2009-06-06 12:30:04

 


Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարի Եւրոպայի եւ Եւրասիոյ հարցերու տեղակալ Ֆիլիփ Կորտըն 9 յունիսին Հայաստան պիտի այցելէ։

Այցելութեան նպատակն է քննարկել շրջանային եւ երկկողմանի հետաքրքրութիւն ներկայացնող հարցեր։ Այս առթիւ Ֆիլիփ Կորտըն հանդիպումներ պիտի ունենայ Հայաստանի իշխանութիւններուն, եւ քաղաքացիական հասարակութեան ներկայացուցիչներուն հետ։ Հայաստան այցելութենէն ետք Կորտըն պիտի այցելէ նաեւ Վրաստան եւ Ազրպէյճան։



Նոր Յառաջ թերթը լոյս պիտի տեսնէ Հոկտեմբերէն սկսեալ



Ֆրանս Արմենի ամսագիրը տեղեկացուցած է Նոյեան Տապան լրատու գործակալութեան որ արձագանգելով Փարիզի Յառաջ օրաթերթի տպագրութեան դադրեցումին՝ ֆրանսահայութիւնը կը յայտարարէ ՜՜Նոր Յառաջ՝՝ թերթը ստեղծելու մտայղացումին մասին։ Այդ գաղափարին շուրջ համախմբուած են ֆրանսահայ մտաւորականութեան յայտնի դէմքերը։ Ըստ ամսագիրին, ֆրանսահայերը հայերէն մամուլի կարիք ունին եւ անընդունելի կը նկատեն Յառաջի կորուստը։ Այդ նպատակով ալ ստեղծուած է ՜՜Նոր Յառաջ՝՝ եւ ՜՜Նոր Յառաջի ընկերներ՝՝ ընկերակցութիւնները, որոնք պատրաստ են հովանաւորելու եւ աջակցելու այս մտայղացումի իրականացումին։

՜՜Նոր Յառաջի ընկերներ՝՝ կազմակերպութիւնը արդէն արձանագրուած է Ֆրանսայի համապատասխան մարմիններուն մօտ՝ իբրեւ ոչ կառավարական կազմակերպութիւն։ Ներկայիս անիկա միջոցներ կը փնտռէ՝ օրաթերթի լոյս ընծայման համար անհրաժեշտ տնտեսական օգնութիւնը ապահովելու նպատակով։

Նոր Յառաջին աշխատակցելու ցանկութիւն յայտնած են բազմաթիւ հայեր աշխարհի տարբեր անկիւններէն։ Ներկայիս կը պատրաստուի թերթի կանոնագրութիւնը՝ ֆրանսական օրէնսդրութեան համապատասխան։ Օրաթերթը լոյս պիտի տեսնէ ընթացիկ տարուան հոկտեմբեր ամիսէն սկսեալ։



Պզտիկ-Մզտիկի ՜՜ Սիրելի մայրիկ՝՝ գրքոյկը

Լոյս տեսած է արդէն Պզտիկ-Մզտիկի իբրեւ գրքոյկ երկրորդ հրատարակութիւնը։ Սիրելի մայրիկ խորագիրը կրող գրքոյկին մէջ ամփոփուած են 226 հայ երեխաներու սրտաբուխ գրութիւնները՝ իրենց մայրերուն մասին։

Ասիկա Պզտիկ-Մզտիկի խմբագրութեան եւ լիբանանահայ յարանուանական եւ միութենական վարժարաններու տնօրէնութիւններուն միջեւ շուտով արդէն տասնամեակ մը կտրող արդիւնաւէտ համագործակցութեան արդիւնքն է։ Համատեղ խորհրդակցութիւն-քննարկումներ կրթական պատասխանատուներու հետ, նախաձեռնութիւններ եւ մանաւանդ անվերապահ ընդառաջումներ տնօրէններուն, ուսուցիչներուն, աշակերտներուն եւ ծնողներուն կողմէ։

Պզտիկ-Մզտիկը կը քաջելերեն անանուն նուիրատուները՝ որոնք կը հաւատան հայ մամուլի առաքելութեան, որպէսզի հայ աշակերտը կանուխ տարիքէն ունենայ մօտիկութիւնը եւ փորձառութիւնը մամուլին հանդէպ



Լիբանանի մէջ միջդպրոցական ժողովրդական պարերու փառատօն

Լիբանանի կրթութեան նախարարութեան կողմէ կազմակերպուած միջդպրոցական լիբանանեան տապքէի եւ այլազան պարերու փառատօնի աւարտական հանդէսին զտումի աւարտական հանգրուանին Համազգայինի Արսլանեան Ճեմարանի աղջիկներու խումբը տիրացած էր առաջին տիտղոսին։ Իսկ Ազգային Եղիշէ Մանուկեան վարժարանը հանդիսացած էր կրտսեր պարախումբերու ախոյեան։

Եւ Հայ կաթողիկէ Հարպոյեան վարժարանի աղջիկներու խումբը, որ կը բաղկանայ 12 անդամներէ, տիրացաւ աղջկանց ախոյեանութեան երկրորդ դիրքին։ Խումբը պարտադիր տապքէ պարի մը կողքին նաեւ ներկայացուց հայկական պար մը, որ նոյնինքն առիթ հանդիսացաւ օտար հանրութեան ծանօթացնելու հայկական պարարուեստը։

  








All the contents on this site are copyrighted ©.