2009-05-23 13:45:13

Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետին առաքելական այցելութիւնը Գասինօ շրջանը եւ Մոնթեգասինօ աբբայարանը


Մոնթեգասսինօ թեմը կը պատրաստուի Կիրակի օրը, ընդունելու՝ Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետին առաքելական այցելութիւնը։

Կազմակերպիչներուն համաձայն, ասիկա առաջին անգամն է որ Սրբզ. Հայրը բացօդեայ պատարագ կը մատուցէ քաղաքին կեդրոնը։ Գասինոյի քաղաքապետարանը այս առթիւ կեդրոնին կոչեց ՜՜Պենետիկտոս ԺԶ՝՝ի անունով։ Այդ ուղղութեամբ՝ քաղաքապետը Պրունօ Շիթարելլի ըսաւ. ՜՜Գասինօ քաղաքը եւ անոր բնակիչները եռանդով կը սպասեն Քահանայապետին գալուստը։ Առաջին անգամն է որ Հռոմի Պապը կը պատարագէ քաղաքին կեդրոնը եւ ասիկա մեզի համար բացառիկ բան է, մենք շատ գոհ ենք Սրբազան Քահանայապետին իր այս հոգատարութեան համար եւ իբր երախտագիտութիւն ուզեցինք կեդոնը իր անունով կոչել։ Նաեւ շատ գոհ ենք որ Հռոմի Պապը ուզեց կոչուիլ մեր պատրիարքին անունով։ Բնակիչները մեծ տօն կ՝ուզեն սարքել Նորին Սրբութեան ի պատիւ եւ իր այս այցելութեան առթիւ ան բացումը պիտի կատարէ ՝՝եղբայրօգնութեան տուն՝՝ կեդրոնին. ասիկա նոր հորիզոն մը պիտի հանդիսանայ ապագային համար։



Ապա յետմիջօրէին Նորին Սրբութիւնը կ՝այցելէ պենետիկտեան աբբայարան։ Քահանայապետին ՜՜Պենետիկտոս՝՝ անուան աբբայարան այցը մեծապէս խանդավառած է աշխարհի պենետիկտեան կրօնաւորներն ու կրօնաւորուհիները։

Արդարեւ այս աբբայարանը եղաւ օրրանը արեւմտեան վանականութեան ու արմատը եւրոպական քաղաքակրթութեան։ Մոնթեգասսինօ աբբայարանը նաեւ վայրն է երկրորդ աշխարհամարտի զինուորներու գերեզմանին։ Ասոր համար Նորին Սրբութիւնը բաղձանք յայտնեց այցելել ինկած զինուորի մը գերեզմանին առջեւ աղօթել, բոլոր ՜՜պատերազմներու զոհ՝՝ զինուրներուն համար, որպէս նշան հաշտութեան ու յիշատակումի։



Գալով ՜՜պենետիկտեան Աբբայարանի՝՝ այցելութեան, յայտնենք թէ Նորին Սրբութիւնը որպէս կարտինալ միշտ խօսած է Ս. Պենետիկտոսի գործին այժմէականութեան մասին։ Անոր շնորհիւ՝ գոյութիւն ունի ներկայ Եւրոպան։ Պենետիկտեան հոգեւորութիւնը կարելի է համառօտել հետեւեալ երկու բառերով.՝՝աղօթէ եւ աշխատէ՝՝։ Այս երկու բառերը կ՝ամփոփեն մարդու ամբողջականութիւնը եւ ունի որպէս մեկնակէտ ՜՜Գաղկեդոնի Տիեզերական Ժողովը՝՝, ուր՝ խօսելով Քրիստոսի անձին մասին, ընդգծուեցաւ թէ Քրիստոս կատարեալ Աստուած է եւ կատարեալ մարդ. ասոր համեմատութեամբ մարդը ամողջութեամբ աստուածային եւ ամբողջութեամբ մարդկային ծաւալ ունի։ Ահա ինչ որ ի յայտ կու գայ Ս. Պենետիկտոսի կանոնագիրքին մէջ։








All the contents on this site are copyrighted ©.