2009-05-22 14:16:14

Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետին գործունէութիւնը


Ուրբաթ 22 Մայիս 2009, Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը յաջորդաբար ընդունեց

Պուլկարիոյ նախագահը՝ Տիար Պարվանով, անոր կողակիցը եւ իրեն ընկերացող շքախումբը եւ Մակեդոնիայի նախագահը Տիար Իվանով , անոր կողակիցը եւ իրեն ընկերացող շքախումբը։

Ապա կարտինալ Խուան Լուիս Թորն`առաջնորդը Փեռուի Լիմա թեմի եւ Փերուի այլ թեմերու առաջնորդները, որոնք կանոնական այցելութիւն կը կատարեն Ս. Պետրոսի յաջորդին։

Յետմիջօրէին Նորին Սրբութիւնը ընդունեց կարտինալ Ուլիամ Լեվատան կառավարիչը հաւատոյ ժողովի։



Հիւսիսային Իրլանտայի պետական քարտուղարը Տիար Շոն Ուտուորտ կր հրաւիրէ Հռոմի Պապը Անգլիան այցելելու ։

Անցեալ Չորեքշաբթի օրը, ընդհանուր ունկնդրութեան աւարտին Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը հանդիպում ունեցաւ Հիւսիսային Իրլանտայի Պետական Քարտուղար՝ Տիար Շոն Ուտուորտի հետ։ Իրլանտայի Պետական Քարտուղարը այս առթիւ կրկին հրաւիրեց Հռոմի Պապը այցելելու Անգլիան։ ՜՜Ձեր այցելութիւնը մեր մէջ, ըսաւ ան, պատասխան մը պիտի հանդիսանայ աշխարհի բոլոր ընդհարումներուն, անիկա նշան պիտի ըլլայ թէ՝ խաղաղութիւնը իրապէս կարելի է։ Քահանայապետը յոյժ կարեւոր դեր ունի յոյս ներշնչելու աշխարհին եւ մասնաւորապէս նոր սերունդին։ Սրբազան Քահանայապետին այցելութիւնը նաեւ խթան մըն է հասկացողութեան բողոքականներու ու կաթողիկէներու միջեւ՝՝։ Յայտնենք թէ անցեալ Փետրուար 19ին Նորին Սրբութիւնը Վատիկան ընդունած էր Անգլիոյ նախարարապետ՝ Գորտոն Պրաունը, որ ինք եւս իր կարգին հրաւիրած էր Սրբազան Քահանայապետը Անգլիան այցելելու։ Դէտերու գնահատումով այդ այցելութիւնը կրնայ իրականանալ Աստուծոյ ծառայ կարտինալ Նիւմանի երանացման առթիւ։



Վատիկանեան տեղեկութիւններ` Յորդանանի մայրաքաղաքին մէջ վերջ գտաւ միջկրօնական հանդիպումը քրիստոնեաներու ու մահմետականներու միջեւ. ՜՜կրօնքը պէտք է, երկխօսութեան դաստիարակելու հաւատացեալը՝՝։



՝՝կրօները կարող են դրականօրէն նպաստել ընկերային համակեցութեան, արժէքաւորելով փոխադարձ յարգանքը ու երկխօսութեան մշակոյթը՝՝, կը կարդանք Ամման լոյս տեսած՝ պատգամին մէջ, յետ քրիստոնեայ իսլամ միջկրօնական ժողովին, որ գումարուեցաւ Ամմանի միջկրօնական ուսմանց թագաւորական հաստատութեան մէջ։ Քրիստոնեա-իսլամ ներկայացուցիչները, որոնք մասնակցեցան եռօրեայ խորհրդաժողովին, ընդգծեցին քաղաքացիական ընկերութեան կարեւոր դերը նպաստելու՝ ՜՜անհատներու ու համայնքներու զարգացման՝՝։ Ժողովականներու գնահատումով՝ քաղաքացիութեան լի իրաւ ճանաչումը հիմը կը կազմէ խաղաղ համակեցութեան։ Յայտնենք թէ Ամմանի ժողովին մասնակցեցաւ կարտինալ Ժան Լու Թոռան` նախագահը միջկրօնական քահանայապետական խորհուրդին։ Քրիստոնեաներու ու մահմետականներու միջեւ միջկրօնական յառաջիկայ հանդիպումը տեղի պիտի ունենայ Հռոմ երկու տարի ետք։








All the contents on this site are copyrighted ©.