2009-05-30 13:27:47

Լուրեր հայկական կեանքէն

Պէյրութի Հայ Կաթողիկէ Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարանի 70 ամեայ 70րդ հունձքը



Հայ Կաթողիկէ Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարանի շրջափակին մէջ տեղի ունեցաւ վարժարանի 44 աւարտական աշակերտներու վկայականներու բաշխման ամավերջի հանդէսը։

Լիբանանի, Հայաստանի եւ Մեսրոպեանի քայլերգներէն ետք վարժարանի տնօրէնը Կրէկուար Գալուստ հետեւեալ խօսքը արտասանեց. ան իր խօսքը սկսաւ, մէջբերելով վարժարանի աւարտական դասարանի աշակերտներէն մէկուն խօսքերը, թէ ՜՜Գացէ՛ք, տարածուեցէ՛ք եւ եղէ՛ք դեսպանները Ս. Մեսրոպի եւ ներկայացուցիչները Մեսրոպեան վարժարանի՝՝։

Հասած է ժամը մուտք գործելու մեծ կեանքի դռնէն։ Այդ աշխարհը ոչ ոք կը ճանչնայ, սակայն անվախ եղէ՛ք, քանզի սնած եւ զօրացած էք Ս. Մեսրոպի տուած այբուբենով եւ պայքարած Ս. Խաչով։ Մենք կը հաւատանք, որ սփիւռքահայութեան գոյատեւումն ու զարգացումը եկեղեցւոյ կողքին կը պայմանաւորուի նաեւ հայ վարժարանի կայունութեամբ։ Կրեկուար Գալուստ նաեւ յիշեց այն բոլոր փոփոխութիւններն ու շինարարական եւ բարեկարգչային աշխատանքները, զորս կը սպասուին մօտ ապագային Մեսրոպեան վարժարանին շեշտելով որ ՜՜այդ բոլոր գործերը, ինչպէս նաեւ մինչեւ օրս վարժարանի վերելքի ու յաջողութեանց համար տարուած բոլոր աշխատանքները իրագործուած են վարժարանի անձնակազմին հետ միասնաբար՝ ձեռք ձեռքի տուած, եւ Ես ամէն ինչ պիտի ընեմ, որպէսզի այս վարժարանը իսկապէս դառնայ բոլորին բարի խօսակցութիւններու ու նախանձի առարկան՝՝։

Այնուհետեւ խօսքը ուղղելով շրջանաւարտներուն՝ տնօրէնը ըսաւ, որ անոնք հրաժեշտ առնելով Մեսրոպեանէն, ուր անոնցմէ շատեր ուսանած են 15 տարի, ոմանք ալ քիչ մը նուազ, պիտի չմոռնան, որ հոս առած են հոգեւոր, ազգային եւ համամարդկային սնունդ, ինչպէս նաեւ ստացած են Հայ կաթողիկէ եկեղեցւոյ դաստիարակութիւնը։ Դուք Մեսրոպեանի անունը միշտ բարձր պիտի պահէք. ձեր բաժանումը այս դպրոցէն ֆիզիքապէս է միայն, բայց վստահ ենք, որ ձեր հոգիները եւ ձեր գեղեցիկ մտքերը պիտի ապրին երկար այս վարժարանի մէջ։ Մենք առաւել եւս հպարտ պիտի զգանք, երբ ձեզմէ իւրաքանչիւրը՝ անխտիր, քանի մը տարիներ յետոյ պիտի ստանայ աւելի բարձր վկայականներ, որոնց բաշխման հանդիսաւոր արարողութեանց չմոռնաք հրաւիրելու նաեւ մեզի։

Այնուհետեւ գործադրուեցաւ գեղարուեստական յայտագիր մը որ կ՝ընդգրկէր երգ, նուագ, ինչպէս նաեւ տի. վի. տի.-ի ցուցադրութիւն, որ կը կրէր Փրոմօ 2009 խորագիրը։

Վկայականներու բաշխման արարողութենէն առաջ Հայրական Խօսքով հանդէս եկաւ Արհի. Հ Վարդան Եպս. Աշգարեան։ Այնուհետեւ տեղի ունեցաւ վկայականաց բաշխման հանդիսաւոր արարողութիւնը

Իրան-Հայազգի սրտաբան 36-ամեայ Արմէն Գասպարեան վերջերս դարձած է Իրանի Բժշկական գիտութեանց ակադեմիոյ անդամ:

Իր բժշկական ուսումը Երեւանի մէջ ստացած տոքթ. Գասպարեան (սրտաբանը), 2001-էն մինչեւ այս տարի, Իրանի շարք մը քաղաքներու մէջ աշխատած է, հոն եւ Հայաստանի մէջ մարզած է իրանցի բժշկական ճիւղերու հետեւող ուսանողներ եւ անդամ եղած է իրանեան բժշկական հրատարակութեանց խմբագրական կազմերուն: Ան ներկայիս Լեհաստանի մէջ բժշկական հրատարակութեան մը խմբագրական կազմի անդամ է








All the contents on this site are copyrighted ©.