2009-06-02 13:25:28

Ակնարկ Մը Ազգային ու Միջազգային Դէպքերուն։


Ակնարկ Մը Ազգային ու Միջազգային Դէպքերուն։

ՍՈՒՐԻՈՅ ԱՐՏԱՔԻՆ ԳՈՐԾՈՑ ՆԱԽԱՐԱՐԸ՝ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՄԷՋ ։Երէկ եւ այսօր աշխատանքային այցելութեամբ Հայաստան կը գտնուի Սուրիոյ Արտաքին Գործոց նախարար Ուալիտ Մոալլեմ։ Ըստ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան մամլոյ եւ տեղեկատուութեան վարչութեան, կը նախատեսուի, որ նախարար Մոալլեմ հանդիպումներ ունենայ Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեանի, վարչապետ Տիգրան Սարգսեանի, Ազգային ժողովի նախագահ Յովիկ Աբրահամեանի եւ արտաքին Գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեանի հետ։Նախարարներ Նալբանդեանի եւ Մոալլեմի հանդիպումէն ետք տեղի կ'ունենայ անոնց միացեալ մամլոյ ասուլիսը։

ՍԵՐԺ ՍԱՐԳՍԵԱՆ ՝՝ԱՐԴԱՐ ԸՆՏՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ ՊԵՏՈՒԹԵԱՆ ԲԱՑԱՐՁԱԿ ՇԱՀՆ ԵՆ՝՝։ 31 մայիսի ընտրութիւնները եւ ամբողջ նախընտրական հանգրուանը փաստեցին, որ մենք կրցած ենք լուծել ընտրական գործընթացներուն մէջ տարիներ շարունակ գոյութիւն ունեցող խնդիրներուն ծանրակշիռ մէկ մասը եւ յառաջ շարժած ենք միւսներուն լուծման ուղղութեամբ, (զայս կը կարդանք Երեւանի Աւագանիի ընտրութիւններուն առիթով նախագահ Սերժ Սարգսեանի յղած ուղերձին մէջ)։Իբրեւ արդիւնք(ըստ նախագահ Սարգսեանին) այս ընտրութիւնները իսկապէս լուրջ քայլ էին դէպի յառաջ։ Դժբախտաբար, որոշ տեղամասերու մէջ արձանագրուած են նաեւ խախտումներ։ Անոնց վերաբերեալ իմ դիրքորոշումը յստակ է չի՛ կրնար մէկ կամ քանի մը անձերու շահը բարձր ըլլալ պետութեան շահէն, իսկ արդար ընտրութիւնները պետութեան բացարձակ շահն են,( ընդծգած է նախագահը)։

ՀԱՅ ԱԶԳԱՅԻՆ ՔՈՆԿՐԵՍԸ ՀՐԱԺԱՐԱԾ ԵՐԵՒԱՆԻ ԽՈՐՀՈՒՐԴԷՆ։ ՝՝Ա1+՝՝ լրատուական կայքէջը երէկ երեկոյեան հաղորդած, որ Հայաստանի առաջին նախագահ Լեւոն Տէր Պետրոսեանի գլխաւորած Հայ Ազգային Քոնկրեսը հանրահաւաք կազմակերպած է Մատենադարանին յարող տարածքին մէջ։ Բազմամարդ հանրահաւաքին ընթացքին Լեւոն Տէր Պետրոսեան յայտարարած է, որ Հայ Ազգային քոնկրեսի ցուցակով առաջադրուած Երեւանի աւագանիի թեկնածուները կը հրաժարին աշխատիլ իշխանութիւններուն հետ, ուստի քոնկրեսը ներկայացուած պիտի չըլլայ Երեւանի խորհուրդին մէջ։ Ըստ ՝՝panorama.am՝՝ կայքէջին, հանրահաւաքին ընթացքին Տէր Պետրոսեան ըսած է, որ արմատական ընդդիմութիւնը ներկայիս նոր խնդիր դրած է իր առջեւ՝ պահանջել նախագահի հրաժարականը։

ԱՒԵԼԻ ՔԱՆ 2,5 ՄԻԼԻՈՆ ՏՈԼԱՐ՝ Ի ՆՊԱՍՏ ՀԱՅ ԴԱՏԻ ԱՇԽԱՏԱՆՔՆԵՐՈՒՆ։

ՀՅԴ Արեւմտեան Ամերիկայի Կեդրոնական կոմիտէի հանրային կապի Գրասենեակը կը հաղորդէ, որ կիրակի, 31 մայիսին տեղի ունեցած ՀՅԴ Ամերիկայի Հայ Դատի Յանձնախումբի՝ վեց ժամ տեւած թելեթոնին ընթացքին հանգանակուած է 2,548,000 տոլար։ ՝՝Մէկ Ազգ, մէկ Ապագայ, մէկ Դատ՝՝ նշանաբանով այս թելեթոնին մասնակցած են ո՛չ միայն Միացեալ Նահանգներու այլեւ ամբողջ Սփիւռքի մէջ ապրող բազմահազար հայեր։

ԹՈՒՐՔ ԳՐՈՂ ՆԵՏԻՄ ԿԻՒՐՍԵԼԻ ԴԱՏԱՎԱՐՈՒԹԻՒՆԸ։

Պոլսոյ մէկ դատարանը գրող Նետիմ Կիւրսելի դատավարութիւնը յետաձգած է մինչեւ 25 յունիս։ Ան դատապարտուելու պարագային մէկ տարուան բանտարկութիւն կը դիմագրաւէ։ Ան թրքական ՝՝Էն.Թի.Վի՝՝ պատկերասփիւռի կայանին յայտնած, որ իր ՝՝Ալլահի Դուստրերը՝՝ Գիրքը լոյս տեսած էր անցեալ տարի, եւ հարցականի տակ կառնէ իսլամութեան մէջ հաւատքի եւ բռնութեան գաղափարները, սակայն կրօնական արժէքները վարկաբեկելու որեւէ նպատակ չունի։ Դատական հարցը յարուցուած էր քաղաքացիի մը կողմէ, որ բողոքած էր, թէ Կիւրսել Մոհամետ մարգարէին, անոր կիներուն եւ Գորանին դէմ անպատշաճ լեզու օգտագործած էր։ Ապրիլին Թուրքիոյ վարչապետ Ռեճեփ Թայիփ էրտողանի ուղղուած բաց նամակի մը մէջ Կիւրսել նշած էր, որ ՝՝այսպիսի դատական հարցեր կը վնասեն Եւրոպական Միութեան մաս կազմելու Թուրքիոյ ջանքերուն՝՝։








All the contents on this site are copyrighted ©.