2009-06-03 13:22:50

Ակնարկ Մը Ազգային Ու Միջազգային Դէպքերուն։


Ակնարկ Մը Ազգային Ու Միջազգային Դէպքերուն։

՝՝ՂԱՐԱԲԱՂԵԱՆ ՏԱԳՆԱՊԻՆ ԿՐՕՆԱԿԱՆ ԲՆՈՅԹ ՏԱԼՈՒ ԱԶՐՊԷՅՃԱՆԻ ՓՈՐՁԵՐԸ ՎՏԱՆԳԱՒՈՐ ԵՆ՝՝ (Կ'ԸՍԷ ԷԴՈՒԱՐԴ ՆԱԼԲԱՆԴԵԱՆ)։ Երէկ Սուրիոյ Արտաքին Գործոց նախարար Ուալիտ Մոալլեմի հետ միացեալ մամլոյ ասուլիսի ընթացքին Հայաստանի Արտաքին Գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեան յայտարարեց, որ ՝՝Ղարաբաղեան տագնապին կրօնական բնոյթ հաղորդելու, աւելի՛ն՝ Իսլամական խորհրդաժողովի կազմակերպութեան անդամ երկիրներու կրօնական զգացումներուն վրայ խաղալու՝ Ազրպէյճանի փորձերը բաւական վտանգաւոր են՝՝։ Ըստ Նալբանդեանի, Ազրպէյճանի ջանքերը յանգեցուցած են անոր, որ կազմակերպութեան՝ մայիսի վերջաւորութեան Դամասկոսի մէջ կայացուցած 36-րդ նստաշրջանի ընթացքին ընդունուած են հակահայ բանաձեւեր։ Նալբանդեան յայտնեց, որ նման փաստաթուղթերը չեն կրնար նպաստել Ղարաբաղեան տագնապի լուծումին եւ շրջանին մէջ կայունութեան ու խաղաղութեան հաստատումին։ Աւելի՛ն անոնք վնաս կը հասցնեն բանակցային գործընթացին։ Միւս կողմէ յիշեցուց նաեւ որ հայ ժողովուրդը իսլամ ժողովուրդներուն հետ համերաշխութեան եւ փոխադարձ յարգանքի մթնոլորտի մէջ ապրելու դարաւոր աւանդութիւն ունի։ Այս ծիրին մէջ ան բերաւ Սուրիոյ օրինակը։ Յայտնենք նաեւ, որ երէկ նախագահ Սերժ Սարգսեան եւս հանդիպում ունեցաւ Սուրիոյ Արտաքին Գործոց նախարարին հետ ,եւ թէ շատեր կը յիշեն 30 տարի առաջ Սուրիոյ նախկին նախագահ Հաֆեզ Ասատի Հայաստան այցելութիւնը եւ այժմ երկու շաբաթէն տեղի պիտի ունենայ նախագահ Պաշշար Ասատի այցելութիւնը Հայաստան։

ՀԱՆՐԱՅԻՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴԸ ԿԸ ՔՆՆԱՐԿԷ ՀԱՄԱՆԵՐՄԱՆ ՀԱՐՑԸ։ Հանրային խորհուրդը Վազգէն Մանուկեանի ղեկավարութեամբ, երէկ, Քոնկրես պանդոկին մէջ ունեցած է իր առաջին լիագումար նիստը։ Նիստի օրակարգին ամէնէն կարեւոր խնդիրը եղած է ՝՝համաներում՝՝ յայտարարելու հարցը։ Վազգէն Մանուկեան տեղեկացուցած է, թէ ՝՝համաներման՝ հարցին շուրջ հաւաքուած Հանրային խորհուրդի 12 յանձնախումբերու ղեկավարներէն 11 անձեր, հակառակ բուռն վէճերուն, յայտնած են այն կարծիքը, թէ՝ ՝՝համաներման՝՝ հասարակական պահանջ գոյութիւն ունի։

«Սիլիքըն Վալի»ի Մէջ Պիտի Գումարուի «Արմթէք Քոնկրէս 2009» Գիտաժողովը։

Երկուշաբթի Յունիս 1-ին Լոս Անճելըսի մօտ հայկական հիւպատոսարանէն ներս տեղի ունեցաւ մամլոյ ասուլիս մը, որուն ընթացքին «Viasphere թէքնոփառք» իւրայատուկ գիտական կեդրոնի եւ ընկերութեան հիմնադիր ու նախագահ, ինչպէս նաեւ Սիլիքըն Վալիի գործող «Իմփեվա լապզ» ընկերութեան գլխաւոր վարիչ տնօրէն Թոնի Մորոյեան ներկայացուցած է յառաջիկայ Նոյեմբերին, բարձր արհեստագիտութեան մայրաքաղաք դարձած Սիլիքըն Վալիի մէջ տեղի ունենալիք համաժողովի մասին շահեկան տեղեկութիւններ: Իր տեսակին մէջ երրորդ այս համաժողովը տեղի պիտի ունենայ Սան Հոզէի «Ֆերմանթ» հիւրանոցին մէջ: Նշենք, որ այս համաժողովին մասին մամլոյ ասուլիսով նոյն օրը Երեւանի մէջ հանդէս եկած են «Սինոփիս Արմենիա» ընկերութեան ներկայացուցիչները: «Սինոփսիս» այն ընկերութիւններէն է, որ իր ուժեղացման պահուն, երբ պէտք էր ընդարձակէր իր գործունէութիւնն ու արտասահմանի մէջ կեդրոններ ստեղծէր, կ'որոշէր իր առաջին կեդրոնը դարձնել Հայաստանը: «Սինոփսիս»ի «Արմենիա» մասնաճիւղը բանալու այս որոշումը հիմնուած է այն նկատողութեան վրայ, որ Հայաստանի մէջ գոյութիւն ունէր անհրաժեշտ գիտական ներուժ, որ կրնար իրականացնել ընկերութեան ծրագիրները: «Սինոփսիս»ը դարձած է այս համագումարի հովանաւորներէն մէկը՝ ծրագրին յատկացնելով յիսուն հազար տոլար:

 Մոնթեպէլլոյի Հայկական Տարեկան Փառատօնը՝ Յունիս 6ին։

Յառաջիկայ Շաբաթ, Յունիս 6ին, Մոնթեպէլլոյի Ս. Խաչ Եկեղեցւոյ շրջափակէն ներս տեղի պիտի ունենայ հայկական տարեկան երկրորդ փառատօնը, ուր հայկական երաժշտութեան ձայնը, թմբուկներու կշռոյթը եւ խորովածի բուրմունքը տիրապետող պիտի ըլլայ:Փառատօնը պիտի սկսի կէսօրին ու պիտի շարունակուի մինչեւ գիշերուան ժամը 10:Ամբողջ օրուան ընթացքին հայկական պարախումբեր ելոյթներ պիտի ունենան իսկ Հօշարեան եղբայրներու նուագախումբը պիտի խանդավառեն ներկաները։








All the contents on this site are copyrighted ©.