2009-06-02 13:36:01

Քրիստոնէականի ուսուցում Զրոյց 42-րդ– ԲՈՒԺՈՒՄԻ Ս. ԽՈՐՀՈՒՐԴՆԵՐԸ


309 Խոստովանահայրը պարտաւո՞ր է իրեն խոստովանուած մեղքերը գաղտնի պահելու։
Նկատի առած այս պաշտօնատարութեան նուրբ հանգամանքը, վսեմութիւնը եւ անձերուն հանդէպ յարգանքը, ամէն խոտովանահայր պարտաւոր է, առանց բացառութեան եւ շատ ծանր պատիժի ներքեւ, Ս. Խորհուրդին գաղտնիքը պահպանել, այսինքն՝ խոստովանանքէն իմացած մեղքերուն մասին բացարձակ գաղտնապահութեամբ վարուիլ։



310 -Որո՞նք են այս Ս. Խորհուրդին արդիւնքները։

Անոր արդիւնքներն են՝ Հաշտութիւն Աստուծոյ հետ, ուստի ներում մեղքերուն Հաշտութիւն Եկեղեցիին հետ - Վերադարձ շնորհքի վիճակին, եթէ զայն կորսնցուցած ենք - Արձակում՝ մահացու մեղքով մեր արժանացած յաւիտենական պատիժէն, եւ գէթ մասամբ արձակում մեղքի հետեւանք նաեւ ժամանակաւոր պատիժներէն. Խաղաղութիւն, խղճի անդորրացում եւ հոգեւոր մխիթարութիւն Քրիստոնեայ պայքարին մէջ հոգեպէս զօրացում։



311-Կարելի՞ է որոշ պարագաներուն մէջ այս Ս. Խորհուրդը մատակարարել ընդհանուր խոստովանանքով եւ հաւաքական արձակումով։

Ծանր անհրաժեշտութեան պարագային ինչպէս մահուան անմիջական վտանգի դիմաց, կարելի է դիմել Հաշտութեան հաւաքական հանդիսակատարումին՝ ընդհանուր խոստովանանքով եւ հաւաքական արձակումով, պայմանով որ Եկեղեցւոյ օրինակարգը պահպանուի եւ պատեհ ժամանակին՝ ծանր մեղքերուն համար առանձնական խոստովանանքին դիմելու որոշում առնուի։



312-Ի՞նչ են ներողութիւնները։

Ներողութիւնները Աստուծոյ կողմէ թողութիւնն են արդէն ներուած մեղքերուն հետեւանք եղող ժամանակաւոր պատիժներուն։ Հաւատացեալը որոշ պայմաններով սոյն թողութիւնը կը ստանայ ըլլա՛յ իրեն, ըլլա՛յ ննջեցեալներուն համար, շնորհիւ պաշտօնատարութեան Եկեղեցւոյ, որ իբրեւ փրկչագործութեան տնօրինիչը՝ Քրիստոսի եւ Սուրբերուն արդիւնքներուն գանձերը կը մատակարարէ։








All the contents on this site are copyrighted ©.