2009-05-29 15:13:59

Վատիկանեան տեղեկութիւններ

Յուլիս ամիսէն սկսեալ Վատիկանի ռատիոկայանը պիտի բացուի գովազդի դրութեան։


Ռատիովատիկանի ընդհանուր տնօրէնը`Յիսուսեան Հայր ֆետերիքօ Լոմպարտի, մամուլին հետ ունեցած ելոյթով յայտնեց թէ Ռատիովատիկանը Յուլիս ամիսէն սկսեալ պիտի բացուի գովազդի դրութեան, նման գործողութիւն մը եկամուտ պիտի բերէ Ռատիոյին, որուն տարեկան հաշուեկշիռը 20 միլիոն Եւրօ է։ Գովազդները առաջին շրջանին պիտի կատարուին հինգ լեզուներով։ Նշենք որ Ռատիովատիկանը հիմնուեցաւ երջ. Պիոս ԺԱ Հռոմի Պապի կամքով 12 փետրուար 1931ին, անոր ճարտարապետը եղաւ գիւտարար Կուլիելմօ Մարգոնի։ Իսկ Ռատիովատիկանի հայական բաժինը սկսաւ նախաձեռնութեամբ՝ Կարտ. Գրիգոր Պետրոս Աղաճանեանին եւ բարեյիշատակ Ներսէս եպ. Սեթեանի ջանքերով։ Առաջին հայերէն ռատիոհաղորդումը սփռուեցաւ այս կայանէն 29 Մայիս 1966-ին (այսինքն 43 տարի առաջ). սկիզբը քառորդ ժամ տեւող շաբաթական երկու հաղորդումներով որմէ ետք հետզհետէ յառաջդիմութիւն արձանագրելով սկսաւ սփռել շաբաթը երեք հաղորդումներ, որմէ ետք ալ՝ ՜՜1975-էն՝՝ հաղորդումները դարձան առօրեայ։ Այժմ հաղորդումները տեղի կ՝ունենան 20 վայրկեան տեւողութեամբ եւ օրական երկու անգամ. մին՝ յետմիջօրէին ժամը 5.50-ին (Իտալիոյ ժամանակով) իսկ կրկնումը առաւօտեան ժամը 4.10 անց որ Հայաստանի ունկնդիրներուն համար յարմար է քանի որ այնտեղ ժամը 7.10 անցն է...Վատիկանի Ռատիոհաղորդումներու մեր ունկնդիրները կրնան նաեւ կարդալ ամենօրեայ մեր լուրերը համացանցի միջոցաւ. արդ՝ այցելելով մեր կայքէջը. ՜՜/a> . org՝՝ կը գտնեն զանազան լեզուներ որոնց շարքին նաեւ՝ հայերէն, ուր եւ հայերէն մեր լուրերը։ Նշենք նաեւ որ ամէն ամսուայ Գ. Կիրակին Վատիկանի այս ռատիոկայանէն ժամը 10.30-ին հայածէս ձայնաւոր Սուրբ Պատարագ կը ձայնասփռուի։





Ի տես կրօնական անհանդրժող մթնոլորտին Փաքիստանի եկեղեցին իր ձայնը կը բարձրացնէ կրօնական ծայռայեղութեան դէմ եւ կը յայտարարէ ՜՜Մայիս 30ը ծոմապահութեան ու աղօթքի օր՝՝։

Մահմետական ծայռայեղ Թալեպաններու յառաջացումը Փաքիստանի մէջ խլրտում եւ խռովութիւն կը ստեղծէ բնակչութեան մէջ։ Քրիստոնեայ եկեղեցիները կ`աշխատին ջնջել տալ սահամանադրութենէն կրօնական խտրականութիւններու՝ թիւ 17-րդի սրբագրութիւնը։ Այս պահանջքին իրագործումին համար քրիստոնեայ եկեղեցիները յայտարարած են ՜՜Մայիս 30-ը աղօթքի ու ծոմապահութեան օր՝՝։ Իսկ ՜՜Յունիս 13-ին՝՝ նախատեսուած է ՜՜քայլարշաւ մը որպէս ազգային հանրային բողոք՝՝ եւ ՜՜Օգոստոս 16-ը՝ որպէս ընկերային խաղաղութեան պահանջատիրութեան օր՝՝։








All the contents on this site are copyrighted ©.