2009-06-04 12:49:15

Լուրեր հայկական կեանքէն

Նալբանդեան ընդունեց Հայաստանի մէջ Հոլանտայի դեսպանը


Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեան ընդունեց Հայաստանի մէջ Հոլանտայի դեսպան Օննօ Էլտերենպոսը՝ Երեւանի մէջ դիւանագիտական իր առաքելութեան աւարտին առիթով։ Շնորհակալութիւն յայտնելով դեսպանին իր առաքելութեան ընթացքին հայ-հոլանտական յարաբերութիւններու զարգացումը խթանելուն համար՝ նախարար Նալբանդեան ընդգծեց, որ Հայաստան կարեւոր կը նկատէ տարբեր մարզերու մէջ հայ-հոլանտական համագործակցութեան ամրապնդումն ու խորացումը։



Անկախ Պետութիւններու հասարակապետութեան երկիրներու պատմաբաններու ընկերակցութեան խորհրդակցութիւնը Երեւանի մէջ։

Ընթացիկ տարւոյն Յունիս 15-16, Անկախ պետութիւններու հասարակապետութեան երկիրներու պատմաբաններու ընկերութեան ամէնամեայ խորհրդակցութիւնը տեղի պիտի ունենայ Երեւանի մէջ, անոր պիտի յաջորդեն Անկախ պետութիւններու հասարակապետութեան երկիրներու երիտասարդ պատմաբաններու ամառնային դպրոցի դասընթացքները, եւ որոնք տեղի պիտի ունենան մինչեւ 21 յունիս։ Այնտեղ պիտի քննարկուին Հայաստանի խորհրդային ժամանակաշրջանի պետական վարչաիրաւական կարգավիճակին հետ կապուած հարցերը։ Խորհրդակցութեան պիտի մասնակցին ո՛չ միայն Անկախ պետութիւններու հասարակապետութեան երկիրները, այլեւ նախկին համայնավար Լեհաստանի, Էսթոնիոյ, Լաթվիոյ, Պուլկարիոյ պատմաբանները։ Նշենք, որ Անկախ պետութիւններու հասարակապետութեան երկիրներու ընկերութիւնը հինգ տարուան պատմութիւն ունի։ Անոր անդամ է Հայաստանի Գիտութիւններու ազգային ակադեմիայի հիմնարկը։ Անցեալ տարի խորհրդակցութիւնը տեղի ունեցած է Մոսկուայի մէջ, իսկ այս տարի ընկերութեան նախագահին՝ ակադեմիկոս Ալեքսանտր Չուբարեանի առաջարկով տեղի պիտի ունենայ Երեւանի մէջ։



100 միլիոն տոլարի վարկ՝ ադամանդի հումքի գնման համար

Ռուսիա Հայաստանին կը տրամադրէ 100 միլիոն տոլարի վարկ՝ ադամանդի հումքի գնման համար։ Այսպէս ըսած է մամլոյ ասուլիսի ընթացքին Հայաստանի տնտեսութեան նախարարութեան առեւտուրի՝ արդիւնաւէտ շուկաներու վարչութեան պետը՝ Գագիկ Քոչարեան նշելով որ ներկայ պահուն Հայաստանը՝ ռուսական ԱԼՌՈՍԱ ակնագործական ընկերութեան հետ բանակցութիւններ կը վարէ, ադամանդի հումքի գնման չափաբաժնի վերաբերեալ։ 100 միլիոն տոլարը կը տրուի Հայաստանին առանձին վարկի տեսքով, այսինքն անիկա (ըսած է Գագիկ Քոչարեան) որեւէ կապ չունի Ռուսիոյ կողմէ արդէն իսկ հաստատուած՝ 500 միլիոն տոլարի վարկի հետ։








All the contents on this site are copyrighted ©.