2009-05-24 14:28:46

Լուրեր հայկական կեանքէն


Լուրեր հայկական կեանքէն

Վիւիըն Քէշիշի Եւ Ժաք Փայասլեանի Ֆիլմերը՝ «FilmFest 43»ի Մրցանակակիրներ

 Կլէնտէյլի «Ալեքս» թատրոնի դահլիճին մէջ, 15 Մայիս 2009-ին կայացաւ «FilmFest 43» ամենամեայ երկրորդ կինոփառատօնը ուր ցուցադրուած էին հայ բեմադրիչներու եօթը ֆիլմեր ու մրցանակներու արժանացան Վիւիըն Քէշիշի ու Ժաք Փայասլեանի արտադրած «Sounds of Silence» եւ «Daft Punk- Robot Rock» ֆիլմերը:

 Փառատօնին, որը կազմակերպուած էր Քալիֆորնիոյ նահանգային խորհրդարանի 43-րդ ընտրաշրջանի ներկայացուցիչ Փօլ Գրիգորեանի նախաձեռնութեամբ, ներկայացուած 92 կարճամետրաժ ֆիլմերէն ցուցադրուեցան 17 լաւագոյնները: Սոյն ֆիլմերը, ըստ բովանդակութեամբ, կը դասուէին 5 կարգերու մէջ՝ անիմացիայ, պատմողական, փորձառական, վաւերագրական եւ երաժշտական ֆիլմ :

 Լաւագոյններու շարքերուն ցուցադրուեցան վեց հայ ֆիլմարտադրողներու նկարահանած 7 կինոնկարները:

Մասիս Ղազարեանի «A-Punk-Vampire Weekend» ֆիլմը, Ժաք Փայասլեանի «Daft Punk- Robot Rock» ֆիլմը, Արիան Տաւուտեանի բեմադրութեամբ եւ Արման Յովսէփեանի արտադրութեամբ նկարահանուած «The Mind At Night»ը,

Մայքըլ Ալոյեանի «Dear Diary», «Sicilian» եւ «Surreal» ֆիլմերը, ու Վիւիըն Քէշիշի արտադրած «Sounds of Silence»ը։

Փառատօնի աւարտին, լաւագոյն ֆիլմերը, ըստ իրաւարար կազմին, շահեցին մրցանակներ՝ հետեւեալ կարգով.

Լաւագոյն անիմացիոն ֆիլմ՝ Ժաք Փայասլեանի արտադրած «Daft Punk- Robot Rock»ը.

Լաւագոյն պատմողական ֆիլմ՝ Վիւիըն Քէշիշի արտադրած «Sounds of Silence»ը.

Լաւագոյն փորձարական ֆիլմ՝ «Music Trash»ը.

Լաւագոյն երաժշտական ֆիլմ՝ «Can’t change me»ն.

Լաւագոյն վաւերագրական ֆիլմ՝ «Behind the mask»ը.

Իսկ փառատօնի լաւագոյն գործը դասուեցաւ Վիւիըն Քէշիշի «Sounds of Silence»ը:

Կամար գրականութեան եւ գեղարուեստի անկախ պարբերաթերթի խմբագրատան բացումը։

Հինգշաբթի, 21 մայիս 2009-ին տեղի ունեցաւ Կամար գրականութեան եւ գեղարուեստի անկախ պարբերաթերթի խմբագրատան բացումը։

Ըստ ՜՜Կամարի՝՝ խմբագրապետ Ժիրայր Դանիէլեանի, նորաբաց սրահը ժամանակի ընթացքին պիտի ընդունի ընթերցասէր բարեկամներ եւ սրահին մէջ տեղի պիտի ունենան յաճախակի հանդիպումներ՝ մշակութային, գրական եւ գեղարուեստական այլազան նիւթերու շուրջ, եւ հոն պիտի հիւրընկալուին նաեւ արտասահմանէն եկող մշակոյթի գործիչներ։ Կամարը ցարդ 7 թիւ հրատարակած է՝ տարեկան 3 թիւի սահմաններու մէջ, եւ կանոնաւորուած է անոր հրատարակութիւնը։ Պարբերաթերթը լոյս կը տեսնէ 112 էջով, գունազարդ եւ գեղատիպ, 25-35 աշխատակիցներու յօդուածներով։

Անդրադառնալով Կամարի անկախ պարբերաթերթ ըլլալու հանգամանքին՝ Ժիրայր Դանիէլեան բացատրած է, թէ պարբերաթերթի գրեթէ բոլոր անդամները պատկանելիութիւն ունին, սակայն պարբերաթերթը ինքը անկախ է եւ ոչ մէկ արգելք կայ, որ իւրաքանչիւր խմբագիր կամ յօդուածագիր պատկանելիութիւն մը ունենայ։ Կամարի բովանդակութիւնը ցայսօր կու գայ ապացուցելու, որ իրապէս բոլորին տունն է ան, շեշտած է Դանիէլեան՝ աւելցնելով, որ պարբերաթերթին շուրջ կայ համախմբում մը, զոր հետզհետէ պիտի ջանան ուռճացնել, եւ սրահը դարձնել իրապէս հայկական տուն մը։ Կամար պարբերաթերթը կը վայելէ նիւթաբարոյական աջակցութիւնը Գալուստ Կիւլպենկեան հիմնարկութեան հայկական բաժանմունքին։

Միացեալ Նահանգներու Արեւելեան թեմի առաջնորդական փոխանորդ Անուշաւան եպս Դանիէլեան ըսած է որ՝ մեր ժողովուրդը որոշ վայրէջք մը կապրի գրական մարզին մէջ եւ մամուլը կու գայ հաստատելու, որ վայրէջքը սկսած է դառնալ սլացում, Կամարը կու գայ ապացուցելու, որ լիբանանահայութիւնը կը մնայ այն գաղութը, որ կրնայ արտադրել եւ իր շուրջ համախմբել մտաւորականներ։ Նշենք որ Գ Կիւլպենկեան հաստատութիւնն է որ զօրավիգ կը կանգնի նման հրատարակութիւններուն։

 








All the contents on this site are copyrighted ©.