2009-05-28 13:50:41

Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետին ճառը Իտալիոյ եպիսկոպոսական համահաւաք դասին։


Ներկայիս Վատիկանի մէջ տեղի կ՝ունենայ Իտալիոյ եպիսկոպոսական համահաւաք դասին 59րդ տարեկան լիագումարը։

Այսօր` հինգշաբթի 28 մայիս 2009, Նորին Սրբութիւնը այցելութիւն կատարեց ժողովականներուն եւ ճառ մը ուղղեց անոնց։

՜՜Իմ այս ներկայութեամբս կ՝ուզեմ հաստատել սերտ կապը որ կայ Իտալիոյ Եկեղեցւոյ եւ Ս. Պետրոսի յաջորդին միջեւ։ Հաղորդակցութեան այս ջերմ մթնոլորտին մէջ Եկեղեցին եւ հաւատացեալները լաւագոյն պտուղները կը քաղեն Աստուծոյ խօսքէն։

Այս օրերուն առիթը ունեցաք ունկնդրելու, խորհրդածելու եւ բանակցելու քրիստոնէական դաստիարակութիւն ջամբելու եղանակին մասին։ Քրիստոնէական դաստիարակութեան գործը կը հայի թէ՚ փոքրիկին եւ թէ՚ մեծին, մինչեւ որ ամէնքս հասնինք միութեան միեւնոյն հաւատքին եւ միեւնոյն ճանաչումին մէջ Աստուծոյ Որդիին, կազմելու համար այն կատարեալ մարդը, որ կ՝իրականացնէ Քրիստոսի լրումը։

Պօղոսեան այս տարւոյն ընթացքին, ըսաւ Նորին Սրբութիւնը, ապրեցանք խորացնելով Պօղոս առաքեալի ուսուցումը։ Ան կը հրաւիրէ մեզ ըսելով. Ինծի նմանեցէք, ինչպէս ես` Քրիստոսի։

Ճշմարիտ դաստաիարակիչը ինքզինք կը պարտադրէ նախ իր բարի օրինակով եւ ապա իր հեղինակութեամբ։ Իսկ Պետրոս առաքեալը կը գրէ ՜՜ոչ թէ տիրելով անոնց որոնք իբրեւ բաժին ձեզի յանձնուած են, այլ օրինակ հանդիսացէք հօտին՝՝։

Ապա Նորին Սրբութիւնը ըսաւ որ ՜՜բարեպատեհ եղաւ որ Պօղոսեան տարւոյն կը յաջորդէ քահանայութեան տարին։ Մենք կանչուած ենք մեր քահանաներուն հետ միասին, վերապրելու՝ քահանայական կոչումը ու շնորհքը։ Անիկա սպասաւորութիւն մըն է Եկեղեցւոյ ու Աստուծոյ ժողովուրդին, եւ ասիկա կը պահանջէ մեծ հոգեւորութիւն մը։

Հուսկ Սրբազան Հայրը խօսեցաւ Իտալիոյ Եկեղեցւոյ ցուցաբերած արատաձեռնութեան մասին հանդէպ Ապրուցօ մարզի երկրաշարժի աղէտեալներու։ Ինչպէս նաեւ՝ աշխարհի ֆինանսական ու տնտեսական տագնապի հետեւանքով գործազուրկ դարձած բանուորներուն ու անոնց ընտանիքներուն։ Եկեղեցին կանչուած է օգնութեան հասնելու՝ ոչ միայն նիւթապէս աղքատներու, այլեւ՝ մշակութապէս աղքատներուն։

Նորին Սրբութիւնը իր խօսքը եզրափակեց ըսելով ՜՜յառաջիկայ կիրակի օրը, Եկեղեցին կը տօնախմբէ Պենտեկոստէն` Տօն Ս. Հոգւոյն։ Ս. Հոգին ըսաւ Սրբզ. Հայրը, իր զօրութեամբ վար կ՝առնէ սահմանները ու կը բանայ մարդոց սիրտն ու միտքը Ճշմարտութեան։ Մեր աղօթքը բարձրացնենք Մխիթարիչին որ չի լքեր իրեն ապաւինողները։ Ս. Հոգւոյն յանձնենք Իտալիոյ Եկեղեցին եւ ամէն անհատ որ Իտալիա կ՝ապրի. ՜՜Եկ Ս. Հոգի եւ լիացուր մեր սրտերը քու անհուն սիրովդ՝՝ եզրափակեց Պենետիկտոս ԺԶ Պապը։














All the contents on this site are copyrighted ©.