2009-05-26 13:11:52

Ակնարկ Մը Ազգային Ու Միջազգային Դէպքերուն։


Ակնարկ Մը Ազգային Ու Միջազգային Դէպքերուն։

ԷԴՎԱՐԴ ՆԱԼԲԱՆԴԵԱՆ Կ'ԸՆԴՈՒՆԻ ՆՈՐՎԵԿԻՈՅ ՆՈՐ ԴԵՍՊԱՆԸ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՄՕՏ։ Հայաստանի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարար Էդվարդ Նալբանդեան ընդունած է Հայաստանի մօտ Նորվեկիոյ նորանշանակ դեսպանը Կնուտ Հոուգին(նստավայրը Մոսկուայ) որ նախարարին յանձնեց իր հաւատարմագրերը։ Ողջունելով հիւրը նախարար Նալբանդեան յաջողութիւն մաղթեց դեսպանին դիւանագիտական առաքելութեան համար յոյս յայտնելով միաժամանակ որ նոր դեսպանի նշանակումը կը նպաստէ Հայաստանի ու Նորվեկիոյ միջեւ համագործացկութեան ընդլանման,երկկողմանի եւ բազմակողմանի ձեւաչափերով։ Նախարարը նշած է որ Հայաստան կը փափաքի իր քաղաքական ու տնտեսական յարաբերութիւնները զարգացնել ու խորացնել Նորվեկիոյ հետ։ Խօսակիցները ընդգծած են երկու երկիրներու միջեւ փոխ-յարաբերութիւններու աշխուժացումը,առեւտրա-տնտեսական,կրթական եւ մշակութային յարաբերութիւններու յետագայ զարգացումով։ Նախարար Նալբանդեան եւ Նորվեկիոյ նորանշանակ Դեսպանը անդրադարձած են նաեւ տարածաշրջանային ու միջազգային շարք մը խնդիրներու։ Դեսպանը Կնուտ Հոուգը 2001-2004 թուականներուն եղած է Մեծն Պրիտանիոյ եւ Հիւսիսային Իրլանտայի մօտ՝արտակարգ դեսպան եւ լիազոր նախարար,ապա 2005 ին Լեհաստանի մէջ Նորվեկիոյ Դեսպան,իսկ 2009ին՝Ռուսաստանի Դաշնակցութեան մօտ Նորվեկիոյ Դեսպան։

ԵԱՀԿԻ ՄԻՆՍԿԻ ԽՈՒՄԲԻ ՀԱՄԱՆԱԽԱԳԱՀՆԵՐԸ ԿԸ ԾՐԱԳՐԵՆ ԱԴՐԲԵՋԱՆ ԵՒ ՀԱՅԱՍՏԱՆ ԱՅՑԵԼԵԼ ՄԻՆՉԵՒ ՅՈՒՆԻՍ 4-ը։ ԵԱՀԿի Մինսկի խումբի համանախագահները Ադրբեջանի եւ Հայաստանի նախագահներու հերթական հանդիպումը նախապատրաստելու նպատակով ծրագրած են մինչեւ Յունիս 4ը այցելել տարածաշրջան։ Այդ մասին արտայայտուած է Մինսկի խումբի ամերիկացի համանախագահ Մեթիու Պրայզա։ ՝՝Համանախագահները ծրագրած են տարածաշրջան այցելել մինչեւ Յունիս 4-ը՝՝ ըսած է Պրայզա,յոյս յայտնելով որ Յունիսին Սէն Բէթէրսպուրկի տնտեսական համաժողովի շրջանակներու նախագահներու նախատեսուած հանդիպումը կայանայ։

ՀԱՅԱՍՏԱՆ-ՎՐԱՍՏԱՆ։ Հայաստանի Արտաքին Գործոց Նախարարի տեղակալ Շավարշ Քոչարեան այսօր հանդիպած է Վրաստանի արտաքին գործոց նախարարի տեղակալ Դաւիթ Ջալաղանիայի հետ,որը կը գլխաւորէ հայ-վրացական սահմանի սահմանազատման բանակցութիւնները վարելու նպատակով Երեւան ժամանած աշխատանքային խումբը։ Արտաքին Գործոց Նախարարի մամլոյ եւ տեղեկատուութեան վարչութիւնը ողջունելով հիւրը կը յայտնէ նախարարի տեղակալ Շավարշ Քոչարեանի դրական գնահատանքը հայ-վրացական գործոն ու կանոնաւոր քաղաքական երկխօսութիւնը, որը ամուր հիմք կը ծառայէ փոխշահաւետ յարաբերութիւններու խորացման համար։ Փոխնարարարները խօսած են նաեւ երկկողմանի քաղաքական,տնտեսական եւ մշակութային համագործակցութեան յետագայ զարգացման մասին,քննարկելով հայ-վրացական սահմանի սահմանազատման առնչուող հարցեր։

ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԵԱՆ ԹԱՆԳԱՐԱՆԸ-ԵՐԵՒԱՆ։ Թրքական ՝՝ Թարաֆ՝՝ թերթի աշխատակից Թուղպա Թէքէրէք Երեւանէն կը պատմէ Ծիծեռնակաբերդի Ցեղասպանութեան Թանգարանը իր կատարած այցելութիւնը։ Երբ հոն գացի (կը գրէ թուրք լրագրողուհին)ծերունի կին մը թոռանը ձեռքէն բռնած հոնկէ դուրս կուգար։ Այս Թանգարանը կենսական այն կեդրոնն է ուր Հայերը իրենց պատմութիւնը կը փոխանցեն նորերու, եւ ուր բարձր արարողակարգով կ՝այցելեն Հայաստան եկած բոլոր օտար հիւրերը,ուր նանպայման կը հանդիպի նաեւ ամէն զբօսաշրջիկ։ Թանգարանը կը նայի դէպի Արարատ եւ հոն ամէն վայրկեան կարելի է տեսնել այցելուներուն թողած ծաղիկները։ Յօդուածագիրը կը պատմէ թէ ինչեր տեսած է ներսը ու դուրսը,ինչպիսի յիշատակի առարկաներ ցուցադրուած են թանգարանին մէջ,ուր կայ նաեւ Թուրքիոյ քարտէսը որու վրայ ցոյց կը տրուին նախկին հայաբնակ հողամասերը։ Թանգարանի Տնօրէն Հայկ Տէմոյեան կը պատմէ որ տարեկան 850 հազարի բարձրացած է այցելուներուն թիւը ,ասոնց մէջ պարբերաբար թուրքեր ալ կը գտնուին։ ՝՝Սեպտեմբերէն ի վեր եթէ ոչ ամէն օր,գոնէ երկու օրը անգամ մը թուրք այցելուներ ալ ունինք,անոնք խումբերու ձեւով եկած թուրք երիտասարդներ են՝՝ (կ'ըսէ Տէմոյան)։








All the contents on this site are copyrighted ©.