2009-06-04 12:48:56

Լուրեր հայ կաթողիկէ պատրիարքարանէն


Պէյրութի Ա. ընտրաշրջանի թեկնածուներու այցելութիւնը Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքարան։

Ամենապատիւ եւ Գերերջանիկ Տ. Ներսէս Պետրոս ԺԹ Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց կաթողիկոս պատրիարքը՝ ընդունեց պատրիարքարանին մէջ (Պէյրութ) Ա. ընտրաշրջանի թեկնածուները նախարարներ Միշէլ ֆէրաուն եւ Ժան Օկապասեան, երեսփոխան Սերժ Թուրսարգիսեան, Նայլա Թուէյնի եւ Նատիմ Ժէմայէլ ։ Հանդիպումին ներկայ եղաւ նաեւ պատրիարքական փոխանորդ Արհիապատիւ Վարդան Եպս. Աշգարեան։




Հայրապետական Պատգամ Մայիս Ամսուայ Ջերմեռանդութեան Փակման Առիթով



Ահա՛ Մայիս ամսուայ վերջին օրուան հասած ենք։ Այս ամսուան ընթացքին ամէն օր կանոնաւոր կերպով Ս. Վարդարանը աղօթեցիք, երբեմն ալ հասարակութեամբ՝ եկեղեցի երթալով, յիշելով Յիսուսին խօսքը. Հոն ուր երկու կամ երեք հոգի հաւաքուած ըլլան իմ անունովս, ես անոնց մէջն եմ։ Ամէն օր դիմեցիք Աստուածամօր մայրական գուրգուրանքին, ձեզի եւ ուրիշներուն համար խնդրեցիք լոյս, խաղաղութիւն եւ այլ շնորհքներ։ Աստուածամօր դիմեցիք, որովհետեւ վստահութիւն ունէիք որ ձեր երկնաւոր մայրը միշտ լսած է ձեր պաղատանքները եւ ձեզի օգնութեան հասած է։ Արդարեւ, Ս. Աստուածածնի լիտանիայի մէջ կը կրկնենք այս աղաչանքը. Օգնական քրիստոնէից - աղօթեա՛ վասն մեր։ Ասոր համար դուք սիրով եւ յոյսով միշտ իրեն ապաւինած էք եւ այսպէս ալ սորվեցուցած էք ուրիշներուն, մանաւանդ խռովուած հոգիներուն։

Լեւոն ԺԳ. Սրբազան Քահանայապետը կ'ըսէ. Ս. Վարդարանը մեր հաւատքի ինքնութեան թուղթին կը նմանի։ Սրբ. Հայրը կը քաջալերէ Ս. Վարդարանի աղօթքը, ըսելով որ անոր մէջ՝ այնպէս լաւ եւ օգտակար կերպով միացած են աղօթքները, որ Ս. Վարդարանի աղօթքը կը դառնայ ազդու միջոց մը հաւատքը վառ պահելու համար։ Իցի՜ւ թէ քրիստոնեաները ունենան Ս. Վարդարանը իրենց ձեռքերուն մէջ եւ անոր մասին ջերմեռանդ խորհրդածութիւններ կատարեն կ'ըսէ Սրբ. Պապը։ Մենք, որ հաւատացեալ, գիտենք որ Աստուած խոնարհ հոգիներուն միայն ինքզինք կը յայտնէ եւ անոնց աղօթքները կը լսէ։ Յաճախ Ս. Գիրքը կը կրկնէ այս կարեւոր ազդարարութիւնը եւ միանգամայն շահեկան խոստումը. կ'ըսէ. Աստուած ամբարտաւաններուն կը հակառակի եւ իր շնորհքը կու տայ խոնարհներուն։ Խոնարհութեան ցայտուն օրինակն է՝ Ս. Կոյս Մարիամ, զոր Աստուած ընտրեց իր Միածին Որդիին մայրը ըլլալու՝ անոր խոնարհութեան պատճառով։ Մինչ Իսրայէլին մէջ, Դաւիթի սերունդի աղջիկները կը մրցէին ամուսնանալու յուսալով Փրկչին մայրը դառնալու, ըստ մարգարէներու խօսքին։ Մարիամ, որ ինքն ալ Դաւիթի սերունդէն էր, ինքզինք անարժան համարեց այնպիսի մեծ պատիւին եւ իր կեանքը նուիրեց կուսութեան՝ Աստուծոյ ծառայութեան տաճարին մէջ։ Հրեշտակի խօսքէն ետք, Մարիամ հռչակեց իր Մեծացուցէն, որ դարձաւ նշանաւոր աղօթք մը։ Ըսաւ՝ Անձս կը փառաւորէ Տէրը եւ հոգիս կը ցնծայ Աստուծմով՝ իմ Փրկիչովս։ Որովհետեւ հաճեցաւ նայիլ իր աղախինին խոնարհութեան եւ այսուհետեւ բոլոր ազերը երան՜ի պիտի ըսեն ինծի։ Մարիամ խոնարհաբար ամէն ինչ Աստուծոյ վերագրեց եւ ոչինչ իրեն։

Ս. Պօղոս Առաքեալը մեզ կը խրախուսէ խոնարհ ըլլալու հետեւեալ իմաստուն խօսքերով. Բան մի՛ ընէք մրցակցութեան ոգիով կամ սնապարծութեամբ, այլ՝ իւրաքանչիւրը խոնարհութեամբ ուրիշը իրմէ գերադաս թող համարի։ Ներկայ մարդոց աշխարհային վարուելակերպը ո՞ւր եւ քրիստոնէական վարուելակերպը ո՞ւր։ Երկուքին միջեւ հակասութիւն կայ, եւ դժբախտաբար շատ մը քրիստոնեաներ խաբուած կը մնան, եւ աշխարհային վարուելակերպին կը հետեւին, կարծելով թէ անիկա իրենց աւելի նպաստաւոր պիտի ըլլայ։

Երանի՛ անոր որ կ'ըմբռնէ Ս. Գիրքին խօսքը, որովհետեւ շատեր զայն կը լսեն բայց չեն հասկնար, անոր քովէն կանցնին եւ անկէ չեն օգտուիր։

Երանի՛ անոր որ գիտէ զանազանել աստուածային եւ մարդկային խօսքին միջեւ, եւ ընտրել էականը եւ ոչ անցողականը, ընտրել ճշմարտութիւնը եւ ոչ ճշմարտութեան երեւոյթը։

Երանի՛ անոնց որ ամէն օր կը կարդան Ս. Պօղոսի թուղթերէն գլուխ մը, մանաւանդ Ս. Պօղոսի նուիրուած այս տարուան առիթով, որովհետեւ անկէ շատ բան պիտի սորվին եւ իմաստութիւն պիտի շահին։

Եւ երանի՛ պարզ հոգիներուն, որոնք կը համապատասխանեն Աստուծոյ շնորհքին, եւ կեանքի դժուարութիւններէն չեն գայթակղիր, որոնք կը հետեւին Աստուծոյ ձայնին եւ որոշում առնելու ժամանակ չեն վարանիր։ Անոնք՝ պարզ ու խոնարհ են Ս. Կոյսի նման, կը հաւատան աստուածային խօսքին , որ կը թափանցէ անոնց սիրտը եւ զայն կը բեղմնաւորէ ինչպէս Մարիամին։ Իսկ անոնք, որոնց սիրտն ու միտքը զբաղուած են այլեւայլ մարդկային հաշիւներով, անոնք կարեւորութիւն չեն տար Աստուծոյ խօսքին, թէպէտ միայն ան՛ կարողութիւն ունի իրենց երջանկութիւն բերելու։

Որքան անձ մը ինքզինք փոքր համարի, նոյնքան մեծ կերեւի Աստուծոյ առջեւ։ Որքան պարզ է եւ անկեղծ՝ այնքան Աստուած անոր կը շնորհէ իմաստութիւն եւ սիրտի խաղաղութիւն։ Այս է մաղթանքս բոլորիդ, մինչ տակաւին ժամանակ ունիք։

Թո՛ղ Սուրբ Հոգին նորոգէ մեր սիրտերը, Լիբանանը, Միջին Արեւելքը, ինչպէս նաեւ Հայաստան, Ղարաբաղ եւ Ջաւախք, եւ յատուկ կերպով լիբանանցիները, որոնք ընտրութեան վճռական հանգրուանին առջեւ կը գտնուին։ Զանոնք կը քաջալերեմ իրենց քաղաքացիական պարտականութիւնը խճմտօրէն կատարելու, ինչպէս մեզի կ'ուսուցանէ մեր մայրը, Ս. Եկեղեցին, որպէսզի ամէն լիբանանցի վայելէ արդարութիւնը, ապահովութիւնը եւ պատուաւոր գործ մը։ Կը մաղթեմ որ Աստուծոյ արքայութիւնը տարածուի եւ հաստատուի ամենուրեք իր հարազատ զաւակներուն միջոցաւ։

Կը փակեմ յիշելով Նորին Սրբութիւն, Բենեդիկտոս ԺԶ. Սրբազան Քահանայապետին դիտաւորութիւնը, որով կը յանձնէ աշխարհի բոլոր մայրերը եւ անոնց ուրախութիւններն ու դժուարութիւնները Ս. Կոյս Մարիամ Աստուածածնի, շատ սիրալիր Մօր։

Օգնական Քրիստոնէից - Աղօթեա՛ վասն մեր։








All the contents on this site are copyrighted ©.