահիրէի համալսարանին մէջ արտասանած եւ իսլամներուն ուղղուած ճառը՝ յայտնելով, որ անիկա նոր էջ մըն է, սակայն Միացեալ Նահանգներու հակառակորդ երկիրներ Ուաշինկթընին կոչ ուղղեցին՝ քայլերու դիմելու եւ ոչ թէ խօսքեր արտասանելու։

* Օպամա Գահիրէի մէջ իր արտասանած ճառին մէջ ներկայացուց Միջին Արեւելքի համար ամերիկեան նոր մօտեցումը, որ կը ներառէ պաղեստինեան պետութիւն մը եւ Իրանի հետ հիւլէական թղթածրարի վնասազերծումը։

* ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Պան Քի Մուն յոյս յայտնեց, որ ճառը դրական ազդեցութիւն ունենայ Միջին Արեւելքի խաղաղութեան մահամերձ գործընթացին վրայ եւ ազդանշանը տայ Միացեալ Նահանգներու եւ իսլամական աշխարհին միջեւ յարաբերութեանց նոր էջի մը բացումին։

* Եւրոպական Միութեան արտաքին քաղաքականութեան ղեկավար Խաւիէ Սոլանա ողջունեց աչքառու ճառը, որ անկասկած արաբական եւ իսլամական աշխարհներուն հետ յարաբերութեանց եւ, կը յուսամ, շրջանին բազմաթիւ բեմերուն վրայ մեր ունեցած հարցերուն մէջ նոր էջ մը պիտի բանայ։

- Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպամա եւ Գերմանիոյ վարչապետ Անկելա Մերքել Գերմանիոյ Տրեստըն քաղաքին մէջ տեղի ունեցած հանդիպումի մը ընթացքին խոստացան Միջին Արեւելքի մէջ խաղաղութեան հաստատման ջանքերը կրկնապատկել։



- Փաքիստանցի բարձրաստիճան պաշտօնատար մը Ռոյթըրզ լրատու գործակալութեան յայտնեց, որ հիւսիսարեւմտեան Փաքիստանի շրջանին մէջ մզկիթի մը ականահարումը ուրբաթ օրուան աղօթքին մասնակցող հաւատացեալներուն շարքին 40 զոհ պատճառեց։



- Ըստ չինական պետական լրատուամիջոցներու հաղորդումներուն, կեդրոնական Չինաստանի մէջ փոխադրակառքի մը այրիլը 25 զոհ եւ 78 վիրաւոր պատճառած է։

Արկածը պատահած է Սիչուան նահանգի Չենկտու քաղաքին մէջ։ Աւելի քան 10 ճամբորդներ յաջողած են խոյս տալ այրող փոխադրակառքէն։ Հրդեհին պատճառը անմիջապէս յայտնի չդարձաւ։








All the contents on this site are copyrighted ©.