2009-05-28 13:52:06

Մայիս ամսուայ մարեմեան խոկումներ (28)

Աղերսանք Աստուածամօր Հայրենիքի զաւակներու։


Մայիս ամսուայ մարեմեան խոկումներ (28)

Աղերսանք Աստուածամօր Հայրենիքի զաւակներու։



Քեզի կ'ապաւինինք Ամենասրբուհի,

Գերագոյն եւ հրաշալի,

Եւ բաշխող ամէն բարութիւններու։



Բարեխօսութեանդ աղօթենք,

Միացուր աղաչանքը մեր սուրբ հայրերուն

Եւ ընծայէ Որդիիդ բարի եւ բազմագութ



Խաչապաշտ իր հայ ժողովոպւրդին,

Որ ի սփիւռը աշխարհի,

Թող շնորհէ

Սէր, միութիւն եւ հաւատարմութիւն։



Վերստին թող համախմբէ մեզ

Իր բազուկովն արդարութեան,

մեր կարօտներուն հայրենիքին մէջ,

Ուր մեր հայրերը սորվեցան

կանչել անունն Տիրոջ

եւ ապաւինիլ ամենօրհնեալիդ

Հովանիին։



Մայր Սուրբ,

Քու բարեխօսութեամբդ

Թող դարձեալ արնավառ Հայաստանի մէջ

Հանդիպին եւ համբուրուին

Արդարութիւն եւ խաղաղութիւն

Լռեն՚ պատերազմները,

Ծլին ու ծաղկին սէրն ու միութիւնը,

Եւ հնչեն անլռելի ձայնով`

Փառք ի բարձունս

Եւ Մեծասցուցէն գոհութեան։

ամէնէն հին աղօթքը,

որ ծանօթ է մեզի, Ընդ հովանեաւ է` Երրորդ դարէն։ Յօրինուած է

հաւանաբար Եգիպտոսի քրիստոնեաներէն որոնք,

ինչպէս ցոյց կու տայ աղօթքը, կ'ապրէին դժուար օրեր։



''Մենք կ'ապաւինինք հովանիին տակ քու պաշտպանութեանդ,

Ս. Աստուածածին։ Մի՚ մերժեր մեր աղօթքները,

Այլ միշտ փրկէ մեզ ամէն վտանգէ,

Ով կոյս փառաւորեալ եւ օրհնեալ''։



Ահաւասիկ ասոր նման գեղեցիկ աղօթք մը զոր յօրինած են մեր սուրբ հայրերը։



Մենք քեզի կ'ապաւինինք, որ Մայրն ես եւ աղախինը Քրիստոսի,

Եղիր մեզի բարեխօս, որպէս զի կանչենք

Անունն Տիրոջ

Եւ քեզ մեծարենք ու պատուենք։








All the contents on this site are copyrighted ©.