2009-06-04 12:49:33

Յունիս ամիսը Յիսուսի սուրբ սրտի ամիս է։ 4


Փրկիչ բոլորից

Փութա զիս փրկել

Փորձութեանց մեղաց։

Քաւիչ յանձանաց,

Քաւեա զօրհնաբանս

Քեզ երգել ըզփառս։



Նուիրում առ Փրկիչն Յիսուս



Երկիրպագելի փրկիչ Յիսուս, սէրդ մեզի հանդէպ`

կը գերազանցէ ամէն մտածում ու խօսք։

Մեզ քեզի նման դարձնելու համար,

Դուն մարդ եղար մեզի նման։

Յաւիտենական մահէն ու դժոխքէն մեզ փրկելու համար

ինքզինքդ մահուան յանձնեցիր, եւ այդ`

ամենէն նախատալիցը, խաչի մահը։

Երկնաւոր Հօրդ բարկութենէն մեզ զերծ պահելու համար`

յանձն առիր տիգախոց ըլլալ սուրբ սրտէդ։

Եւ իբրեւ լրում անպատմելի սիրոյդ ու հրաշքներուդ`

ամէն օր կը զոհուիս մեր խորաններուն վրայ

եւ ինքզինքդ կու տաս մեզի իբր կերակուր`

սուրբ Հաղորդութեան մէջ։

Իսկ ի՞նչ կը խնդրես մեզմէ, սէր գերահրաշ,

քու սիրոյդ եւ բարիքներուդ փոխարէն, բացի մեր սրտէն,

բայց չէ՞որ արդէն պարտական ենք մենք նուիրելու զայն քեզի։








All the contents on this site are copyrighted ©.