2009-05-24 14:29:45

Մայիս ամիսը մայսեան խոկումներ 24


Մայիս ամիսը մայսեան խոկումներ 24

Ձեզի կը կարդանք սրբազան քահայանապետին յօրինած աղօթքը առ Ս. Կոյս մարիամ Չինաստանի քրիստոնեաներու համար։



Ամենասուրբ կոյս Մարիամ, մայրը մարդացեալ Բանին ու մեր մայրը,

մեծարուած Շեշանի մարեմեան սրբավայրին մէջ որպէս օգնական քրիստոնէից, չինաստանի համայն եկեղեցին մեծ գորովով քեզի կը դիմէ

ու մենք այսօր եկած ենք քու պաշտպանութիւնը հայցելու։

Հայացքդ ուղղէ Աստուծոյ ժողովուրդին

ու առաջնորդէ զայն քու մայրական հոգատարութեամբ

դէպի ճշմարտութիւնն ու սէրը,

որպէսզի ամէն մարզին մէջ. ըլլայ խմորը ներդաշնակ համակեցութեան։

Քու հլու այոյովդ թոյլ տուի որ Աստուածային Բանը մարմին առնէ

քու կուսական արգանդիդ մէջ,

սկիզբ տուիր փրկչագործութեան խորհուրդին իրականացման,

ջերմօրէն մասնակցեցար քու Միածին Որդիիդ չարչարանքերուն։

Այդ պահէն սկսեալ եղար մայրը բոլոր անոնց

որոնք կը հետեւին Յիսուսին` քուր Որդիդ։

Շեշանի Տիրամայր օգնէ բոլոր անոնց

որոնք Չինաստանի մէջ ի գին պէսպէս դժուարութիւններու

կը շարունակեն հաւատալ, յուսալ ու սիրել,

որպէսզի իրենց հաւատքը անսասան մնայ

ու շարունակեն անվեհեր ճանչցնել Յիսուսը աշխարհին։

Ըրէ` որ Չինաստանի քրիստոնեաները ըլլան հաւատքի վկաները Քրիստոսի սիրոյն ու կարճած մնան ս. Պետրոսի Աթոռին։

Տիրամայր Չինաստանի եւ Ասիոյ աղօթէ մեզի համար այժմ եւ միշտ։ ամէն։








All the contents on this site are copyrighted ©.