2009-05-22 14:18:08

Մայիս ամսուայ մարեմեան խոկումներ


Մայիս ամսուայ մարեմեան խոկումներ



Երբ կը կրկնեմ անունդ ով Մարիամ

Սիրտս յոյզերով կը լեցուի

Կ՝ուզեմ երգել ես անդադար

Սէրդ ու գորովդ մայրենի։



Օրհնեալ ըլլայ ա մէնուրեք

Անունդ ով Մարիամ աննման

Դուն կորովն ես իմ քեանքիս հէք

Լոյսն ու ժպիտը մահուան։



Երբ կը կրկնեմ անունդ ով Մարիամ

կամքս նոր ոյժ կը զգենու.

Կը դիւրանայ ամէն պայքար

կ՝իյնան խութերը հուժկու



Երբ կը կրկնեմ անունդ ով Մարիամ

Կը մոռնամ ցաւը կեանքի

Հոգ չէ խոցեն զիս անհամար

Փուշերը սուր ու վայրի



Երբ կը կրկնեմ անունդ ով Մարիամ

Անունդ անուշ մայրենի

Պիտի կրկնեմ ես յարաժամ

Թէ հոս թէ տունն հայրենի։








All the contents on this site are copyrighted ©.