2009-06-05 13:56:47

Լուրեր հայկական կեանքէն

Նիւ Եորքի ՜՜Ս. Վարդան՝՝ Մայր տաճարի պատմութեան մէջ նոր էջ մը բացուեցաւ պրոնզեայ նոր դռներու օծումով։


Միացեալ Նահաններ- Նիւ Եորքի ՜՜Ս. Վարդան՝՝ Մայր տաճարը օժտուած է պրոնզեայ նոր դռներով։ Դռներուն վրայ քանդակուած են հայ քրիստոնէութեան ծնունդը խորհրդանշող Տրդատ Թագաւորի մկրտութիւնը, Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչի ձեռքով՝ ի ներկայութեան Աշխէն Թագուհիի՝ Ս. Էջմիածնի եւ հայրենի Մասիսներու հովանիին ներքեւ։ Նոր դռները պատրաստեց Սեդրակ Ակոնեան։

Արեւելեան Թեմի Առաջնորդ Խաժակ Արք. Պարսամեան կատարեց սոյն դռներուն օծումը Ս. Պատարագի ընթացքին եւ այս առիթով իր արտասանած՝ քարոզին բնաբան ընտրած էր ՜՜Ս. Հոգւոյն էջքը առաքեալներու վրայ՝՝։ Ան ըսաւ. ՜՜Անոնք լեցուեցան Ս. Հոգիով, ու սկսան այլ լեզուներ խօսիլ։ Այս պահուն էր որ՝ Սուրբ Հոգին կրակէ լեզուներու նման հանգչեցաւ իրենց վրայ եւ անոնցմէ ամէն մէկը նոր անձ մը դարձաւ եւ Քրիստոսի հրահանգով անոնք գացին աշխարհի զանազան կողմերը եւ ժողովուրդներուն քարոզեցին ՜՜այն ինչ որ իրենց Վարդապետէն սորված էին, մկրտութիւններ կատարեցին Հօր, Որդիին եւ Ս Հոգիին անունով եւ զանոնք դարձուցին Քրիստոսի աշակերտները՝՝։ Այդ առաքեալներէն երկուքը՝ ՜՜Ս Թադէոս եւ Ս Բարթողոմէոս՝՝ սկսան Հայերէն խօսիլ եւ Հայաստան գալով ցանեցին քրիստոնէութեան սերմերը, որոնք աճելով 301 թուականին Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչի միջոցաւ Հայոց Տրդատ Թագաւորը քրիստոնեայ մկրտուեցաւ եւ Քրիստոնէութիւնը պետական կրօնք հռչակուեցաւ։ Եւ աւելի քան 1700 տարի մեր ժողովուրդը հաւատարիմ մնաց Քրիստոսի եւ հակառակ բազում արհաւիրքներուն եւ ցեղասպանութեան երբեք չուրացաւ իր խոր հաւատքը։ Մեր ժողովուրդին վիճակուած 20-րդ դարու առաջին ցեղասպանութենէն վերապրողներն են որ իրենց հաւատքի զօրութեամբ կանգնեցին Ս. Վարդան Մայր Տաճարը եւ այսօր ալ, Հոգեգալստեան տօնին, մենք հաւաքուած ենք այստեղ օծելու արտաքին պրոնզեայ նոր դռները՝ նոր էջ մը բանալով Մայր Տաճարի պատմութեան մէջ։

Առաջնորդին քարոզէն ետք, Մայր Տաճար մուտք գործեց Նիւ Եորքի քաղաքապետը՝ Մայքըլ Պլումպըրկ, որ հետեւեցաւ Ս. Պատարագի արարողութեան։

Ս. Պատարագի աւարտին՝ Սրբազանը, աւելի քան 800 հաւատացեալներուն ներկայացուց քաղաքապետը հետեւեալ բառերով ՜՜Մեզի համար մեծ հաճոյք եւ պատիւ է Մայր Տաճարին մէջ ողջունել արժանաւոր ղեկավարը եւ այս մեծ քաղաքի քաղաքապետը՝ Մայքըլ Պլումպըրկը՝ որպէս բարեկամ եւ մեր ընտանիքի անդամը՝՝։ ՜՜Ս. Վարդան՝՝ Մայր Տաճարը հոգեւոր տունն է ոչ միայն Նիւ Եորք քաղաքի բնակիչներուն՝ այլ նաեւ ամբողջ երկրին։ Բարի եկած էք եւ կ'աղօթենք որ Տէրը շարունակէ ձեզ ոգեշնչել եւ առաջնորդ հանդիսանալ ՜՜ի նպաստ քաղաքի բարգաւաճման, ձեր յանձն առած ջանքերուն՝՝։

Քաղաքապետ Պլումպըրկ պատասխանելով Սրբազանին, ի մէջ այլոց ըսաւ. ՜՜Երբ ի մտի ունենանք որ այս Տաճարը կառուցողները հայկական ցեղասպանութենէն վերապրողներն են՝ այդ պարագան զօրաւոր յուշարար մը կ'ըլլայ բոլոր մարդկութեան՝ որ տառապանքի մոխիրներէն յառնած հոգիներ, ինչպիսի ճարտարութիւն ունեցած են, ստեղծելու՝ այսպիսի գեղեցկութիւն մը։

Ապա Խաժակ Սրբազանը եւ քաղաքապետը դուրս ելան եւ միասնաբար վար առին նոր դռները ծածկող վարագոյրը։

Ապա՝ բոլոր հաւատացեալները հաւաքուեցան Մայր Տաճարին բակը, ուր մասնաւոր արարողութեամբ Սրբազանը կատարեց նոր դռներուն օծումը։

Գրողներու Միութիւնը Նշեց Արուեստաբան Ռոմանոս Սահակեանի 70ամեակը Հայաստանի գրողներու միութիւնը 3 Յունիս 2009ին հանդիսաւոր ձեւով նշեց բանաստեղծ, արուեստաբան, Հայ Գրողներու Միութեան անդամ Ռոմանոս Սահակեանի 70ամեակը:

 Միութեան նախագահը Լեւոն Անանեան, այս առիթով յայտնեց, թէ տարիներ առաջ Ղարաբաղի Մարտակերտ շրջանի Թալիշ գիւղէն ժամանած պատանին, ձգելով ՝ Երեւանի բժշկական ուսումնարանը, ընտրեց գրականութեան ճամբան, իսկ ներկայիս անոր բանաստեղծութիւններու բազմաթիւ ժողովածուները յատուկ տեղ կը գրաւեն հայ քնարերգութեան մէջ:

Յոբելեարին ողջոյնի ջերմ խօսքեր յղեցին բանաստեղծ Սասուն Գրիգորեան, Լեզուի պետական տեսչութեան պետ Լավրենտի Միրզոյեան, եւ երգիչ Արսէն Գրիգորեան, իսկ արուեստաբանին չափածոյ եւ արձակ գործերէն նմուշներ ներկայացուց ասմունքող Գայեանէ Սամուէլեան, որ նաեւ վարեց ձեռնարկը: Այս առիթով Ռոմանոս Սահակեան պարգեւատրուեցաւ Հայաստանի գրողներու միութեան «Վաստակի համար» շքանշանով: Նաեւ նշուեցաւ, թէ հեղինակը 1993ին արժանացած էր ՜՜Ղազարոս Աղայեան՝՝ի անուան մրցանակին՝ իր՜՜Արուեստ քերթութեան՝՝ բանաստեղծական ժողովածուին համար:

Եւրոպական Երկիրներու հետաքրքրութիւնը՝Հայաստանի հանդէպ աւելցած է։ Արտասահմանցի գործարարները սկսած են առանձնակի հետաքրքրութիւն ցուցաբերել հայաստանեան շարք մը ոլորտներու նկատմամբ: Զարգացման հայկական գործակալութեան գլխաւոր տնօրէն Ռոպերթ Յարութիւնեան, Յունիս 2ին «Արմէնփրէս»ի հետ ունեցած զրոյցի մը ընթացքին նշած է, որ ճգնաժամը թէեւ ունի բացասական կողմեր, սակայն կան նաեւ անոր դրական գիծերը: Այդ ծիրէն ներս, տարբեր երկիրներ եւ գործարարներ կը փորձեն աշխուժացնել իրենց կապերը ու գտնել նոր շուկաներ՝ իրենց դրամագլուխի առաւել արդիւնաւէտ կիրառման համար: Այդ տեսանկիւնէն Հայաստանի հանդէպ հետաքրքրութիւնը զգալիօրէն աճած է, մասնաւորապէս՝ եւրոպական երկիրներու կողմէ: «Մնում է միայն այդ շփումները վերածել կոնկրէտ գործերի եւ բիզնէս-ծրագրերի», ըսած է Ռոպերթ Յարութիւնեան աւելցնելով որ համաշխարհային ֆինանսատնտեսական ճգնաժամի հիմնական հարուածը Հայաստանին, եւ ընդհանրապէս հարեւան երկիրներուն, պատահած է այս տարուան առաջին եռամսեակին, զոր կարելի է գնահատել իբրեւ ծանր շրջան: Տարուան միւս հատուածին կ՛ակնկալուի իրավիճակի դրական փոփոխութիւն եւ ներդրումներու աճ: Վիճակագրական տուեալներով, այս տարուան առաջին եռամսեակին Հայաստանէն ներս ներդրումները կազմած են շուրջ 160 միլիոն տոլար, մինչդեռ նախորդ տարի ուղղակի ներդրումները Հայաստանի մէջ եղած են բաւական մեծածաւալ՝ շուրջ 1 միլիառ տոլար:  Ճգնաժամի հետեւանքով անկատար մնացած կամ յետաձգուած ծրագիրները կը կազմեն Զարգացման հայկական գործակալութեան ծրագիրներուն մէկ փոքր մասը: Բարձր գիտարուեստի, ոսկեգործութեան եւ ադամանդագործութեան, ինչպէս նաեւ գիւղատնտեսութեան բնագաւառներուն մէջ կը նկատուի աշխուժացման աճ:  








All the contents on this site are copyrighted ©.