2009-06-06 12:29:00

 Եւրոպայի եպիսկոպոսներու հաւաքը Խրուաթիոյ մայրաքաղաքը

՜՜Sնտեսական եւ Ընկերային տագնապը՝՝ նիւթին մասին


Ընկերային հարցերու պատասխանատու՝ 21 եկեղեցիներու 34 ժողովականները, Յունիս 9ին Զակրեպի մէջ ժողով կը գումարեն ունենալով որպէս խորհրդածութեան նիւթ ''ընկերային եւ տնտեսական տագնապը, միջազգային ֆինանսական դրութեան փլուզումը եւ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ նպաստը''։ Եկեղեցւոյ գնահատումով արեւմտեան աշխարհի ներկայ տագնապը ամենէն առաջ բարոյականութեան եւ արժէքներու տագնապ է։ Ընկերային հարցերու պատասխանատու եպիսկոպոսները Զակրեպի հանդիպումին նաեւ կ'ուսումնասիրեն գործազրկութեան հարցը, ընկերային խռովութիւնները, գաղթականութիւնը եւ թոշակի դրութեան տագնապը։








All the contents on this site are copyrighted ©.