2009-06-05 13:56:30

Էջ մը հայ երաժշտութենէն

Այսօր պիտի խօսինք Փրօֆ. Թովմաս Պօղոսեանի մասին. Արուեստագէտը որ իր Կրծքով կը Պաշտպանէ Հայ Մշակոյթը


Թովմաս Պօղոսեան ծնած է Լոռիի Սաչապետ գիւղը. միջնակարգ կրթութիւնը ստացած է Թիֆլիսի մէջ, այնուհետեւ վերադառնալով հայրենիք, շարունակած է ուսումը եւ աւարտած է Կիրովականի (այժմ՝ Վանաձորի) մանկավարժական համալսարանի բանասիրական բաժինը։ Բանասիրական կրթութիւն ստանալէն ետք, Թովմաս Պօղոսեան զուգահեռաբար որոշած է զբաղիլ բանահաւաքութեամբ, փայփայելով յետագայ կարեւորագոյն ծրագրերը։ Այսօր ան ունի 6000-է աւելի երգերու հաւաքածոյ։ Շնորհիւ իր բեղմնաւոր ու ժրաջան աշխատանքին ու գործունէութեան, ան իրականացուց ոչ իրագործելի կամ ամենեւին անհնար թուացող շարք մը կառոյցներ, որոնք դարձան ՜՜հայ մշակոյթի խթաններ՝՝։ Աւարտելով Երեւանի Պետական երաժշտանոցը միաժամանակ ունենալով բանասիրական կրթութիւն, ուժերը մէկտեղելով, ան խորացաւ աշուղագիտութեան մէջ։ Քաջ գիտէր աշուղական երգի զարգացումն ու կարեւորութիւնը։

Հայրենիքի ճգնաժամ օրերուն՝ 1992ին. ան իր երկաթեայ կամքով ու եռանդով լեցուն եւ պատրաստ հնարաւոր չափով գործելու, վերստեղծեց ՜՜Սայեաթ Նովա՝՝ աշուղական երգի համոյթը , իր շուրջը հաւաքելով արհեստակցական ու տաղանդաւոր երաժիշտները։ Ան ստեղծեց ՜՜Սայաթ-Նովա՝՝ մշակութային Միութիւնը, աշուղագիտական կեդրոնը, ուր իր շուրջ հաւաքեց քառասուն մերօրեայ աշուղները, որոնց ստեղծագործութիւններուն պաշտպանն է։ Անոր ստեղծագործական գործունէութեան եւ ձեռքբերումներու գագաթնակէտը դարձաւ 1995ին. հիմնադրուած ՜՜ Ջիւանի՝՝ անուան աշուղական դպրոցը, որ կոչուած է սերունդ դաստիարակելու, դպրոց, ուր եւ կը դաստիարակուին աշուղական երգի օրէնքներով։ Թովմաս Պօղոսեանի անուան հետ կապուած են բաւականին լուրջ եւ ծանրակշիռ գործեր, որոնք մեր այսօրուան ու վաղուայ ապագան են, իրենց պատմական կարեւորութեամբ։ Արուեստագէտը, որ կրծքով կը պաշտպանէ հայ մշակոյթը։ Կարելի է զինք անուանել ոչ միայն մշակոյթի գործիչ, այլ նաեւ մշակոյթի կոթող։ Հարկ է նշել, որ իր ստեղծագործական գործունէութիւնը ինչպէս հայրենիքի մէջ, այնպէս էլ սփիւռքի տարածքին արժանացած է բարձր գնահատանքի։ Խօսելով մեծ արուեստագէտի՝ ՀՀ վաստակաւոր արտիստ Թովմաս Պօղոսեանի մասին, հարկ է նշել անոր 35 ամեայ գործունէութիւնը։ Անոր գործունէութեան իւրաքանչիւր օրն ու տարին յագեցած են պատմական նշանակութիւն ունեցող փաստերով որուն վառ ապացոյցն է Ջիւանի 150 անտիպ երգերու ժողովածուն, նոյնպէս Ջիւանի անուան դպրոցի հիմնադրումը եւ բազմաթիւ թանկագին գործեր, որոնք կը դառնան ազգի սեփականութիւնը։

Թովմաս Պօղոսեան ունի մէկ առաքելութիւն. այն է՝ ծառայել հայրենիքին եւ հարազատ ժողովուրդին։



 








All the contents on this site are copyrighted ©.