Սփիւռքի ժամանակակից հարցեր բնանիւթով դասախօսական հանդիպում
մը Պէյրութի Հայկազեան համալսարանին մէջ
Կազմակերպութեամբ Հայկազեան համալսարանի հայագիտական ամպիոնին, սոյն համալսարանի հանդիսասրահին
մէջ տեղի ունեցաւ դասախօսութիւն մը՝ Սփիւռքի ժամանակակից հարցեր նիւթով։ Օրուան բանախօսն
էր Քեմպրիճի համալսարանէն դոկտ Հրաչ Չիլինկիրեան։
Բանախօսը անդրադառնալով
նիւթին՝ նկատել տուաւ, որ անոնք, որոնք ազգային եւ գաղութային կեանքին մէջ ներգրաւուած
են տարբեր աշխատանքներով, իրենց համար մնայուն հարց է Սփիւռքի ներկայ վիճակը։ Ան նշեց,
որ նիւթի խորագիրին մէջ ժամանակակից բառը օգտագործած է, որովհետեւ կապրինք 21-րդ դարու
սկզբնական՝ համաշխարհայնացման դարաշրջանը եւ չենք կրցած ճիշդ ձեւով վերլուծել եւ տեսնել
հարցերը՝ իբրեւ հաւաքականութիւն։ Ան նաեւ նկատել տուաւ, որ մեր աշխարհը բազմազան հարցերով
տառապող աշխարհ մըն է՝ զինուորական, քաղաքական եւ այլ մարզերու մէջ։ Սահմանելով Սփիւռքը՝
ան ընդգծեց, որ իւրաքանչիւր երկիր կը տարբերի այլ երկրէ եւ եթէ բոլորը նկատի ունենալով,
խօսինք Սփիւռքի մասին՝ շատ նեղ սահմանում է եւ կարելի չէ ախտաճանաչում ընել իւրաքանչիւրի
մասին։ Ան խօսեցաւ Հին Սփիւռք եւ Նոր Սփիւռք հասկացողութիւններուն մասին, ինչպէս նաեւ
անդրադարձաւ համայնք եւ գաղութ գաղափարներուն՝ բացատրելով անոնց տարբերութիւնները։ Ան
շեշտեց, որ Սփիւռքի հիմնական երեք կառոյցները, որոնք իրեն կու տան իմաստ եւ կենսունակութիւն՝
եկեղեցին, դպրոցը եւ մամուլն են։ Ապա տուաւ տեղեկութիւններ անոնց դերակատարութեան, առաքելութեան,
ինչպէս նաեւ դժուարութիւններուն եւ դիմագրաւած խոչընդոտներուն մասին։ Նաեւ խօսեցաւ դժուարութիւնները
դիմագրաւելու ձեւերուն մասին։ Դոկտ Հրաչ Չիլինկիրեան հաստատեց, թէ արտաքին հարցեր եւս
կազդեն մեր վրայ, ինչպէս՝ տնտեսական տագնապ, արտագաղթ եւ ապահովական վիճակ։ Հուսկ բանախօսը
ըսաւ որ Սփիւռքի մէջ ներկայիս չունինք կազմակերպուած մտածողութիւն։ Ունինք հատուածականութիւն,
սակայն չունինք հաւաքական կեդրոն մը, մարմին մը, որուն նպատակը ըլլայ հարցերը վերլուծել
եւ քաղաքականութիւն առաջարկել եւ ատիկա ընելու համար պէտք է ճշդել առաքելութիւնը, արժէքները,
եւ ունենալ տեսիլք եւ ծրագիր։