2009-05-27 14:00:30

Ակնարկ Մը Ազգային Ու Միջազգային Դէպքերուն։


Ակնարկ Մը Ազգային Ու Միջազգային Դէպքերուն։

ՖՐԱՆՍԱՅԻ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆ ԿՈՒՍԱԿՑՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ ԿՈՉ ԿՈՒՂՂԵՆ ԹՈՒՐՔԻՈՅ՝ ՃԱՆՉՆԱԼՈՒ ՀԱՅՈՑ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԻՒՆԸ։ Ֆրանսական շարք մը կուսակցութիւններու ներկայացուցիչներ 25 մայիսին ՝՝Ֆրանս 2-՝՝կայանի յայտագ- իրներէն մէկուն ընթացքին յայտարարած են, որ ՝՝Ֆրանսայի քաղաքական կուսակցութիւնները Թուրքիոյ կոչ կ'ուղղեն ճանչնալու Հայոց Ցեղասպանութիւնը՝՝։ Աջ կողմնորոշումով քաղաքական կուսակցութիւնները դէմ են Թուրքիոյ Եւրոպական Միութեան անդամակցութեան, սակայն լաւ տրամադրուած են թուրքերու հետ ՝՝արտօնեալ համագործակցութեան՝՝, իսկ ձախերը յոյս ունին զգալի յառաջընթաց տեսնել Թուրքիոյ մէջ, ներառեալ Ազգային Փոքրամասնութիւններու իրաւունքներու ապահովման եւ հայկական հարցին լուծման գործին մէջ։ ՝՝Սոֆրես՝՝ հետազօտական հիմնարկի կազմակերպած հարցախոյզին արդիւնքներով՝ Ֆրանսայի քաղաքացիներուն 37 առ հարիւրը վճռականապէս դէմ է Թուրքիոյ Եւրոպական Միութեան անդամակցութեան, իսկ 28 առ հարիւրը աւելի հանդուրժողական մօտեցում ունի այդ հարցին մէջ (անոնց գերակշիռ մասը երիտասարդներ են)։

ՓՈԻԹԻՆ-ՍԱՐԳՍԵԱՆ ՀԵՌԱԽՕՍԱԶՐՈՅՑԸ։ Հայկական կողմի նախաձեռնութեամբ կայացաւ Ռուսաստանի եւ Հայաստանի վարչապետներ Վլատիմիր Փութինի եւ Տիգրան Սարգսեանի հեռախօսազրոյցը։Հեռախօսազրոյցի ընթացքին քննարկուեցան երկկողմանի համագործակցութեան շարք մը արդիական հարցեր ( այսպէս հաղորդած է Ռուսիոյ կառավարութեան մամլոյ ծառայութիւնը)։ Վլատիմիր Փութինը ու Տիգրան Սարգսեանը քննարկեցին նաեւ ֆինանսական ոլորտէն ներս Հայաստանի եւ Ռուսաստանի համագործակցութեան հարցերը։

ՓԱՐԻԶԻ ՅԱՌԱՋ ՕՐԱԹԵՐԹԻ ՄԱՍԻՆ։ Ինչո՞ւ Կը Դադրի «Յառաջ»ը։ Վերջերս մամուլի մէջ արդէն տեղ գտսծ էր այն լուրը, ըստ որուն, «Յառաջ»ը շուտով պիտի դադրէր հրատարկուելէ:  Մինչեւ թերթի տէր ու տնօրէն ու խմբագիր Արփիկ Միսաքեանի կողմէ չհաստատուէր ,նախընտրեցինք լուռ մնալ այս ուղղութեամբ : Լուրը չտալով , թերեւս ծածուկ յոյս մըն ալ ունէինք որ լուրը կրնար ճիշդ չըլլալ։ Դժբախտաբար լուրը ճշմարտութեան կը համապատասխանէ,եւ այս ուղղութեամբ տեղեկացանք Յունաստան լոյս տեսնող «Ազատ Օր»էն որը իր կարգին արդէն ուղղակի «Յառաջ»էն քաղելով՝ հրապարակած է Արփիկ Միսաքեանի գրութիւնը։. ՝՝Ինչո՞ւ ստիպուած ենք դադրեցնել «Յառաջ»ի հրատարակութիւնը» վերնագրով Արփիկ Միսաքեանի գրութեան մէջ արդէն կը հաստատուի թերթի դադրեցման մասին տեղեկութիւնը։Այդ գրութեան մէջ Արփիկ Միսաքեան կը պարզէ թերթի դադրեցման դրդապատճառները։ Տարիները անցան սակայն եւ լաւատեսութիւնն ալ մշուշոտ դարձաւ։ Տոկացինք որքան որ կրցանք, մերժելով լացի պատերը(կը գրէ Միսաքեան)։ Շաւարշի մահէն ետք, յիսնամեակէ աւելի է որ շարունակեցինք տոկալ, բայց ժամը հասաւ որ մենք ալ այլեւս նոյն լաւատեսութեան տէրը չկարենանք մնալ, նախքան մեր կարապի երգը երգելը՝ վաղը»։ Չկարենալ շարունակելու պատճառները մէկն է Տպարանի հնամաշ եւ անգործածելի դարձած տողաշար մեքենաները, եւ անոնց ամէնօրեայ խանգարումները որ կը կարօտին գրաշարներու համբերատար եւ հնարամիտ դարմանումներուն ։ Ութ տարի է «Յառաջ» դադրած է ինքնաբաւ ըլլալէ եւ իր մատակարարութիւնը կրցած է հաւասարակշռել շնորհիւ քանի մը բարեկամներու լուռ օժանդակութեան։ Դեռ հարկ է աւելցնել բաժանորդներու զգալի նուազումը, քանի «Յառաջ»ի տպաքանակը, որ հազարի իսկ չի հասնիր, ծիծաղելի է գաղութի մը համար, որու կը տրուի հինգ հարիւր հազարի յաւակնոտ թիւը։Առեւտրական ծանուցումներու բացակայութիւնը եւ այս բոլորին դիմաց վարչութեան կրած յարաճած յաւելումները բոլոր մարզերու մէջ, ինչպէս թղթատարը, առաքման ընկերութիւնը, ընկերային տուրքերը, թուղթը, եւայլն, եւայլն։ Այս եւ այլ խոչընդոտներ պատճառ դարձան որ յանգինք մեր ծանրակշիռ եւ անբաղձալի որոշումին՝ վերջ տալ 83ամեայ օրաթերթի մը հրատարակութեան։ Կը գիտակցինք որ դեռ կան սակաւաթիւ հաւատարիմ ընթերցողներ, որոնց համար օրուան հաց ու պանիրն էր «Յառաջ»ը, բայց ուրիշ որեւէ լուծում չունէինք։ Կը գիտակցինք մանաւանդ, թերթին հետ Շաւարշին(Միսաքեան) վերջնական մահն է, որ կը պատահի, քանի զինք ողջ պահած էինք աւելի քան յիսնամեակ մը ի՛ր թերթով ։Ուրեմն, ստիպուած ենք կանխել մեր պայմանաժամը եւ թերթը դադրեցնելու Մայիսի վերջ, Մայիս 30–31ի թիւով։ Կ՛ապաւինինք մեր բաժանորդներու ներողամտութեան(կը գրէ Արփիկ Միսաքեան եզրափակելով իր գրութիւնը) մեծ ցաւ պատճառելով մեր բոլորին։








All the contents on this site are copyrighted ©.