2009-06-03 13:51:59

Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետին Չորեքշաբթի օրուայ հրապարակային ունկնդրութիւնը


Չորեքշաբթի 3 Յունիս 2009, Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը ընդհանուր ունկնդրութիւն շնորհեց իտալացի եւ օտարազգի հազարաւոր ուխտաւորներուն, Ս. Պետրոս հրապարակին վրայ։

Սրբազան Հայրը, շարունակելով՝ իր խորհրդածութիւնը Միջին դարու հայրապետներու մասին։ Այսօր ներկայացուց ճգնաւոր Ռապան Մօրը` յօրինողը՝ ՜՜Եկ Սուրբ Հոգի, լցո՝ զսիրտս հաւատացելոց քոց՝՝ եկեղեցական հանրաճանաչ աղօթքին։

Սիրեցեալ եղբայրներ ու քոյրեր, ըսաւ Նորին սրբութիւնը,

Այսօր` կ'ուզեմ ձեզի խօսիլ միջին դարու բացառիկ եկեղեցականի մը մասին, ճգնաւոր Ռապան Մօրի մասին, որ վճռականօրէն սատարեց ճանչցնելու քրիստոնէութեան առաջին դարերու հայրապետներու ժառանգութիւնը։ Ճգնաւոր Ռապան Մօրին կը վերագրուի ''Եկ Սուրբ Հոգի, լցո զսիրտս հաւատացելոց քոց'' հանրաճանաչ եկեղեցական աղօթքը։ Ան ծնած է Մայանս շրջանը շուրջ 780 թուականին։ Երիտասարդ տարիքին կը մտնէ Պենետիկտեան մենաստանը, ուր անմիջապէս մտերմութեան մէջ կը մտնէ Աստուծոյ խօսքին հետ։ Ան իր ծաւալուն մշակոյթի ու աշխատանքի մեծ կարողութեան պատճառաւ դարձաւ խորհրդատու իշխաններու, յատկանշուելով չափաւոր պատասխաններով ,ներշնչուած՝ Ս. Գիրքէն ու Եկեղեցւոյ հայրապետներու խօսքերէն։

Ան եղաւ աբբահայրը ֆուլտա աբբայարանին։ Ապա նշանակուեցաւ արքեպիսկոպոս Մայանս թեմին։ Հակառակ իր բազում զբաղումներուն , ան միշտ ժամանակ կը գտնէր աղօթքի եւ ուսումի։

Ան նկատուած է Ս. Գրքի մեծ մեկնաբան մը, իմաստասէր, բանաստեղծ, հովիւ եւ Աստուծոյ մարդ։ Ս. Գրքի մեկնութիւնը ունէր հովուական մտահոգութիւն։ Ան լաւ ուսումնասիրած էր մեկնութիւնները Հերոնիմոս, Ամպրոզիոս, Օգոստինոս եւ մեծն Գրիգոր սուրբերուն։ Այսօր, իր ուսուցումով ու կեանքի օրինակով, ճգնաւոր Ռապան Մօր կը հրաւիրէ մեզ, որ յատկացնենք մեր ժամանակը Աստուծոյ խորհուրդին վրայ մտածելով եւ թոյլ չտանք որ աշխարհի մտահոգութիւնները մեզ խեղդեն եւ Աստուծմէ հեռացնեն։

Այս խորհրդածութեան աւարտին, Նորին Սրբութիւնը զանազան բարբառներով ողջունեց ներկաները մաղթելով՝ որ Ս. Հոգին հեռացնէ բոլորէն ամէն վախ, ու հրահրէ բոլորը իր սիրոյ կրակով։

Եւ նախքան իր առաքելական օրհնութիւնը, Սրբազան Քահանայապետը հայրական խօսք մը ուղղեց երիտասարդներուն, հիւանդներուն եւ նորապսակեալներուն յիշեցնելով որ յառաջիկայ կիրակի օրը եկեղեցին կը յիշատակէ Ամենասուրբ Երրորդութեան տօնը։ Թող այս տօնը, ըսաւ Նորին Սրբութիւնը, հաստատէ ձեզ Աստուածսիրութեան մէջ։








All the contents on this site are copyrighted ©.