ֆրանսայի առաքելական դեսպանը նշանակուած է, կառավարիչը՝ ներքին ատեանի առաքելական ժողովի։
Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետը նշանակեց Գերապայծառ ֆօրթունաթօ Պալտելլին` առաքելական
դեսպանը Փարիզի մօտ, որպէս կառավարիչը ներքին ատեանի առաքելական ժողովին։ Ան կը փոխարինէ
Ամերկացի կարտինալ Ճէյմս ֆրանսիս Սթաֆորտը, որ իր հրաժարականը ներկայացուցած է, իր յառաջացած
տարիքին բերումով։
Ներքին ատեանը` Վատիկանի վերին վարչութեան ամենահին ժողովն
է։ Անիկա ծնունդ առած է ԺԲ. դարուն, գոհացում տալու համար բոլոր այն ուխտաւորներուն որոնք
Հռոմ կու գային խոստովանելու եւ իրենց գործած մեղքերուն արձակում ստանալու համար։ Երջանկայիշատակ
Յովհաննէս Պօղոս Բ Քահանայապետէն 1988ին ստորագրուած ''Բարի Հովիւ'' կոչուած սահմանադրութեան
մէջ, Նորին Սրբութիւնը վերոյիշեալ ժողովին առանձնաշնորհում տուած է բաշխելու ներողութիւններ,
ներումներ եւ մեղքերու թողութիւն։