2009-06-01 14:35:50

Աղօթքի հսկում Վատիկանի այգիներու մէջ


Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետը շաբաթ օրը երեկոյեան եզրափակեց ՜՜Մարեմեան Ամիսը՝՝, մասնակցելով՝ աղօթքի հսկումին, որ տեղի ունեցաւ Վատիկանի այգիներու մէջ։ Իր խօսքը ուղղելով Լուրտի Տիրամօր քարայարին առջեւ համախմբուած՝ հաւատացեալներուն, Նորին Սրբութիւնը ըսաւ ՜՜Մարիամ Քրիստոսին խաչին ոտքը կենալով գիտէր թէ ուրկէ կու գար այդ թափած արիւնը։ Ան իր մէջ կազմուած էր Սուրբ Հոգւոյ զօրութեամբ։ Ան գիտէր թէ Յիսուս արարչագործ Սուրբ Հոգւոյ զօրութեամբ յարութիւն պիտի առնէր՝՝։ Նորին Սրբութիւնը հրաւիրեց հաւատացեալները ճանչնալու Սուրբ Հոգին, անսալու անոր ներշունչումները ու հեզութեամբ հետեւելու Անոր ։ Յայտնենք թէ թափօրը սկսաւ Վատիկանի Ս. Ստեփանոսի նուիրուած փոքր եկեղեցւոյ հրապարակէն մինչեւ Լուրտի Տիրամօր քարայր ուր եւ Նորին Սրբութիւնը ուղղեց իր պատգամը ։

Ս. Վարդարանի աղօթքը կը գլխաւորէր կարտինալ Գոմասդրին կառավարիչը վատիկան քաղաքի։








All the contents on this site are copyrighted ©.