2009-06-05 13:30:59

Ակնարկ Մը Ազգային Ու Միջազգային Դէպքերուն։


Ակնարկ Մը Ազգային Ու Միջազգային Դէպքերուն։

ՍԱՐԳՍԵԱՆ - ԱԼԻԵՒ ՀԻՆԳԵՐՈՐԴ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ՝ Ս ՓԵԹԵՐՍՊՈՒՐԿԻ ՄԷՋ։

Երէկ Ս. Փեթերսպուրկի մէջ տեղի ունեցաւ Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի նախագահներ Սերժ Սարգսեանի եւ Իլհամ Ալիեւի հանդիպումը։ Հայաստանի նախագահի մամլոյ գրասենեակը կը հաղորդէ, որ Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի խաղաղ լուծման բանակցային գործընթացին մէջ Ս. Փեթերսպուրկի այս հանդիպումը հինգերորդն էր երկու նախագահներուն միջեւ։Հանդիպումը սկսաւ Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարներ Էդուարդ Նալբանդեանի եւ Էլմար Մամետեարովի, ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահներ Եուրի Մերզլեաքովի, Մեթիու Պրայզայի եւ Պեռնար Ֆասիէի, ինչպէս նաեւ ԵԱՀԿ-ի գործող նախագահի անձնական ներկայացուցիչ Անճէյ Քասփրչիքի մասնակցութեամբ։ Այնուհետեւ Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի նախագահները հանդիպումը շարունակեցին դէմ առ դէմ ։ Մօտ 2,5 ժամ տեւած բանակցութիւնները անկէ ետք դարձեալ շարունակուեցան ընդլայնուած կազմով։ Ըստ Հայաստանի Հանրային Ռատիոյին, նախագահներ Ս. Սարգսեանի եւ Իլհամ Ալիեւի հանդիպումէն ետք լրագրողներուն հետ կարճ զրոյց ունեցան երկու երկիրներու արտաքին գործոց նախարարները։ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեան յայտարարեց, որ Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի նախագահներուն երէկուան բանակցութիւններուն մէջ բեկում կամ շօշափելի յառաջընթաց չէ արձանագրուած։ Նալբանդեան ըսաւ ՝՝Հակառակ անոր որ այսօր կարելի չէ խօսիլ ՝՝բեկման՝՝ կամ ՝՝շօշափելի յառաջընթացի՝՝ մասին, կողմերը յառաջ կ'ընթանան եւ համաձայնած են շարունակել բանակցութիւնները՝՝։ Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Էլմար Մամետեարով նոյնպէս ընդծեց, որ բեկում չէ եղած, սակայն կայ տեղաշարժ։

Յունիս 16-ին Հայաստան պիտի ժամանէ Սուրիոյ նախագահը՝ ՊԱՇԱՐ ԱՍԱՏ։ Սուրիոյ նախագահ Պաշար Ասատը Յունիս 16-ին պաշտօնական այցով պիտի ժամանէ Հայաստան։ Դամասկոսի հայկական դեսպանատունը յայտնած է թուականի մասին։ Այցը տեղի պիտի ունենայ Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեանի հրաւէրով։Յիշենք որ Սուրիոյ նախագահ Հաֆեզ Ասատը(ներկայ նախագահի հայրը) Հայաստանը այցելած էր 30 տարի առաջ։

Սկսած են Հայաստանէն Թուրքիա ելեկտրականութիւն արտածելու աշխատանքները։

Յունիս 3ին հանդիպելով լրագրողներու հետ՝ Հայաստանի ուժանիւթի եւ բնական պաշարներու նախարար Արմէն Մովսիսեան հաղորդեց, թէ Հայաստանէն Թուրքիա ելեկտրականութիւն արտածելու ուղղութեամբ համապատասխան աշխատանքներ սկսած են արդէն։ Մովսիսեան յայտնեց, թէ Հայաստան բաւական լաւ փորձ ունի, եւ այս ուղղութեամբ նախապէս աշխատանքներ կատարուած են Վրաստանի եւ Իրանի հետ։ Պայմանագիրը ստորա- րուած է թրքական Կոմերսիոն ընկերութեան հետ։

Թրքական Մամուլը Կը Հետեւի Հայաստանի Հիւլէակայանի Զարգացումներուն ։ Թրքական ՝՝Զաման՝՝թերթի յօդուածագիր Ֆիքրէթ Էրթան շատ լայն բացատրութիւններ կու տայ Հայաստանի Մեծամօր-ի Հիւլէակայանին մասին։ Յօդուածագիրը կը նշէ, որ Հայաստան, հակառակ Միացեալ Նահանգներու եւ Եւրոմիութեան ճընշումներուն, վճռաբար կը շարունակէ գործածել Մեծամօրը, որ խորհրդային օրերէն մնացած ըլլալլուն պատճառով վստահութիւն չի ներշնչեր այլեւս։ Լրագրողը կ՛աւելցնէ, թէ Հայաստանի այդ վճռակամութեան դիմաց, Արեւմուտքը ստիպուեցաւ միլիոնաւոր տոլարներ տալու Հայաստանին, որպէսզի Հայաստան կարելի չափով ապահով դարձնէ կայանը։ Ան կը գրէ, թէ Թուրքիա տակաւին հիւլէակայան չունի, սակայն աշխատանք կը տանի զայն կառուցելու համար։ Թուրքիոյ դրացի երկիրներէն Ուքրանիան, Պուլկարիան եւ Հայաստանը ունին իրենց հիւլէակայանները։ Հայաստանի հին կայանը աշխատանքէ պիտի դադրի 2017 թուականին։ Ատիկա չի նշանակեր, որ Հայաստան պիտի հրաժարի հիւլէական ուժանիւթէ,( կը գրէ թուրք յօդուածագիրը ֆիքրէթ Էրթան)։








All the contents on this site are copyrighted ©.