2009-05-30 13:14:26

Շաբաթ 30 Մայիս 2009-ի երեկոյեան, Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը կը մասնակցի Մայիս ամսուայ մարեմեան աղօթքին, Վատիկանի այգիներու մէջ։


Ամէն տարի Մայիս ամսուայ վերջին օրը Վատիկանի մէջ տեղի կ'ունենայ Ս. Վարդարանի մարեմեան աղօթքը։ Վատիկանի պարտէզները կը բացուին հաւատացեալ հանրութեան, որոնք մէկ ձեռքով ջահը բռնած եւ միւս ձեռքով վարդարանը` կ'աղօթեն Ս. Կոյս Մարիամին, հայցելով անոր բարեխօսութիւնը եւ հովանաւորութիւնը։ Թափօրը կը սկսի երեկոյեան ժամը 8-ին եւ կը վերջանայ Լուրտի Տիրամօր քարայրին առջեւ։ Մարեմեան աղօթքը կը գլխաւորէ կարտինալ Գոմասդրի՝ կառավարիչը Վատիկան քաղաքին։ Մարեմեան աղօթքին աւարտին, Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը հակիրճ խորհրդածութիւն մը կը կատարէ եւ ապա իր առաքելական օրհնութիւնը կու տայ բոլոր ներկաներուն։








All the contents on this site are copyrighted ©.