2009-05-22 13:29:55

Ակնարկ Մը Ազգային Ու Միջազգային Դէպքերուն։


Ակնարկ Մը Ազգային Ու Միջազգային Դէպքերուն։



ՊՐԻՒՔՍԵԼԻ ՄԷՋ ՆԱԼԲԱՆԴԵԱՆ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ ՈՒՆԵՑԱՒ ՄԻՆՍՔԻ ԽՄԲԱԿԻ ՖՐԱՆՍԱՑԻ ՆԱԽԱԳԱՀԻՆ ՀԵՏ։ Աշխատանքային այցելութեամբ Պրիւքսել գտնուող Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեան 20 մայիսին հանդիպում ունեցաւ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի ֆրանսացի համանախագահ Պեռնար Ֆասիէի հետ։ Հանդիպման ընթացքին զրուցակիցները քննարկեցին Արցախեան տագնապի լուծման բանակցային գործընթացը։ Պ. Ֆասիէ Նալբանդեանին ներկայացուց Պաքուի մէջ ունեցած իր հանդիպումներուն արդիւնքները։

ԵՐԵՒԱՆ։ Երեւանի Աւագանիի ընտրութիւններուն մասնակցելու իրաւունք ունին՝ ՀՀ 771 հազար 353 քաղաքացիներ Երեւանի աւագանիի Մայիս 31-ին կայանալիք ընտրութիւններուն ։Մայրաքաղաքին մէջ կազմուած են 13 ընտրատարածքներ եւ 439 ընտրատեղամասեր։ Այս տեղամասերուն մէջ արդէն փակցուած են ընտրելու իրաւունք ունեցող անձերու անունները։ Ինչպէս երէկ երեկոյեան հրաւիրուած մամլոյ ասուլիսի ընթացքին տեղեկացուցած է ՀՀ ոստիկանութեան անձնագրային եւ վիզաներու վարչութեան պետ, ոստիկանութեան փոխ գնդապետ Նորայր Մուրադխանեանը։Ընտրողներու ցուցակները վերջին անգամ հիմնովին ճշգրտուած են Ապրիլ 20-ին եւ տրամադրուած Կեդրոնական Ընտրական Յանձնաժողովին, ապա անոնք տեղադըրւած են ԿԸՅ-ի կայքէջին մէջ։ Ըստ այդմ ալ ներկայիս Երեւանի աւագանիի ընտրութիւններուն մասնակցելու իրաւունք ունին քաղաքին մէջ հաշուագռուած ՀՀ 771 հազար 353 քաղաքացիներ։ Միւս կողմէ կը կատարուին ամէնօրեայ աշխատանքներ ցուցակները վերջնականապէս ճշդելու համար։ Օրէնսդրութեան համաձայն հաշւագռում չունեցող անձեր իրաւունք չունին մասնակցելու երեւանեան ընտրութիւններուն, ինչպէս նախագահական եւ խորհրդարանական ընտրութիւններու ժամանակ( ըսած է Նորայր Մուրադխանեանը)։ Ան տեղեկացուցած է նաեւ, թէ տարին երկու անգամ ոստիկանութիւնը ԿԸՅ-ին կը տրամադրէ ՀՀի մէջ ընտրելու իրաւունք ունեցող անձերու ցուցակները։

ՍՈՂՈՄՈՆ ԹԵՀԼԻՐԵԱՆ։Հայ ժողովուրդի արդարադատ բազուկը Սողոմոն Թեհլիրեան 49 տարի առաջ Մայիս 23ին հեռաւոր Մ.Նահանգներու արեւմտեան ափին, Սան Ֆրանսիսքոյի մէջ, մահկանացու այս կեանքէն բաժնուելով՝ յաւիտենական իր անդորրը կը գտնէր անմահութեան պատուանդանին բարձրանալով։ Քալիֆորնիոյ հայութիւնը Ազգային Հերոսի արժանի փառաշուք յուղարկաւորութեան արժանացուցած է Թեհլիրեանը, որ թաղուեցաւ Ֆրեզնոյի Արարատ Գերեզմանատան ճիշդ այն Գերեզմանին մէջ, որ 1927ին պիտի յատկացուէր Անդրանիկի, բայց որ՝ Տարօնի Արծիւին Փարիզի հռչակաւոր Փէր Լաշէզ թաղումովը, թափուր մնացած էր...

Պոլսոյ «ԺԱՄԱՆԱԿ» Օրաթերթի 100ամեակի Տօնակատարութիւնը'ՊԸՐՊԷՆՔ։

Հովանաւորութեամբ Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւմտեան թեմի առաջնորդ Յովնան արք. Տէրտէրեանի եւ կազմակերպութեամբ Լոս Անճելըսի Պոլսահայ միութեան Մշակութային յանձնախումբին, Չորեքշաբթի, 20 Մայիսին, երեկոյեան ժամը 8ին, Պըրպէնքի առաջնորդարանին մէջ տեղի ունեցած է Պոլսոյ «Ժամանակ» օրաթերթի հիմնադրութեան 100 ամեակին նուիրուած տօնակատարութիւնը, յատուկ ու պատշաճ յայտագիրով մը: Ձեռնարկին ներկայ եղած են նախկին ու ներկայ առաջնորդ սրբազանները եւ «Ժամանակ» թերթի հիմնադիր Սարգիս Գոչունեանի դուստրը՝ 93ամեայ Ալին Գոչունեանը ,ու թերթի ներկայի երիտասարդ խմբագիրը Արա Գոչունեանը: Ներկայ եղած են նաեւ հոգեւորական դասն ու Լոս Անճելըսի հայ մամուլէն՝ «Ասպարէզ»ի, «Նոր Օր»ի եւ «Մասիս»ի ներկայացուցիչները, ինչպէս նաեւ Լոս Անճելըսի Պոլսահայ միութեան անդամներն ու մշակութասէր հասարակութիւն: Ձեռնարկը հանդիսավարած է տոքթ. Յովհաննէս Գուլակ Աւետիքեան: Լոս Անճելըսի Պոլսահայ միութեան վարչութեան անունով սրտի խօսք յայտնած ատենապետ Սիմոն Աճիլաճօղլուն: Աւարտին, խօսք առած է «Ժամանակ» թերթի ներկայ երիտասարդ խմբագիր Արա Գոչունեանը, որ շնորհակալութեան եւ երախտագիտական խօսքերուն ընդմէջէն, երեկոն որակած է ՝՝իբրեւ հայ մամուլի տօն ու նաեւ վեր առած սփիւռքահայ մամուլի դերակատարութիւնը հայ ազգային կեանքէն ներս՝՝:Խօսք առած է նաեւ առաջնորդ սրբազան հայրը մեծապէս գնահատելով պոլսահայ մամուլի երիտասարդ խմբագիրին կորովն ու համարձակութիւնը, քաջութիւնն ու յանձնառութիւնը:Հրապարակային այս ձեռնարկը ունեցած է նաեւ գեղարուսետական պատշաճ յայտագիր,որու աւարտին տեղի ունեցած է հիւրասիրութիւն եւ ապա առիթ տրուած՝ ներկաներուն աւելի մօտէն ծանօթանալու հիւր խմբագիրին։








All the contents on this site are copyrighted ©.