2009-06-02 13:36:41

 Լուրեր հայկական կեանքէն

Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ դասախօսներու մեծարման հանդիսութիւն


Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի Գևորգեան հոգևոր ճեմարանին մէջ 30 Մայիսին նախագահութեամբ Գարեգին Բ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսին տեղի ունեցաւ Ճեմարանի նախկին տեսուչ, Հայ Եկեղեցւոյ պատմութեան դասախօս Տ Եղիշէ աւագ քահանայ Սարգսեանի, Գրաբարի դասախօս Պետրոս Պետիրեանի և Հոգեբանութեան դասախօս Էլեոնորա Զաքարեանի մեծարման հանդիսութիւնը։

Ճեմարանի տեսուչ՝ Տ Սահակ եպ. Մաշալեան, բացումը կատարելով՝ անդրադարձաւ մեծարեալներու մանկավարժական գործունէութեան, անխոնջ ու նուիրեալ երկարամեայ ծառայութեան Գևորգեան հոգևոր ճեմարանին մէջ։ Սրբազանը յանուն տեսչութեան և բոլոր սաներուն անհուն սէրը և պատկառանքը յայտնեց մեծարեալներուն։

Ելոյթ ունեցաւ տիար Պետրոս Յովհաննիսեան ներկայացնելով իր գործընկերներու և անոնց տարիներու դասաւանդման բեղուն գործունէութիւնը։ Ճեմարանի սաներու քառաձայն երգչախումբի ազգային և հոգևոր երգերու կատարումներէն և ճեմարանականներու ասմունքէն ետք, բուռն ծափողջոյններու ներքոյ իրենց սրտի խօսքը արտայայտեցին մեծարեալները և շնորհակալական արտայայտութիւնները, եւ իրենց կեանքի ուղիի մասին խորհրդածելով` սաներուն փոխանցեցին իրենց խրատներն ու պատգամները։ Հուսկ՝ Գարեգին Բ իր օրհնութեան խօսքը արտասանեց անդրադառնալով ուսուցիչներու առաքելութեան, սերունդի կրթութեան և դաստիարակութեան գործին մէջ։ Եւ

մեծարեալներուն մաղթելով Աստուծոյ օրհնութեան ներքոյ քաջառողջ կեանքի երկար տարիներ, Վեհափառը պատգամեց, որ ճեմարանի մանկավարժներու հոգածու խնամքի ներքոյ կրթուած ու դաստիարակուած ճեմարանականները միշտ երախտագիտութեամբ յիշեն անոնց աշխատանքը, բերած ծառայութիւնը և վաստակը։



Հրապարակային Քննարկում Հ.Յ.Դ. կեդրոնին մէջ. «ՃԱՆԱՊԱՐՀԱՅԻՆ ՔԱՐՏԷՍ»Ը ԿԸ ՄՏԱՀՈԳԷ ԱՐԺԱՆԹԻՆԱՀԱՅ ՀԱՄԱՅՆՔԸ

Պուէնոս Այրէս.- Արմենիա Մշակութային Ընկերակցութեան «Տաղլեան» Գրադարանին մէջ, Արժանթինի հայ համայնքի հաստատութիւններու ներկայացուցիչներ եւ աւելի քան 150 ներկաներ հրապարակային կերպով քննարկեցին անցեալ Ապրիլ 22ին Հայաստանի եւ Թուրքիոյ միջեւ ստորագրուած՝ այսպէս կոչուած «ճանապարհային քարտէս»ն ու անոր անդրադարձը՝ Սփիւռքի կողմէ իրականացուող Ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման ջանքերուն վրայ:

Համայնքէն եօթը հաստատութիւններու ներկայացուցիչներ հակիրճ կերպով բանաձեւեցին իրենց կեցուածքը, որմէ ետք առիթ տրուեցաւ ներկայ հանրութեան կարծիքներու փոխանակման համար: Ձեռնարկին համադրումը կատարեց միջազգային յարաբերութիւններու հանրածանօթ մասնագէտ փրոֆ. Խուան Կապրիէլ Թոքաթլեան:

Հայ Կաթողիկէ համայնքէն Հայր Փապլօ Հաքիմեան «ճանապարհային քարտէս»ը որակեց որպէս շատ գէշ անակընկալ եւ դիմեց Հայաստանի իշխանութիւններուն պահանջելով սոյն համաձայնագրին մասին պարզաբանումներ: «94 տարիներու պահանջատիրութիւնը կարելի չէ ամփոփել «ճանապարհային քարտէս»ով մը», ըսաւ Հայր Փապլօ Հաքիմեան, որ անհրաժեշտ գտաւ Հայաստան-Սփիւռք կամուրջներու հաստատումը, պայքարելու համար անոր պարտուողականութեան դէմ: Խօսք առաւ նաեւ Արժանթինահայ Թեմի Առաջնորդը Գիսակ Արքեպիսկոպոս Մուրատեան, դիտել տալով որ շատ քիչ բան գիտենք «ճանապարհային քարտէս»ի մասին, եւ յորդորեց համբերատար ըլլալ առանց երբեք քնանալու: Ան մասնաւորաբար պահանջեց, որ Հայաստանի պետութիւնը ի՛նչ որ ալ ընէ պէտք չէ անտեսէ Սփիւռքը, աւելցնելով որ անհրաժեշտ է ոչ միայն Ցեղասպանութեան ճանաչման հասնիլ, այլ՝ դնել հողային պահանջատիրութեան հարցը, առանց որուն, թէկուզ եւ եթէ Թուրքիան ճանչնայ Ցեղասպանութիւնը, Հայաստանը պարտուած դուրս կու գայ:

Հայ-Արժանթինեան Առեւտուրի Գրասենեակի կողմէ խօսք առաւ Գլաուտիօ Տիրատուրեան, ան յատկապէս մասնանշեց Արցախի հարցով եղած ճնշումները եւ յիշեցուց Խրիմեան Հայրիկի Երկաթէ Շերեփի իմաստութիւնը: Մերժելով «ճանապարհային քարտէս»ը, Թոքաթլեան ըսաւ որ նման փաստաթուղթեր դատապարտուած են ձախողութեան այնքան ատեն որ ականջալուր չեն ըլլար ժողովուրդի ձայնին:

Հուսկ՝ քննարկման հրաւիրուեցան բոլոր ներկաները, որոնք ի մէջ այլոց փափաք արտայայտեցին նման միջոցառումներու շարունակման:

Մարաշի աւանդական ճաշերու եւ ձեռագործներու ցուցահանդէս-վաճառք Լիբանան։ Հովանաւորութեամբ Մարաշի հայրենակցական միութեան եւ կազմակերպութեամբ միութեան տիկնանց եւ ընկերային յանձնախումբերուն, Պէյրութի Մարաշ կեդրոնի շրջափակին մէջ տեղի ունեցաւ Մարաշի աւանդական ճաշերու եւ ձեռագործներու ցուցահանդէս-վաճառք։ Այս առթիւ շրջափակը լեցուած էր այցելուներով, որոնք կանուխ ժամերէն եկած էին համտեսելու զանազան տեսակի աւանդական ուտելիքները, նմուշներ գնելու Մարաշի աւանդական եւ արժէքաւոր ձեռագործներէն, ինչպէս նաեւ համտեսելու եւ գնելու հայկական գինին եւ քոնեաքը։

Հարկ է նշել, որ իր հիմնադրութենէն ի վեր, Մարաշի հայրենակցական միութիւնը կը ձգտի հայրենակիցներուն միտքին եւ սիրտին մէջ միշտ վառ պահել տոհմային ժառանգութիւնները՝ շեշտը դնելով զանոնք պահպանելու եւ յաւերժացնելու գրաւականին վրայ։ Այս նախաձեռնութիւնը իր տեսակին մէջ առաջինն էր, որ կազմակերպուած էր միութեան կողմէ։

Օրուան հաղորդավարն էր ընկերային յանձնախումբի անդամ Կարօ Փամպուքեան։ Ան ներկաներուն բարի գալուստ մաղթելէ ետք յայտնեց, որ օրուան ընթացքին պիտի գործադրուի գեղարուեստական յայտագիր՝ կատարողութեամբ Բարսեղ Կանաչեան երաժշտանոցի աշակերտներուն, Հայ աւետարանական Շամլեան-Թաթիկեան վարժարանի Սիփան պարախումբին եւ երգչուհի Գարմէն Աճեմեանի։

Միութեան վարչութեան ատենապետ Ժան Մոմճեան խօսք առնելով ողջունեց ներկաները՝ հաստատելով, թէ իբրեւ ժառանգորդները մարաշցի իրենց պապերուն, պարտականութիւն ունին վառ պահելու անոնց յիշատակը եւ հերթական նախաձեռնութիւններով ու ձեռնարկներով յաւերժացնելու անոնցմէ հասած աւանդութիւնները։ Ան նկատել տուաւ, որ ցուցադրուած ձեռագործներն ու ճաշի նմուշները ամբողջական ըլլալու յաւակնութիւնը չունին եւ պարզապէս նմուշներ են, որոնք պէտք է պահուին, եւ եթէ իրենք թերանան իրենց յանձնառութեան մէջ, պիտի դառնան առանց անցեալի ժողովուրդ մը եւ իրենց յիշողութիւնը պիտի դատապարտեն մոռացութեան։ Իբրեւ հետեւորդներ մեր նախահայրերուն, եզրափակեց Ժան Մոմճեան, միշտ հաւատարիմ մնանք անոնցմէ մեզի փոխանցուած աւանդին եւ փաստենք, որ մենք անոնց արժանաւոր յաջորդներն ենք ։ Այնուհետեւ գործադրուեցաւ գեղարուեստական յայտագիրը, որուն վերջին բաժինով երգիչ Մանուկ Մինասեան եւ երգչուհի Գարմէն Աճեմեան զուգերգ մը ներկայացուցին։








All the contents on this site are copyrighted ©.