2009-06-01 13:51:25

Ակնարկ Մը Ազգային Ու Միջազգային Դէպքերուն։


Ակնարկ Մը Ազգային Ու Միջազգային Դէպքերուն։

ԵՐԵՒԱՆԻ ՄԷՋ ՏԵՂԻ ՈՒՆԵՑԱՆ ՔԱՂԱՔԱՊԵՏԱԿԱՆ ԸՆՏՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ։ Երէկ Երեւանի մէջ տեղի ունեցան քաղաքապետական ընտրութիւնները։ Այս ընտրութիւններուն մասնակցեցան 7 կուսակցութիւններ եւ դաշինք,Բարգաւաճ Հայաստան կուսակցութիւնը, որուն ցուցակը կը գլխաւորէր Յարութիւն Քուշկեան, Հայաստանի հանրապետական կուսակցութիւնը, որուն ցուցակը կը գլխաւորէր Գագիկ Բեգլարեան, Ժողովրդական կուսակցութիւնը, որուն ցուցակը կը գլխաւորէր Տիգրան Կարապետեան, Հայ Յեղափոխական դաշնակցութիւնը, որուն ցուցակը կը գլխաւորէր Արծուիկ Մինասեան, Հայ Ազգային քոնկրեսը, որուն ցուցակը կը գլխաւորէր Լեւոն Տէր Պետրոսեան, Հայաստանի Աշխատաւորական ընկերվարական կուսակցութիւնը, որուն ցուցակը կը գլխաւորէր Մովսէս Շահվերդեան եւ Օրինաց Երկիր կուսակցութիւնը, որուն ցուցակը կը գլխաւորէր Հեղինէ Բիշարեան։ Երեւանի ժամանակացոյցով այսօր (առաւօտեան ժամը 3։00-ի նախնական տուեալներով)Հայաստանի հանրապետական կուսակցութիւնը ստացած էր ձայներուն 47,02 առ հարիւրը, Բարաւաճ Հայաստանը՝ 22,67 առ հարիւրը, Հայաստանի ազային քոնկրեսը՝ 18,39 առ հարիւրը, Օրինաց երկիրը՝ 4,71 առ հարիւրը, ՀՅԴ-ն՝ 4,48 առ հարիւրը, Ժողովրդական կուսակցութիւնը՝ 2,99 առ հարիւրը, Հայաստանի աշխատաւորական ընկերվարական կուսակցութիւնը՝ 0,51 առ հարիւրը։ Ընտրութիւններուն մասնակցեցան 407,745 քաղաքացիներ։ Ընտրութիւններուն մասնակցած են 407.745 քաղաքացիներ։ Կեդրոնկան Ընտրական Յանձնախումբը այսօր կանուխ առաւօտուն յայտնած որ նախնական արդիւնքներու համաձայն երեք կուսակցութիւններ Երեւանի Քաղաքապետական Խորհուրդի ընտրութիւններուն մէջ շրջանցած են ճշդուած քուէներու 7 առ հարիւրի սահմանը։ Այդ կուսակցութիւններն են Հայաստանի Հանրապետական Կուսակցութիւնը(47,39 առ հարիւր) Բարգաւաճ Հայաստանը (22,71 աջ հարիւր) եւ Հայ Ազգային Քոնկրէսը(17,41 աջ հարիւր) ։

31 Մայիսի Հայ Դատի Թելեթոնին Հանգանակուած՝ 2.6 Միլիոն Տոլար։

Ամերիկայի Հայ Դատի Յանձնախումբի Հիմնադրամի հանգանակային թելեթոնին արդիւնքները կը գերազանցեն ամէն ակնկալութիւն։ Արդարեւ, տնտեսական ճգնաժամի ստեղծած բարոյալքիչ պայմաններու տակ իսկ ամերիկահայութիւնը կը գիտակցի Հայ Դատի աշխատանքներու կարեւորութիւնը եւ իր կարելիէն աւելիով կը բերէ իր մասնակցուցթիւնը 31 Մայիսի հանգանակային թելեթոնին, գոյացնելով  2.6 միլիոն տոլար ։ ԱՄՆի տարածքին վեց  ժամուան հեռասփռուած ծրագրի մը ընթացքին Ծրագրի բոլոր մասնակիցները, հաղորդավարներէն սկսեալ, մինչեւ հեռախօսներուն պատասխանող երիտասարդները, աննախադէպ ոգեւորութեամբ նշած են ծրագրի աւարտը: Մայիս 31ին կայացած Ամերիկայի Հայ Դատի Յանձնախումբի Հիմնադրամին կազմակերպած թելեթոնի նախօրեակին կազմակերպուած դրամահաւաքի ձեռնարկներու ծիրէն ներս, Չորեքշաբթի, Մայիս 27ին հաւաք մը տեղի ունեցած էր Հայ Դատի երկարամեայ գործիչներ Վահէ եւ Այտա Եղիազարեաններու բնակարանին մէջ, որուն ներկայ եղած են Լոս Անճելըսի տարբեր շրջաններէ համակիրներ եւ հոն եւս այդ առթիւ գոյացած էր աւելի քան 100,000 տոլարի գումար մը։








All the contents on this site are copyrighted ©.