2009-06-03 13:53:11

Լուրեր հայկական կեանքէն

Հայաստան կը միանայ Միջազգային Թանգարանային գիշեր ծրագիրին


Միջազգային Թանգարանային գիշեր ծրագիրին միանալով՝ Հայաստանի մայրաքաղաքը եւ երեք մարզերը 16 մայիսին մինչեւ կէս գիշեր իրենց թանգարաններուն դռները բաց պահեցին այցելուներուն դիմաց, որոնք այդ օրը անվճար որեւէ թանգարան այցելելու առիթ ունեցան։ Ասիկա հինգերորդ անգամն է , որ Հայաստան այս ծրագիրին կը միանայ՝ 40 այլ երկիրներու կողքին։

Երեւանի 17 եւ մարզերու (Սիւնիք, Շիրակ, Լոռի) վեց թանգարաններ շաբաթ, 16 մայիսի երեկոյեան ժամը 18։00-24։00 (Հայաստանի ժամանակացոյցով) իրենց դռները անվճար կերպով բաց պահեցին այցելուներուն դիմաց։ Հայաստանի մշակոյթի նախարարութեան կողմէ փոխանցուած տեղեկութիւններուն համաձայն, ծրագիրին մասնակից բոլոր թանգարանները ներկայացուցին 48 ինքնատիպ միջոցառումներ, հանդիսութիւններ, ցուցադրութիւններ եւ պարեր։

Թանգարանային գիշեր ծրագիրը սկսած է 1999-ին, գարնանային կիրակի մը, ֆրանսական թանգարաններէն։ Ան սկիզբը կը կոչուէր Թանգարաններու գարուն, իսկ աւելի ուշ վերանուանուեցաւ Թանգարանային գիշեր՝ արժանանալով եւրոպական մշակութային միութեան անդամ 39 երկիրներու ուշադրութեան եւ Եւրոպական խորհուրդի աջակցութեան։ Հայաստանի մշակոյթի նախարարութեան հասարակութեան հետ կապերու բաժանմունքի պատասխանատու Գայիանէ Դուրգարեանի համաձայն, այս ծրագիրը գլխաւորաբար հասցէագրուած է երիտասարդներուն, որպէսզի անոնց մօտ մշակութային ժառանգութեան նկատմամբ հետաքրքրութիւնը աւելնայ։

Այս տարի ծրագիրին միացած է նաեւ Եւրոպական խորհուրդը, որ իր գլխաւոր կեդրոնատեղիին՝ Սթրազպուրկի մէջ Եւրոպայի պալատին դռները բաց պահեց՝ այցելուներուն ներկայացնելու 60 տարուան իր գոյութեան ընթացքին իրեն անդամ եղող երկիրներէն նուիրուած արուեստի գործերը։

Իւրայատուկ է նաեւ ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի մասնակցութիւնը, որ Փարիզ գտնուող իր նստավայրին մէջ այցելուներուն ներկայացուց 50 տարուան ընթացքին ձեռք բերած արուեստի գործերու հաւաքածոն։

Նշենք, որ Հայաստանի թանգարան այցելութեան տոմսեր կը տատանին 1-3 տոլարի միջեւ։ 16 մայիսին թանգարաններ այցելողներուն թիւը հասած է 17 հազարի։ Ամէնէն աւելի այցելու ունեցած են Հայաստանի Ազգային պատկերասրահը (4600) եւ Հայաստանի Պատմութեան թանգարանը (3495)։



Ռալֆ Եիրիքեան կը մեծարուի

Հայկական ոսկրածուծի նուիրատուներու գրանցամատեանը յայտարարեց, որ Վիվասել-Էմ Թի Էս ընկերութեան ընդհանուր տնօրէն Ռալֆ Եիրիքեան գրանցամատեանի տարեկան կալա-ձեռնարկին ընթացքին որ տեղի պիտի ունենայ Կիրակի, 12 յուլիսին Կլենտէյլի մէջ պիտի մեծարուի տարուան մարդը տիտղոսով։

Սոյն ձեռնարկին ընթացքին պիտի մեծարուին նաեւ՝ այլ կամաւորներ, Հայկական ոսկրածուծի նուիրատուներու գրանցամատեանի գործունէութեան մէջ իրենց ունեցած մեծ ներդրումին համար։



Ստեփանակերտի օդակայանը կը սկսի գործել 2010-ին

Ստեփանակերտի օդակայանի վերակառուցման նախապատրաստական աշխատանքները սկսան 25 մայիսին։ Օդակայանի եւ ուղեւորային համալիրի կառուցման պատասխանատու Հորիզոն 95 շինարարական ընկերութեան տնօրէն Գագիկ Գալստեան յայտնած է, որ երկարատեւ դադարէ մը ետք Արցախի մէջ առաջին օդանաւը վայրէջք պիտի կարենայ կատարել 2010-ի հոկտեմբերին։ Այս աշխատանքներուն զուգընթաց, Հորիզոն 95ը պիտի սկսի Ստեփանակերտի եւ Շուշիի գիւղամթերքի տարրալուծարանի եւ Լեռնային Ղարաբաղի գլխաւոր դատարանի շէնքերու կառուցման։








All the contents on this site are copyrighted ©.