2009-05-23 14:03:15

Մայիս ամսուայ մարեմեան խոկումներ


Մայիս ամսուայ մարեմեան խոկումներ

Երկինք երկիր կը հիանան

Գեղեցկութեանդ վրան

Ով դիւթիչ ծիածան

Աստղ առաւօտեան



Քու փառքերդ կը պատմեն

Հրեշտակներն ամէն

Արշալոյս լուսագեղ

Կոյս ամենագեղ



Իմաստութիւնն յաւերժական

Յաւիտենից տուաւ հրաման

Որ ծոցիդ մէջ շուշան

Մարմին առնու Բանն,



Այն որուն ակնարկին

Աստղերն երկինքին

Ցրուեցան զերդ փոշի

Խորքերն անհունի



Այն որ ձայնովն իր աննկուն

Փոթորիկները ծովուն

Բարկութիւնն հովերուն

Ընդհուպ ըրաւ լուռ



Եւ մահուան ահաւոր

Դարձուց ձեռքն անզօր

Շղթաները մեղքին

խորտակեց ուժգին



Քու Կոյս հոգեւոյդ մէջ չէ սփռեր

Մեղքը երբեք իր ըստուեր

եւ յանցանքն ոճրային

Մեր հօր Ադամին



Չէ դրեր քու վրադ

Ոչ մէկ բիծ արատ

Ով Կոյս, մեզ ալ պահէ

Ամէն արատէ








All the contents on this site are copyrighted ©.