2009-05-31 17:45:06

ԼՈՒՐԵՐ ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԿԵԱՆՔԷՆ


ԼՈՒՐԵՐ ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԿԵԱՆՔԷՆ

Միացեալ Նահանգներ-Լոս Անճելըս- UCLA համալսարանի «Հարպըր» հիւանդանոցի անձնակազմը եւ Լոս Անճելըսի բնաբժշկական ուսմանց կեդրոնը տարուան բժիշկ ընտրած են տոթք. Յարութ Եաղսզեանը:

Իր բժշկական ուսումը Երեւանի ու Ֆիլատելֆիոյ մէջ ստացած բժիշկը իր վարժողական տարիները անցուցած է UCLA համալսարանին մէջ, ուր 1992ին աւարտած է իր մասնագիտացումը: Ան գործօն անդամ է նաեւ Հ.Բ.Ը.Մ.ին ու մասնակցած է Հայաստանի բժշկական մարզին նպաստելու համար կազմակերպուած ծրագիրներու:



Հայաստանի մէջ նոր աթոմակայանի կառուցման համաձայնագիր

Հայաստանի մէջ նոր միջուկային ՜՜էներգաբլոկ՝՝ի կառուցման ծրագրի իրականացման նպատակով՝ կառավարման ծրագրի ձեռքբերման համար յայտարարուած մրցոյթի շրջանակներուն մէջ, Հայաստանի պետական գնումներու գործակալութիւնը ՜՜յաղթող ընկերութեան հետ՝՝ ստորագրած է, կառավարման պայմանագիր մը։

Աթոմակայանի կառուցման կառավարման պայմանագրի արժէքը 4597 մլն տոլար է։ Հ Հ վարչապետ Տիգրան Սարգսեան այս գործընթացին նիստին ընթացքին անդրադարձած է ընդգծելով, որ ՜՜Հայաստանը, ունենալով նոր աթոմակայան, որակապէս նոր հնարաւորութիւններ կունենայ, Հ Հ-ը միջազգային աթոմակայան ունենալով բոլորովին այլ երկիր մը կը դառնայ, իսկ եթէ ան չկառուցուի, երկրի մրցունակութիւնը էականօրէն կը նուազի ՝՝։ Աթոմակայանի կառուցումը կը նախատեսուի իրականացնել մինչեւ 2016 թուականը։ Նոր ՜՜էներգաբլոկ՝՝ի կառուցման զուգահեռ պէտք է աստիճանաբար շահագործումէ հանուի ներկայիս գործողը։








All the contents on this site are copyrighted ©.